ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Սէուտական Արաբիա նախորդ օրերու իր այցելութենէն վերադարձին Վարչապետ Սաատ Հարիրի վստահեցուցած էր իր գործընկերներուն, որ ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ: Իր լաւատեսութիւնը կու գար այն փաստէն, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ ան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Իշխան Մոհամմատ Պըն Սալմանի հետ տեսակցութեան՝ որպէս արդիւնք, տեղեկացած էր, որ Ռուսական կողմը միջնորդութեան մէջ է Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ՝ որոշ հասկացողութիւն մը ստեղծելու շրջանային հարցերուն վերաբերեալ:
Այս միջնորդութենէն Սէուտական Արաբիա կ՛ակնկալէր իր ազդեցութեան զօրացումը Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ եւ այս իմաստով որոշ երաշխիքներ կամ պատասխան կը սպասէր Իրանի կողմէն:
Իրանի պատասխանը թերեւս Վարչապետին փոխանցուեցաւ Ալի Աքպար Ուիլայաթիի իրեն այցելութեան միջոցին, որ ըստ երեւոյթին, այնքան ալ դրական չէր: Հաւանական է, որ այս պատասխանին հիման վրայ Վարչապետը շուտով դարձեալ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուրկէ ան իր Վարչապետի պաշտօնէն հրաժարականը ներկայացուց կամ թելադրուեցաւ, որ ներկայացնէ…:
Անկախ շրջան ընող այն անիրատես վարկածին, թէ Հարիրի դատական հետապնդումներ ունի Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ այս հրաժարականը իր վրայ պարտադրուած էր այս շրջագիծէն ներս: Նաեւ անկախ այն իրողութենէն, որ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ միակ վստահելին չէ Լիբանանի մէջ երբ վերջինս ունի այլընտրանքներ ինչպէս նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, ես կը հաւատամ, սիրելի՛ ընթերցող, որ հարցը շատ աւելի խորունկ եւ վտանգաւոր է, որ նաեւ կը շրջանցէ ուրիշներու ալ վերլուծումը, թէ անոր հրաժարականը կապուած է մօտալուտ ընտրութիւններուն հետ…:
Հարիրիի հրաժարականը ըստ իս՝ եկաւ Հըզպալլան՝ նեղի մատնելու, որուն ահագին բան կը սպառնայ գալիք օրերուն, որ կը սկսի ամերիկեան տնտեսական պատիժներէն եւ չաւարտիր Իսրայէլեան յարձակումի մը հաւանականութեամբ: Ի դէպ, Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլայի երեկուան ելոյթին մեղմ եւ հանդուրժողական ոճը կարելի է որոշ չափանիշ ալ համարել իր նեղ կացութեան հաւանականութեան: Ռիատի կեցուածքն ու թելադրանքը անշուշտ նաեւ կը բխին Սուրիոյ մէջ կատարուած վերջին օրերու իրադարձութիւններէն: Սուրիական բանակի Տէր Զօրի շրջանի վրայ հաստատած տիրապետութիւնը բաւական կը նուազեցնէ շրջանին մէջ բնակող Սէուտական Արաբիոյ համակիր ցեղախումբերու ուժը, որ լաւ խաղաքարտ էր Սէուտական Արաբիոյ ձեռքը Սուրիոյ հողերուն վրայ:
Կայ աւելի կարեւորը՝ Սուրիական բանակին Տէր Զօրի գրաւումով ճամբան բացուեցաւ դէպի Իրաք՝ հարթելով Պէյրութ-Դամասկոս-Թեհրան ուղին, ինչ որ կը մտահոգէ Սէուատական Արաբիան եւ անշուշտ նաեւ Լիբանանի վրայ Իրանական ազդեցութեան ընդդիմացող լիբանանեան կողմերը:
Որպէս հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին՝ ես կը տեսնեմ, որ լիբանանեան հորիզոնին վրայ կ՛ուրուագծուին չորս սցենարներ (scenario):
Ա. Տնտեսական ճգնաժամ՝ որպէս արդիւնք ամերիկեան պատժամիջոցներուն, եւ հակառակ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին յայտարարութիւններուն՝ (որ ի պաշտօնէ բնական է, որ դրական ըլլայ) լիբանանեան թղթոսկիի արժէքի անկում՝ արաբական դրամագլուխի հեռացման հաւանականութենէն ալ անշուշտ ազդուած: Նման վարկածի մը պարագային, Հարիրիի հրաժարականին պատճառը անոր տնտեսական տագնապի մը պատասխանտուութենէն զերծ մնալու կամքով ալ կը դրսեւորուի:
Բ. Ներքին անապահովութիւն եւ Սիւննի-Շիա լարուածութիւն, որոնք կրնան նաեւ անհակակշռելի ըլլալ եթէ այդ մէկը ծրագրուած է, կամ եթէ անոր առաջքը շուտ չառնուի:
Գ. Իսրայէլեան յարձակում, որուն նախանշանները արդէն իսկ կային հորիզոնին վրայ: Նման հաւանականութեան պարագային, երկրին եւ կառավարութեան վիճակը կրնայ շատ աւելի բարդ ըլլալ: Վարչապետին հրաժարականը դարձեալ այս տրամաբանութեամբ ալ կրնայ բացատրուիլ, որ օգտուելով 2006-ի փորձառութենէն՝ Վարչապետ Սաատ Հարիրի չուզեց ատենի Վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի օրին իյնալ ու նեղը մատնուիլ: Ան իր հրաժարականով կարելիութիւնը ունի եղածներուն կամ կատարուելիքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը բարդել Հըզպալլայի գլխուն:
Դ. Հաստատուած Անշարժ Գոյավիճակ (Status Quo), որուն պիտի ձգտի Նախագահ Միշէլ Աուն, որուն նախագահական նստաշրջանի անդորրը բաւական խախտուած կրնայ ըլլալ Հարիրիի հրաժարականով: Այս իսկ պատճառով Նախագահը կրնայ փորձել որոշ անշարժ գոյավիճակ մը ստեղծել շրջանցելու համար վտանգը, եթէ անշուշտ իրեն առիթը տրուի:
Կը մնայ հիմնական մտահոգութիւնս սակայն: Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ վերոյիշեալ չորս սցենարները իրարայաջորդ կերպով ընթանան…:
Սէուտական Արաբիայէն յայտարարուած Լիբանանի Վարչապետի մը հրաժարականը աննախնթաց է, նաեւ՝ խորհրդանշական:
Իրավիճակը բաւական բարդ է:
Զգոյշ սպասենք ու տեսնենք: