Աշխարհի մէջ ամենայայտնի արեւելեան անուշեղէններէն մէկը` հանգստապատառը (լոխում) Ամերիկա մայրցամաք հասած է 20-րդ դարու սկիզբը եւ, ինչպէս կը պարզուի, մեծ ճանաչում գտած է երկու հայ գաղթականներու շնորհիւ: Այս մասին, ըստ «Թերթ․am»-ի՝ կը գրէ թրքալեզու «kronos.news» կայքը:
Արմէն Դերձակեանի ու Մարք Պալապանի հիմնած փոքրիկ ընկերութիւնը ժամանակի ընթացքին մեծ յաջողութիւն կ՛ունենայ Ուաշինկթընի մէջ, որմէ ետք խոշոր պատուերներ կը սկսի արձանագրելու ամբողջ երկրէն:
Միացեալ Նահագներու տարածքին հանգստապատառի առաջին գործարանը հիմնած հայազգի գործարարներուն թոռները այսօր կը պատմեն, որ իրենց պապիկներուն նպատակն էր գաղթական երեխաներու մանկութեան համը վերակենդանացնել այստեղ` նոր մայրցամաքի մէջ, թէկուզ եւ ոչ մայրենի հողի բարիքներէն պատրաստուած բաղադրիչներով:
Սակայն հանգստապատառի իւրայատուկ համի գաղտնիքը լաւ իմացող հայ գաղթականներ զայն ոչ պակաս համեղ պատրաստելու ձեւը գտած էին նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ` հանգստապատառի պատրաստման մէջ շեշտը դնելով վարդի օշարակի վրայ, որ դարձաւ անոր յաջողութեան գաղտնիքը: