Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան 96-ամեակին առթիւ Անձինք Նուիրեալք Բ. Լէյլա Գարակէօզեան Անձնուրաց Նուիրումի Օրինակելի Հայուհին

 

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

            Առասպելական անուն մը կրնայ դառնալ Լէյլա Գարակէօզեան, որուն կենսագրութիւնը առանց որեւէ ածականի, նուիրական անցեալ մը կ՝ամփոփէ իր մէջ։ Երեւոյթ էր ան, անզուգական եւ անկրկնելի։

            Ան, որ իր կարողութիւնները բազմարդիւն կերպով ի սպաս դրաւ իր ազգին ու հայրենիքին։

Մէկը, որ իր ամբողջ անցեալն ու հմայքը, իր նիւթական ու բարոյական կարողութիւնները դրաւ նժարին վրայ՝ բարիք սփռելու հայ ազգի զաւակներուն եւ հայութեան մատղաշ սերունդներուն առողջ ու կենսախինդ կեանք մը պարգեւելու համար։

Մէկը, որ իր կեանքին իմաստը որոնեց հայ մանուկներուն ծիծաղին ու ժպիտներուն մէջ։, անձնական կեանքը զոհեց՝ շարունակելու իր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը. պարտականութիւն մը, զոր կատարեց պայծառամտութեամբ, նուիրումի ու զոհաբերումի բեղուն գործերով։

Իր կատարած սրբազան առաքելութեան մէջ կը ճառագայթէր քրիստոնէական հաւատքէն բխող իր համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը, իր բարոյական արժանիքներն ու առաքինութիւնները, ինչ որ ժառանգած էր իր ծնողներէն՝ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններէն։

 Եթէ ընդունինք, որ մարդ էակը, մարդը բառին բուն իմաստով, ոչ թէ գիտութիւնն է, ուսումն է, քաղաքակրթութեան բարիքներն են, այլ հոգեկան այն արժանիքները, զգալու եւ կենսագործելու այն թափը, ամուր հաւատքով ու տեսլականով ապրելու այն արարչական կարողութինն է, որ կարելի է որակել աստուածային։

Այն ատեն առանց վարանելու պիտի ըսենք, որ անձնուէր հայուհիին լուսաւոր անունը ոսկեայ տառերով պիտի գրուի հայ տարեգրութեան պայծառ էջերուն մէջ։

 Իր կեանքի անցած ուղիին քաջ ծանօթ մէկը, կրնայ հաստատել, որ Լէյլա Գարակէօզեանի անձնուրաց գործունէութեան, իր կեանքի ձեւին մէջ կը ցոլան հայոց պատմական անցեալի ազնուական դասի բարեգործ ու գթառատ Տիկնանց՝ Աղուիթա իշխանուհիի, Զապէլ թագուհիի հոգեկան բարեմասնութիւնները։ Մէկը, որ կրնայ մարդկային հոգիի անսահմանութեան մէջ, գտնել ուրիշներու համար աննշմարելի գեղեցկութիւններ։

Լէյլա Գարակէօզեանի կատարած ազգային ծառայութիւններուն վրայ կը թեւածէ մարդասէրի ոգի մը, ցաւ ու կարեկցութիւն մարդկային թշուառութիւններու հանդէպ։ Ահա թէ ի՛նչպէս 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժի օրերուն, չկրցաւ անտարբեր մնալ, առաջինն էր, որ օգնութեան հասաւ աղէտեալներուն։ Որքան խոր հայրենասիրութիւն, նուիրում ու զոհաբերում ամբարած էր իր հոգիին մէջ։ Երբ նորանկախ Հայաստանի անցումային տարիներուն, փութաց՝ իր կարեւոր ներդրումը բերելու, ժամանակի այլեւայլ հարուածներուն տոկացող հայրենի ժողովուրդի վերականգնումին։ Հոն՝ Հայոց Հայրենիքի հողին վրայ սկսան գործել մանուկներու առողջապահական կեդրոններ՝ Երեւանէն Կիւմրի ու Վանաձոր մինչեւ Գորիս ու Ստեփանակերտ։ Պատմութեան համար յիշատակելի իրողութիւն է, որ  ծաւալուն այս ծրագրի իրագործման մէջ, անմասն չմնացին հայրենի իրականութեան քաջ ծանօթ, Գարակէօզեանի դաշտէն ներս ծառայող ազգանուէր հայորդիներու գործադրած տքնաջան ջանքերը։

Ազգին եւ Հայրենիքին հաւատաւոր նուիրեալ հայուհիին համար, տարրական սկզբունք էր ազգին կարիքները հոգալու պարտաւորութիւնը։

Սկզբունք, որ պարտադրական է, ինչպէս անհատական կեանքի,  այնպէս ալ հանրային կեանքին մէջ։ Ազգային այս գիտակցութիւնն է ազգի մը ու երկրի մը յաջողութեան գլխաւոր պայմաններէն մին, եթէ ոչ գլխաւորը։

Իր դաւանած սկզբունքներուն կառչած, խորապէս իւրացուցած էր ազգասիրութեան ու մարդասիրութեան գաղափարները, այն ինչ որ ի յայտ կու գար իր ազգօգուտ գործունէութեամբ, կարօտեալ ընտանիքներուն ցուցաբերած իր ուշադիր վեռաբերմունքով։

Շատերուն զարմանալի կը թուէր բարերարուհիին համեստ պահուածքը, հեռու մնալը շռնղալից ընդունելութիւններէն։ Իրեն համար բարեգործութիւնը ձեւականութիւն չէր, ինքնաբուխ զգացում էր առանց որեւէ ակնկալութեան, որ քարոզչութեան կարիք չունէր։ Թէեւ շրջապատը միշտ չէ, որ ունակ է հասկնալ այդ պարզութիւնը, գնահատել ու արժեւորել։

Ահա թէ ի՛նչու փառք չփնտռեց այս խոնարհ հայուհին։ Փառքը կու գար իր ետեւէն։ Եւ այսպէս տասնամեակներ շարունակ, Լէյլա Գարակէօզեան չդադրեցաւ իր անզիջանելի կենսունակութեան, իր անձնուրաց նուիրումի յայտնի փաստեր ընծայելու մինչեւ իր մահը, երբ 1999 թուականի Սեպտեմբերին 97 տարեկանին հրաժեշտ կու տար կեանքին։

Մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան դաշտէն ներս տարածք մը կայ ամբողջ, որ հմայուած ու տոգորուած է Լէյլա Գարակէօզեանի կոթողային կերպարով։ Այսօր առանց վարանելու, ազնուազարմ այս հայուհին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ սերունդներուն կարելի է ներկայացնել՝ որպէս բարեգործութեան, անձնուրաց ու անօրինակ նուիրումի խորհրդանիշ։

Հալէպ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին