Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Գրիգոր Սաթամեան՝ Ի Պատուի

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Չորեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2017-ը պատմական օր մը հանդիսացաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Գեղարուեստական Ղեկավար Գրիգոր Սաթամեանի համար։ Այդ օր ան արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած Սբ. Սահակ․, Սբ. Մեսրոպ շքանշանին։

Արդարեւ, պատմական այդ օրուան արարողութիւնը եզակի էր նաեւ իր տեսակին մէջ՝ այն իմաստով որ Հայոց Հայրապետը ինքն իր ձեռամբ զետեղեց այդ շքանշանը Սաթամեանի կուրծքին վրայ։ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնէն դուրս, ընդհանրապէս թեմակալ Առաջնորդներն են, որ այդ շքանշանը կը փոխանցեն ստացողներուն։

Արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան աւելի քան կէս դար ծառայած է հայ մշակոյթին, Պէյրութէն սկսեալ մինչեւ Նիւ Եորք եւ ապա Լոս Անճելըս։ Ան հիմնած է ՀԲԸ Միութեան պատկանող զանազան թատերախումբեր ինչպէս՝ «Արտաշատ»՝ Նիւ Եորքի մէջ, «Յակոբ Պարոնեան»՝ Պոսթընի մէջ, «Ուիլիամ Սարոյեան»՝ Ֆիլատելֆիոյ եւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, «Երուանդ Օտեան»՝ Տիթրոյթի մէջ եւ վերջապէս «Արտաւազդ»՝ Լոս Անճելըսի մէջ։

Գրիգոր Սաթամեան թատերական իր ուսումը ստացած է Անգլիոյ “London School of Film Technique” եւ “Old Vic” դպրոցներուն մէջ: Արհեստավարժ իր ուսումը աւարտելէ ետք, 1968 թուականին ան կը ստանձնէ Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Փափազեան Թատերախումբի բեմադրիչի պատասխանատու պաշտօնը։ Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ ետք, բեմադրիչի իր պաշտօնը կը շարունակուի ՀԲԸ Միութեան Նիւ Եորքի եւ ապա Լոս անճելըսի թատերախումբերուն հետ։

Սաթամեան ինքն է, որ «Մենակատակախօսութիւն»-ը (Stand-up Comedy) առաջին անգամ ըլլալով՝ ներմուծած է Հայկական գեղարուեստական կեանքէն ներս, Նիւ Ճըրզիի մէջ 1986 թուականին։ Ան ցարդ զանազան թատերախումբերու հետ բեմադրած է 75 թատրերգութիւններ, գլխաւոր դեր վերցուցած է 84 ներկայացումներու մէջ եւ Հայերէնի թարգմանած է 20 թատրերգութիւններ՝ Ֆրանսերէնէ եւ Անգլերէնէ։

Չորեքշաբթի իրիկուան շքանշանի տուուչութեան հանդիսաւոր եւ հոգեպարար արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի Արմէն Համբար հիւրասենեակին մէջ։ Այս առթիւ հոն հաւաքուած էին՝ Գրիգորի, կնոջ`Մատլէնի եւ զաւկին՝ Լեւոնի կողքին, ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ Նախագահ Սինան Սինանեանը, Գրիգորի հարազատները, ՀԲԸ Միութեան վարչութեանց անդամները, գրասենեակի անձնակազմն ու Սաթամեան թատերախումբի դերակատարները։

Տէրունական աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը, որմէ ետք երգուեցաւ Հրաշափառն ու Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բագրատ Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրճէքեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի սրբատար Կոնդակը։ Հուսկ ապա՝ խորհրդաւոր այդ պահուն, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Սբ. Սահակ, Սբ. Մեսրոպ շքանշանը զետեղեց Գրիգոր Սաթամեանի կուրծքին վրայ։

Յուզիչ, սակայն ուրախառիթ էր պահը, երբ Գրիգոր ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանին, Տիար Սինան Սինանեանին, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ միութենական իր գործակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուած էին այս հանդիսութեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Լոս Անճելըս կը գտնուէր՝ իր հովուապետական այցելութեամբ նախագահելու Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակին առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութեանց եւ թէ շքանշանի տուուչութան այս արարողութիւնը կը մտնէր պաշտօնական այդ հանդիսութեանց ծիրէն ներս։

Հուսկ ապա Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով՝ դրուատեց Գրիգոր Սաթամեանի բնածին տաղանդը եւ մանաւանդ անոր նախանձախնդրութիւնը՝ մշակոյթի միջոցաւ ծառայելու հայ ազգին, եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին, որոնք այլապէս սահմանուած են ուծանալու օտար այս ափերուն վրայ։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Սաթամեանի երկարամեայ նուիրումը թատերական շարժումին, որուն գերագոյն նպատակն է հայապահպանումը՝ հայ լեզուն սիրցնելով նոր սերունդին եւ գործածել տալով զայն բեմին վրայ եւ բնականաբար բեմէն անդին՝ առօրեայ իրենց կեանքերուն մէջ։ Ապա ան երկար եւ առողջ կեանք մաղթեց Սաթամեանին, որ ան շարունակէ իր Աստուածահաճոյ առաքելութիւնը՝ ի սպաս հայ մշակոյթի բարգաւաճման։

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ կոչնականները ոսկի առիթը ունեցան շնորհաւորելու մեծարեալը եւ նկարուելու անոր հետ, ի յիշատակ անմոռացութեան։ Պատիւս արժանաւորաց։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին