Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի Կիները» Վաւերագրական Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ ցուցադրուեցաւ Հայկազեանի շրջանաւարտ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն ներկայ էին մեծ թիւով ակադեմականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ, հանրային դէմքեր եւ ուսանողներ:

Այս առիթով, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը իր ժապաւէնին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ կնոջ տանջանքները հարազատօրէն ներկայացնելու եւ տարածելու աշխատանքին համար: Իր խօսքին մէջ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտեց նման գործերու կարեւորութիւնը, որոնք լոյս կը սփռեն ոչ միայն հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն, այլեւ բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք մինչեւ ներկայ ժամանակները կ’ապրին նմանատիպ դժուարութիւններ:

Յայտագիրը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան, որ փոխանցեց Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնի հիմնական խորհուրդը՝ վեր առնել հայ կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել ամերիկացի եւ եւրոպացի կիներու կողմէ տրուած բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները, որոնք անկիւնադարձային եղան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք կազմուած գաղթավայրերուն մէջ՝ յիշելով, յատկապէս ժապաւէնին մէջ նշուած Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանը, Մարի Լուիզ Կրաֆֆամը, Տիանա Աբգարը եւ Մարիա Ճէյքըպսընը:

Նշենք, որ Վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ, Պարէտ Մարոնեան չորս անգամ շրջանային պատկերասփիւռի «Էմմի» (Emmy) մրցանակի, ինչպէս նաեւ 2016-ին «Արմին Վեկներ» մարդասիրական մրցանակի դափնեկիր եղած է: Ի միջի այլոց, վերջերս ստացած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի «Արուեստի եւ գրականութեան» մրցանակը:

2006-ին հիմնած է «Արմենոյտ» խումբը: Մարոնեան հիմնականօրէն կ’արտադրէ հայկական նիւթերով վաւերագրական ժապաւէններ: Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական ժապաւէնը Ամերիկայի տարածքին յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի:

Շուրջ իննսուն վայրկեան տեւած ժապաւէնին հետեւելէ ետք ներկաները բարձր գնահատեցին Պարէտ Մարոնեանի աշխատանքը՝ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ ուղղելով իրենց հարցումները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին