Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԷ – Հանճարեղ Ժողովուրդի Զաւակ Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարան

*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

ԴԱՐՁԵԱԼ ԺՈՂՈՎՐԴԻՍ 
Ելնեմ, գնամ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, 
Հեռուի’ց նայեմ ու կարօտեմ, 
Հեռու հեռւում ինքս նորի’ց 
Քեզ արարեմ ու կարօտեմ: 
Շեն ու շքեղ աշխարհներում 
Դէմս ելնես՝ խեղճ ու մաքուր, 
Ետ գամ խոնարհ ու ծունկի՜ գամ 
Ժայռերիդ դէմ ու կարօտեմ:

Սիլվա Կապուտիկեան

Շատ տասնամեակներ անցած են այն ժամանակէն, երբ հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ շողաց նոր, առաքինող ասուպ մը` Սիլվա Կապուտիկեան: Երկար ժամանակ այդ անունը եղած է եւ այսօր ալ կը մնայ հայրենի գրականութեան եւ ընդհանրապէս մեր ազգային գիտակցութեան կեդրոնը , ունի ներգործութեան տիրական ուժ: Ս. Կապուտիկեանի սիրային բանաստեղծութիւնները հիւսուած են նուիրումի եւ հաւատարմութեան, բայց նաեւ արժանապատուութեան ու հպարտութեան բազմաշերտ զգացումներէն: Այդ բանաստեղծութիւններէն շատերը լիակատար իրաւունքով կրնան պատուաւոր տեղ գրաւել միջազգային սիրային բանաստեղծութեան ընտիր հաւաքածոներու մէջ: Կապուտիկեանը տեսաւ 90-ական թուականներու Հայաստանը` արցախեան շարժման հետ կապուած ազգային մեծ զարթօնքով եւ ծանր փորձութիւններով, քաղաքական եւ բնական ցնցումներէն յառաջացած անթիւ աւերածութիւններով: Այս շրջանին եւս ինք եղաւ մեր ազգային-հասարակական կեանքի գործօն մասնակիցը:  Ան միշտ եղած է ե՛ւ նախորդ ե՛ւ ներկայ իշխանութիւններու ազնիւ ընդդիմախօսի դերին մէջ` իր կոչումը տեսնելով ազգային շահերուն ու արդարութեան հակասող ամէն մէկ շեղում ուղղամտօրէն մատնանշելու եւ զգուշացնելու մէջ:

Բանաստեղծուհին մահացած է 2006 թ. Օգոստոս 25-ին: Գերեզմանը կը գտնուի Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնը, ուր ամէն տարի Սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը կը կազմակերպուի իր անուան բանաստեղծութեան օր: 2009 թ. Յունուար 20-ին, ՍիլվաԿապուտիկեանի ծննդեան 90-ամեակի  առիթով ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ անոր ապրած տունը վերածուեցաւ տուն-թանգարանի, որ հիմնադրուած է եւ կահաւորուած  2003 թուականին՝ Սիլվա Կապուտիկեանի կտակի համաձայն: Սիլվա Կապուտիկեանը իր կտակով պահանջած է, որ բնակարանի ընդունարանը, ննջարան-աշխատասենեակը եւ հիւրասենեակը մնան նոյնութեամբ՝ ոչ մէկ բան աւելցնելով կամ պակսեցնելով։ Բանաստեղծուհին իր ձեռքով կահաւորած, տեղադրած է ցուցանմոյշները ու տուած անոնց բացատրութիւնները։ Տուն-թանգարանի ձեւաւորման ժամանակ անհրաժեշտութենէ մղուելով՝ 2008 թուականին ամրան ցուցասրահի վերածուած է 13 մ երկարութեամբ տնտեսական պատշգամը, ուր այժմ կը ցուցադրուի Կապուտիկեանի հարուստ արխիւի մէկ մասը։   Տուն-թանգարանը կը հանդիսանայ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի մասնաճիւղերէն մէկը:

<<Զարթօնքի>> պտոյտները կը շարունակուին  այս շաբաթ մեզի տանելով Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարան: Մեր զրուցակիցն է թանգարանի վարիչ Արմէնուհի Դեմիրճեանը:

«Զ.»- Տիկին Արմէնուհի կ’ըսէ՞ք՝ ե՞րբ եւ ինչի՞ հիման վրայ  բացուած է տուն-թանգարանը:

«Ա.Դ.» – Սիլվա Կապուտիկեանը 30 տարի` իր կեանքի վերջին շրջանին ապրած է այս տունը, ուստի մեզի համար յուշային մասը շատ արժէքաւոր է: Բանաստեղծուհին մահացած է 2006 թուականին, բայց դեռ 2003 թուականէն արդէն սկսաւ մտմտալ տունը թանգարանի վերածելու մասին: Այդ ժամանակ հրաւիրուեցան իրաւաբաններ, գրուեցաւ կտակ, կազմուեցաւ որոշակի ցանկ, բանաստեղծուհին  իր ձեռքով դասաւորեց երեք հատուած: Ան գրեց, որ « Կը խնդրեմ բամ մը չտեղաշարժէք, ինչպէս փակցուցած եմ այդպէս ալ թող մնայ: Կապուտիկեանը թանգարանի բոլոր պատերուն մօտ հերթով կանգնած եւ նկարուած է, ունիք նաեւ չորս ժամնոց տեսաժապաւէն, որ կը պատմէ թանգարանի իւրաքանչիւրի մասին եւ անոր պատմութիւնը:  Մէկ խօսքով բանաստեղծուհիի մահէն ետք աստիճանաբար սկսաւ տունը թանգարանի վերածելու գործունէութիւնը եւ անոր մօրաքրոջ աղջիկը տիկին Ռաֆլետա Հաճեանը նշանակուեցաւ՝ որպէս թանգարանի տնօրէն, որուն շնորհիւ 2008 թուականէն ուսումնասիրուեցաւ Կապուտիկեանի ամբողջ արխիւը եւ 2009 թուականի Յունուարի 20-ին բանաստեղծուհիի ծննդեան 90-ամեակի կապակցութեամբ ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ  այս  տան մէջ բացուեցաւ բանաստեղծուհիի տուն-թանգարանը։

«Զ.» – Ի՞նչպէս կ’իրականացուի ցուցադրութիւնը, քանի՞ ցուցասրահ ունի թանգարանը:

«Ա.Դ.» – Սիլվա Կապուտիկեանը իր կտակով պահանջած է, որ  բնակարանի  ընդունարանը, ննջարան-աշխատասենեակը եւ հիւրասենեակը մնան նոյնութեամբ` ոչ մէկ աւելցնելով կամ պակսեցնելով: Յիշեալ տարածքը բանաստեղծուհին իր ձեռքով  կահաւորած, տեղադրած է ցուցանմոյշները ու տուած անոնց բացատրությունները: Տուն-թանգարանի ձեւաւորման ժամանակ անհրաժեշտութենէ  մղուելով` 2008 թ. ամրանը ցուցասրահի վերածուած է 13 մ երկարութեամբ տնտեսական պատշգամը, ուր այժմ  կը ցուցադրուի Կապուտիկեանի հարուստ արխիւի մէկ մասը: Ցուցասրահի  1-ին հատուածին մէջ ներկայացուած են Վանէն բերուած մասունքներ, որոնց մեջ կ’առանձնանան կաւամանը, մետաղեայ տաշտը, որուն մէջ լողացած է ե՛ւ նորածին բանաստեղծուհին ե՛ւ իր որդին` Արա Շիրազը, Նոյեմզար մեծ մօրը գործած գորգն ու գունագեղ գուլպաները, իր իսկ ձեռքով կարուած թաւշէ վերարկուն եւ այլն: Ցուցադրուած են նաեւ կարի մեքենան, որով իր  գծագրած  հագուստները երիտասարդ հասակին կարած է Կապուտիկեանը եւ Ամիրեան 20 հասցէի այն տան մանրակերտը, ուր 1919 թ. ծնած ու մինչեւ 1954 թ. ապրած  է բանաստեղծուհին: Առաջին ցուցափեղկերուն բանաստեղծուհիի առօրեայ օգտագործման իրերն են` ձեռքի ժամացոյց, պայուսակ, թաշկինակ, հովհար, յարդարանքի պարագաներ…2-րդ ցուցափեղկերուն դրուած են այն նուէրներէն, որոնք  Կապուտիկեանը ստացած է անուանի մարդոցմէ:  Թանկագին նմոյշներէն  է, յատկապէս Սիամանթոյի գրիչը, որ 1963 թ.  Փարիզի մէջ Կապուտիկեանին  նուիրած է բանաստեղծի քոյրը: 3-րդ ցուցափեղկերուն  Կապուտիկեանի պարգեւներն են` “Պատուոյ նշան”, Ժողովուրդներու բարեկամութեան, Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան, “Մայրական երախտագիտութիւն”  եւ այլ շքանշաններ ու մետալներ: Ցուցադրութիւնը կ’աւարտի Աւ. Իսահակեանի, Վազգէն Ա վեհափառի, Պ. Սեւակի, Բ. Ախմադուլինայի, Գառզուի եւ այլոց  յուշանուէրներով: Սրահին առանձնակի շուք կու տայ Կապուտիկեանի որդիին` անուանի քանդակագործ, ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Արա Շիրազի կերտած գաճէ կիսանդրին, որու պղնձաձոյլը դրուած է Պանթէոնին մէջ:

 

«Զ.» -Հրատարակչական ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղի թանգարանը:

«Ա.Դ.» – Տուն-թանգարանի միւս կարեւոր գործառոյթը Կապուտիկեանի գրական ժառանգութեան վերահրատարակումն  է, փոխանցումը սերունդներուն: Այս առումով թանգարանը չի սահմանափակուիր միայն այցելուներու ընդունելութեամբ: Մշտապէս կը կազմակերպուին հանդիսութիւններ, գրական հանդիպումներ, որոնց ժամանակ կ’իրականացուին ցուցադրութիւններ եւ բանախօսութիւններ: Լաւագոյն հանդիպումներէն եղած են “Մայրութեան թեման Կապուտիկեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ”, “Կապուտիկեանի սիրոյ բանաստեղծութիւնները”, “Երեք Կապուտիկեաններ. հայրը, հօրեղբայրը եւ բանաստեղծուհին”, “Կապուտիկեանը եւ Արցախեան շարժումը”. “Կապուտիկեանը` մանկագիր”՚, “Ոչ միայն բանաստեղծուհի” եւ այլ խորագիրներով  միջոցառումները: Թանգարանի հիմնական այցելուները դպրոցականներն են, մտաւորականները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքացիները, նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկները: “Ս. Կապուտիկեան” գրական հիմնադրամի եւ թանգարանի համատեղ աշխատանքով ստեղծուած են զանազան ալպոմներ, տեսաֆիլմեր, ձայներիզներ, հրատարակուած են բանաստեղծութիւններու քառահատորեակը, ժամանակակիցներու յուշերու գիրքը, բանաստեղծուհիի խօսքերով գրուած երգերու ձայներիզներ եւ այլն: Իմ խմբագրութեամբս 2010 թուականին լոյս տեսած է Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններու քառահատորեակը` «Հայերգութիւն», «Սիրերգութիւն», «Անանձնական», «Ձօներգեր եւ տագնապներ» գիրքերով: Իսկ 2012 թուականին  լոյս տեսաւ <<Ս. Կապուտիկեան>> <<Կապուտիկեանի հետքերով>> գրքոյկը, որ  կը ներկայացնէ բանաստեղծուհիի` 1990 թուականին  դէպի Գերմանիա եւ Աւստրիա կատարած ուղեւորութիւններու <<հետագիծը>>` 21 տարի անց դէպի նոյն երկիրներու հայ համայնք կատարուած այցի տպաւորութեամբ:  2013 թուականին ալ նորովի նկարազարդմամբ լոյս տեսաւ <<Փոքրիկ Արա, ականջ արա>> մանկական բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:  2015 թուականն ալ կ’առանձնանայ Սիլվա Կապուտիկեանի 95-ամեակին նուիրուած մեծադիր հետազօտութիւն-պատկերագիրքով, որ լոյս տեսաւ  ՀՀ մշակոյթի նախարարության աջակցութեամբ:

 

«Զ.» Ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ’իրականացնէ թանգարանը: Ի՞նչ համագործակծութիւն ունիք Սփիւռքի հետ:

«Ա.Դ.» – Թանգարանը պիտի իրականացնէ մի քանի կրթական ծրագիրներ: Անոնցշէ մէկը կը կոչուի բեմականացում` ըստ Կապուտիկեանի մանկական կերպարներուն , երբ փոքրիկները կը շրջին թանգարանը, կը ծանօթանան բանաստեղծուհիի մանկական գիրքերուն: Հուսկ, անոնք կը բաժնուին երկու խումբի եւ մատուցուող բազմաթիւ նկարներէն կը գտնեն ընտրած գործի կերպարներու նկարները ու կը բեմականացնեն այդ բանաստեղծութիւնները : Ունինք նաեւ խաղի` <<Սիլվա Կապուտիկյանի հետքերով>> ծրագիրը, խամաճիկներու կամ պուպրիկներու ազգային տարազներու ձեւաւորում`ըստ Սիլվա Կապուտիկեանի հաւաքածոյի ծրագիրը եւ պատմութիւններ` ըստ Սիլվա Կապուտիկեանի գրիչներու հաւաքածոյի ծրագիրը: Իսկ Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակի առթիւ  ԳԱԹ մասնաճիւղ Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը կը կազմակերպէ համահայկական մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթ, որուն նպատակն է հրատարակել բանաստեղծուհիի մանկական բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ երեխաներու նկարազարդմամբ: Մեր ցանկութիւնն է, որ Սփիւռքի երեխաները նոյնպէս մասնակցին մրցոյթին, իսկ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կրնան գրել մեր ելեկտրոնային հասցէին: Ներկայացուած բոլոր աշխատանքները տեղ կը գտնեն ցուցահանդէսին, լաւագոյն վեց աշխատանքները կ’արժանանան պատուոգիրներու եւ նուէրներու: 

Սփիւռքէն ունիք բազմաթիւ այցելուներ, բայց, ցաւօք սրտի, Հալէպի պատերազմի հետեւանքը ցաւալիօրէն զգացինք բոլորս, այն որ մեծ խումբերով  կու գային պատերազմէն ետք նուազեցաւ, ու կը զգանք, որ մեր բեռը քիչ մը թեթեւցաւ:  Կապուտիկեանը առաջինն էր, որ գնաց Արցախ 1959 թուականին պաշտօնական հրաւէրով, որ նաեւ ուղի հարթեց Սփիւռքի համար: Կապուտիկեանը անկէ ետք  գրեց  << Քարաւանները դեռ քայլում են >> հսկայ  հատորեակը, որմէ ետք մենք ճանչցանք, թէ ի՛նչ բան է Սփիւռքը , Սփիւռքը ճանչցաւ՝ ի՛նչ բան է հայրենքիը 50 տարուան լռութիւնէ ետք մարդիկ ոտքի կանգնեցան:

«Զ.» Բանաստեղծուհիի տան դռները միշտ բաց են բոլոր այցելուներուն համար: Յիշեցնեմ, որ Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ փողոցին վրայ (սկիզբը՝ Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկէն), շէնք 1, 2-րդ մուտք, 4-րդ հարկ, բն. 26 հասցէ։

Հեռ.՝ +374 10 520930

Կայքէջ՝ www.museumkaputikyan.com

Ել-Նամակ՝   silvakaputikyan@gmail.com

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին