Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Մարդասիրական Օժանդակութեան Տնօրէնը

2 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ կառավարութեան արտաքին մարդասիրական օժանդակութեան գրասենեակի տնօրէն Տանիէլ Պէյէլերը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամանատան նախկին փոխ-կառավարիչ Դոկտ. Մկրտիչ Պուլտուքեանի։

Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ Զուիցերիոյ պետութեան կողմէ Սուրիոյ կատարուելիք մարդասիրական օժանդակութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Քրիստոնեայ համայնքներուն ու մասնաւորաբար հայ համայնքին կարիքները եւ վերականգնումի աշխատանքներուն առնչուած առաջնահերթութիւնները։ Հայրապետը նաեւ թելադրեց, որ Հալէպի մէջ հանդիպում ունենայ Առաջնորդ Սրբազանին եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին