Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, դարձեալ կայացաւ «Յակոբ Պօղոսեանի անուան կրթաթոշակ» շարադրութիւններու ամէնամեայ մրցոյթը՝ նուիրուած հայ ականաւոր լրագրող, հրապարակախօս, քաղաքական մեկնաբան, թարգմանիչ Յակոբ Պօղոսեանի յիշատակին:

Յակոբ Պօղոսեան ծնած է Լիբանան 1936ին: Յաճախած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ աւարտած է Լոնտոնի համալսարանի միջազգային լրագրութեան բաժնի դասընթացքները: Դաստիարակուած է հայկական ոգիով, հայրենասիրութեամբ ու սիրով դէպի ազգային մշակոյթն ու լեզուն: Կանուխ հասակէն գիտակցած է հայու ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ ուսանողական տարիներէն ի վեր բեղուն, ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալել լիբանանահայ համայնքի հասարակական կեանքին մէջ: Աշխատած է «Յառաջ», «Յառաջ Գրական», «Զարթօնք» թերթերուն մէջ: 1989ին ընտանիքով տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ եւ շուտով ստանձնած Քալիֆորնիայի «Նոր Օր» թերթի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը: Եղած է նաեւ ՀԲԸՄ Քալիֆորնիայի յանձնաժողովի վարիչ-քարտուղարը։ Արժանացած է ԹՄՄ «Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեան» մամլոյ մրցանակին: Կեանքէն հեռացած է 2001 թուականին :

Շարադրութիւններու մրցոյթը, զոր նախաձեռնած եւ 2002ին. սկսած իրականացուցած է Յակոբ Պօղոսեանի այրին՝ ԱՄՆ բնակող Անի Պօղոսեանը, նպատակ ունի նպաստելու աշակերտներու յառաջադիմութեան, խրախուսելու հայոց լեզուի իմացութիւնն ու ստեղծագործական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ առողջ մրցակցութեան պարագաներուն հնարաւորութիւն տալու պատանիներուն դրսեւորել իրենց գիտելիքները:

Երեւանի Վ. Թէքէեանի անուան թիւ 92 դպրոցին մէջ՝ Յակոբ Պօղոսեանի անունը կրող լսարանին մէջ, կայացաւ ամէնամեայ ձեռնարկի արդիւնքներուն ամփոփումը: Մրցոյթը կայացած էր 8 Հոկտեմբերին 2017ին Թէքէեան Կեդրոնին մէջ: Այս տարուան ստեղծագործական շարադրութիւններու թեմաներն էին՝ «Խաղաղ երկինք» եւ «Երազի թեւերով»: Մրցոյթի մասնակիցներն էին դպրոցի 8-րդ դասարանի աշակերտները: Բոլորն ալ արժանացան խրախուսական մրցանակներու՝ Յակոբ Պօղոսեանի անուան կրթաթոշակին:






