Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Էդուարդ Նալպանտեան Այցելած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան

Իսրայէլ պաշտօնական այցի ծիրէն ներս ՀՀ արտաքին  գործոց նախարար էդուարդ Նալպանտեան  այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր հանդիպած է պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը:

 Նալպանտեան Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին ներկայացուցած է իր այցելութեան նպատակները, արդէն ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Սուրբ Յարութեան տաճարի երեք իրաւատէր եկեղեցիներու համագործակցութեան հարցերուն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են համահայկական օրակարգի շարք մը հարցերու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին