Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Ասիական Զարգացման Դրամատունը Պիտի Աւելցնէ Հայաստանին Տրամադրած Նիւթական Միջոցները

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան  ընդունած է Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Վենքայի Ժենքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նշելով, որ դրամատունը Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն գործընկերներէն է` վարչապետը ընդգծած է, որ նախորդ տարիներուն անիկա Հայաստանի մէջ գործադրած է 25 մեծ ծրագիրներ, որոնց մէջ ներառուած է նաեւ սեփական մարզը:

Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է ենթակառոյցներու բնագաւառին մէջ ծրագիրներու իրականացումը, մասնաւորաբար հիւսիս-հարաւ միջանցքի, Վանաձոր-Ալավերդի-Վրաստանի սահման (Մ-6) միջպետական ճամբու վերանորոգութեան, Քաղաքային կայուն զարգացման ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ ճանապարհաշինական, Երեւանի երթեւեկի նոր համակարգի ներդրման, Հայաստանի թուային օրակարգի իրականացման ծրագիրները եւ այլն:

Վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է Ասիական զարգացման դրամատան հետ համագործակցութեան մնայուն զարգացումով եւ վերջինիս կողմէ հայաստանեան սեփական մարզի ֆինանսաւորման ծաւալներու ընդլայնումով:

Վենքայի Ժենք հաստատած է, որ դրամատունը պատրաստ է շարունակելու օժանդակութիւնը Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն` ենթակառոյցներու զարգացման, ուժանիւթի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Ըստ անոր՝ դրամատունը ներկայիս կ’աշխատի մինչեւ 2030 թուական նախատեսուող ծրագիրներու ռազմավարութեան վրայ եւ աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի հետ քննարկել համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները: Վենքայի Ժենք նաեւ տեղեկացուցած է, որ դրամատունը պիտի աւելցնէ Հայաստանի սեփական մարզին համար ֆինանսական միջոցներու քանակը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող տարբեր հարցեր եւ անդրադարձած նաեւ հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ծրագիրին մէջ սեփական մարզի ներգրաւման կարելիութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին