ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Դպրոցական բարձրագոյն կարգի դասարաններու մէջ ուսուցչութիւն ըրած տարիներուս աշակերտներուն կը դասաւանդէի ընկերաբանութիւն եւ տնտեսագիտութիւն:
12-րդ դասարանի տնտեսագիտութեան դասագիրքին մէջ կար դաս մը, որուն նիւթը երկիրներու տնտեսական զարգացումն էր: Տնտեսագիտութեան մէջ կայ, անշո՛ւշտ, տեսութիւն մը, որ շեշտը կը դնէ տնտեսական երեք բնագաւառներուն կամ մարզերուն՝ Արտադրողական, Երկրագործական եւ Ծառայողական համահաւասար զարգացման վրայ, որպէս երաշխիք երկրի մը տնտեսական բարեյաջող վերելքին: Իմ պարագայիս եւ հորիզոնականներ ստեղծելու համար դասաւանդած երկու դասանիւթերուս մէջ (որոնք ի վերջոյ իրարու առնչուած ընկերային գիտութիւններ են) ես շեշտը կը դնէի տուեալ երկրին հասարակութեան (ժողովուրդին) մտային յառաջդիմութեան ու տիրապետող մշակոյթին մէջ ներմուծելիք փոփոխութիւններուն վրայ, առանց որուն անկարելի է տնտեսական բնագաւառներուն մէջ բարեփոխում յառաջացնել: Ինչպէ՞ս կարելի է հողագործ հասարակութեամբ եւ բնականաբար պաշտօնէութեամբ ծանր կամ արհեստագիտական արտադրութիւններու գործարաններ բանալ: Անոր համար պէտք է սերունդ պատրաստել, չէ՞: Ինչպէ՞ս կարելի է երկրագործութիւնը զարգացնել, երբ հողագործը նախնական մտայնութեամբ եւ գիտելիքներով կամ նախապաշարումներով կ’աշխատի: Ինչպէ՞ս ծառայողական մարզը զարգացնել, երբ անոր աշխատողները ծոյլ են կամ անփոյթ:
Աշակերտներուս կը բացատրէի, որ կ՛ապրինք դարաշրջան մը, ուր երկիրներ իրենց տնտեսական զարգացմամբ տասնեակ տարիներով շրջանցած են այլ երկիրներ: Անոնք կ՛աշխատին օրն ի բուն, 24 ժամ 7 օրուան վրայ, հեռախօսային «տաք գիծերով» (hotline), կայքէջերով ներկայացուած առեւտուրով եւ առցանց ծառայութիւններով, վճառումներու եւ գանձումներու առցանց կարելիութիւններով, որ ո՛չ ցերեկ գիտէ ո՛չ ալ գիշեր, ո՛չ Շաբաթ ո՛չ ալ Կիրակի, մինչդեռ մեր երկրին՝ Լիբանանին նման երկիրներու մէջ, տարուան ընթացքին քանի մը տասնեակ հաշուող տօներով եւ ոչ-աշխատանքային օրերով զբաղած են եւ, եթէ տօն մը Կիրակի օրուան զուգադիպի իրենց կարելին կ՛ընեն, որպէսզի Կիրակի օրուան տեղ կարենան Երկուշաբթի «տօնել» (կարծես տօնին նպատակը աշխատանքային օրէ փախչիլն է եւ ոչ իմաստը), նախապաշարուած են Երկուշաբթի օրերը օրինակի համար վճառում չընելով, կլկլակ ծխելով, «որո՞ւն մօրուքը միւսէն աւելի երկար ու Աստուածահաճոյ է»-ի մրցումով, «հալալով-հարամով»… եւ նմանօրինակ մտայնութեամբ ու ժամավաճառութեամբ:
Ի՞նչպէս կարելի է մշակոյթի հետ սերտօրէն շաղախուած նախնական մարդու հոգեբանութեամբ ու ապրելակերպով ժամանակակից տնտեսութիւն յառաջ բերել ու երկիր մը զարգացնել: Ահա այս էր պատճառը դասաւանդութեան պահուս իմ շեշտադրութիւններուս…:
Վերոյիշեալ հաստատումները ըրի քեզի, սիրելի՛ ընթերցող, հասնելու համար այսօրուան բուն նիւթիս:
Հայրենի ժողովուրդին մօտ տարածուած սովորութիւն է գանգատիլ երկրին տնտեսական իրավիճակէն՝ միայն ու միայն մեղադրելով իշխանութիւնները:
Գանգատողներէն ոչ ոք կը մտածէ կամ կ՛ընդունի, որ խնդիրը նաեւ ուրիշ տեղ է:
Պատմելիքս պատմեմ: Անձնական փոքր գործ մը Հայաստանի մէջ հաստատած ըլլալով՝ մօտէն կ՛առնչուիմ այնտեղացի աշխատակիցներուս հետ: Գործի մշակոյթի եւ բարոյականի աներեւակայելի տարբերութիւն մը կայ (բացառութիւնները միշտ ալ յարգելի են, անշո՛ւշտ):
Վերջերս համացանցային մեր աշխատանքին մէջ, որոշ թեքնիք խանգառում մը յառաջացաւ, որուն նորոգութեան պատասխանատուն, ի պաշտօնէ իմ այնտեղի աշխատակիցս՝ բնիկ հայաստանցի Գրիգորն է (որ Հայրենիքի տնտեսական իրավիճակին մասին գանգատողներուն առաջին շարքին վրայ կը գտնուի…եւ այս բանին մէջ անդրդուելի ալ է): Տեղեկացուցած էի զինք: Խնդիրը չլուծուեցաւ, որովհետեւ Գրիգորը յանկարծ կորսուեցաւ: Շաբաթ մըն է մեր Գրիգորը կը փնտռեմ, որպէսզի զինք դարձեալ մղեմ լուծում մը գտնելու խնդիրին, որուն դիմաց ան բնականաբար գիտէ, որ լաւ վարձատրութիւն մը կրնայ ունենալ: Գրիգորը մէջտեղ չկար:
Երէկ գիշեր յանկարծ իրմէ հետեւեալ նամակը ստացայ.- «Ճիշդն ասած ես այսքան օր է գործի չեմ գնում: Ընկերոջս տատիկն ա մահացել: Իրա հետ եմ»…: Հետաքրքրական է, չէ՞…: Բանաւոր պատճառաբանութիւն: Ըսելիք չկայ:
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ մեր բարեկամը սուտ կը խօսի, այս մէկը խնդիր է: Եթէ լուրջ է, խնդիրը աւելի ծանր է…: Ամէն պարագայի եղածը ծուլութեան գագաթնակէտ մըն է, ու թող ներեն իմ բարեկամները այնտեղ, որ համարձակութիւնը կ’ունենամ ըսելու, թէ վտանգաւոր մշակոյթի վերածուած է: Աւելի վտանգաւորն ալ այն է, որ իրենց ծուլութեան համար ուրիշը կը մեղադրեն…:
Ճի՛շդ է, որ պետութեան մը պարտականութիւնն է նման յոռի մշակոյթի մը առաջքը առնելու մեքանիզմ մշակել, սակայն ինչպէս ասացուածքը կ՛ըսէ, «երկու կողմ կ՛ուզէ թանկօ պարելու համար»:
Վստահ եմ Հայրենի պետութիւնը պիտի ձեռնարկէ: Շա՜տ բաներու մէջ ձեռնարկած ալ է: Ժողովուրդը պատրա՞ստ է համակերպելու: Հայրենի ժողովուրդը պատրա՞ստ է առաւօտուն անկողինէն շուտ դուրս գալու կամ ընկերոջ տատիկը հողին յանձնելէ ետք գործի երթալու…:
Ահա այս է հարցումը: