*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Արուեստագէտ մը, քանդակագործ, նկարիչ, գրող, բանաստեղծ եւ այլն, իր գործերուն ընդմէջէն իր զգացումներն ու մտածումները պիտի յայտնէ անտարակոյս. Կայ նաեւ թարգմանչական արուեստը, որ կ՛ըլլայ ընտրովի, ըստ թարգմանիչին նկատառումներուն: Հիմա նկատի ունիմ Հայնէի մէկ քերթուածը, որ թարգմանուած է Վ. Տէրեանի կողմէ: Նիւթը պատերազմի մասին է .-«Ես դաշոյն եմ, բոց եմ ես…Յաղթական երգերի հրճուանքի հետ հնչում են թաղման մեղեդիները, բայց մենք ժամանակ չունենք ոչ խնդութեան համար, ոչ սուգի:
Տխուր, սակայն անխուսափելի իրականութիւն է պատերազմը: Չարենց իր «Դանթէական Առասպել»-ին մէջ կը գրէ .-«Ընկերներիս դին դիրք էինք անում»: Սա պատերազմ է եւ ո՛չ դաշտահանդէս, ո՛չ ալ դիմակաւոր պարահանդէս. Հոս կայ «կեանքի, մահի ամեհի աղջամուղջ»: Կեանքի անբաժան մասն է պատերազմը. Ուստի նախապատրաստութիւնը անհրաժեշտ է, ինչպէս որեւէ գործարքի պարագային:
Երեք հազարամեակ առաջ անուանի է Սպարթակ քաղաքը որու զաւակները, առանց բացառութեան, իրենց մանկութենէն իսկ ծնողներէն կը պատրաստուէին չարքաշ կեանքի,` իբրեւ պատերազմի պատրաստութիւն, որպէսզի կարենան քաղաքին տիրապետել, քանի որ բաղդատմամբ բնակչութեան, փոքրամասնութիւն էին: Ի՞նչ կ՛ըսէ Ռուբէն Սեւակ.- «Յիշէ Սպարթացի մօր խօսքը ՎԱՀԱՆՈՎԴ ԿԱՄ ՎԱՀԱՆԻՆ ՎՐԱՅ պիտի յաղթես կամ պիտի յաղթուիս. ուրիշ ճար չկայ»:
Սպարթայի համար առաջնահերթութիւնը ՌԱԶՄԱԿԱՆԻՆ էր. արուեստ, փիլիսոփայութիւն եւ այլն, երկրորդական էին: Սպարթան տիրական քաղաք մը եղաւ՝ դարերով:
Հասանք տեսաերիզի մը «ֆէյսպուք»-ի միջոցաւ:
Շատ երիտասարդ բանակայիններով լեցուն սրահ մը, Մին դաշնամուրով կը նուագէ մօր մասին, եւ մի առ մի կը տեսնես մի քանի զօրակոչիկներու դէմքերը, որոնց աչքերէն արցունք կը հոսի, ինչ որ նկարահանման բուն նպատակը կարծէք ըլլար եւ գրութիւն մը՝« կարելի չէ չյուզուիլ», առաւել յորդոր մըն ալ.- «Տարածէ՛ք»:
Բաղդատենք Հ. Հայնէի գրութեան հետ…
Մի՞թէ խրախուսիչ եւ քաջարի երգեր կը պակսին մեզի: Լացն ու կո՞ծն է պատրաստութիւնը կամ հրաժեշտը: Դարերով մեր ճակատագիրը ուրիշ բան չէ եղած, եթէ ոչ տառապանք, պանդխտութիւն, սակայն հոն չմնացինք ու պայքարներով զարթօնք հրահրեցինք մեր մէջ ու հասանք այսօրուան եւ դեռ ճամբայ ունինք…
«Խաչ մը տնկէ վրաս՝ ու դուն ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն: Կամ՝ «Ձախորդ օրին սրտերը ձեր կարծր պահէք. լա՛ւ լսէք ինձ»: (Աշուղ Ջիւանի)
«Այս երկաթեայ դարին համար երկաթեայ ուղեղներ են պէտք»:(Ռ. Սեւակ)
Նոր դար, նոր իրականութիւն եւ մարտահրաւէրներ:
ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ:
ԴԵՌ ՃԱՄԲԱՅ ՈՒՆԻՆՔ: