«Ցաւալի է, որ որոշ պետութիւններ կրթութիւնը կ՛օգտագործեն հակադիր նպատակներով` ատոր միջոցով ազգայնական ատելութիւն սերմանելով, յատկապէս երիտասարդներուն մէջ»,- ըսած է Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փարիզի մէջ գումարուող ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆՍՔՕ) 39-րդ գլխաւոր համաժողովի ընթացքին, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:
ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ, Նալպանտեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ բազմաթիւ նման օրինակներ կան. ատոնցմէ մէկը երեխաներուն կը սորվեցնէ, որ հայերը իրենց ծննդաբանական թշնամիներն են:
Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողովի 2016-ի զեկոյցին մէջ նշուած է. «Ատրպէյճանի քաղաքական առաջնորդները, կրթական հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակած են հայերու նկատմամբ ատելութեամբ լի կոչեր հնչեցնել: Ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը մեծցած է` անսալով ատելութեան այս հռետորաբանութեան»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կանոնադրութեան մէջ արդարացիօրէն ամրագրուած է. «Պատերազմները կը սկսին մարդոց ուղեղներուն մէջ: Հասարակութիւնները պատրաստ չեն ըլլար հաշտեցման, եթէ անոնց գիտակցութեան մէջ չամրագրուի խաղաղութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը»,-ըսած է Նալպանտեան:
Ան յիշեցուցած է գերմանացի յայտնի գրող Հայնրիխ Հայնէի խօսքը . «Այնտեղ, ուր գրքեր կ՛այրուին, վերջաւորութեան մարդիկ պիտի այրուին»: .Ան աւելցուցած է. «Ատրպէյճանցի յայտնի վիպասանի գիրքերը կրակի մատնուեցան Պաքուի փողոցներուն մէջ միայն այն պատճառով, որ ան ճշմարտութիւնը կ՛ըսէր հայերու կոտորածներուն մասին եւ հաշտեցման կոչ ըրած էր: Ան ներկայացուցած էր Նախիջեւանի մէջ իր հայրենի գիւղի պատմութիւնը, որ իր մանկութեան տարիներուն ունէր տասներկու հայկական եկեղեցիներ: Անոնք բոլորը ,Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին, ներկայ հայկական բազմաթիւ այլ սրբավայրերու ու գերեզմանատուներու հետ մէկտեղ, ոչնչացուած են 1990-ական եւ 2000-ական թուականներուն: Նոյն կերպով Ջուղայի հայկական գերեզմանատան հազարաւոր նրբազարդ միջնադարեան խաչքարեր հողին հաւասարեցուած են ատրպէյճանական իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ: Այդ տարածքը այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի»:
Ան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած էթնիկ զտումներէն ետք, այժմ Պաքուն նպատակ դրած է ջնջել հայերու` քանի մը հազարամեայ ներկայութեան մասին նոյնիսկ յիշողութիւնը, տարածաշրջանին մէջ տեղաբնիկ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան որեւէ հետք:
«Պաքուն կը ջնջէ անցեալը այն պատճառով, որ ան չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի կողմէ իրեն համար յօրինուած երեւակայական ներկային, հաւանաբար, հետեւելով Ճորճ Օրուելի յայտնի խօսքերուն . «Ով կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»: Անոնք, որոնք այսօր կը վերահսկեն Ատրպէյճանը, կը կարծեն, թէ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը` օրինականացնելու համար իրենց ներկայիս անհանդուրժողական քաղաքականութիւնը»:
Խօսելով պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան մասին՝ նախարար Նալպանտեան նշած է. «Պատմականօրէն գտնուելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին՝ Հայաստանը ձեւաւորած է այլ մշակոյթներու եւ կրօններու նկատմամբ յարգանքի եւ համակեցութեան խոր արմատներ ունեցող աւանդոյթներ: Ահա թէ ինչու Հայաստանի մէջ կը պահպանուի հարուստ մշակութային ժառանգութիւն, որ ի թիւս այլոց, կը ներառէ հելլէնիստական դարաշրջանի տաճար, հնագոյն եկեղեցիներ, միջնադարեան հրէական գերեզմանատուն, 18-րդ դարու մզկիթ, իսկ շուտով այստեղ պիտի աւարտի աշխարհի ամենամեծ եզիտիական տաճարի կառուցումը»:
Նշենք, որ համաժողովին կը մասնակցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ 195 երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, որոնք պէտք է հաւանութեան արժանացնեն կազմակերպութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ծրագիրը, պիւտճէն եւ հաստատեն կազմակերպութեան նոր գլխաւոր տնօրէնի թեկնածութիւնը: Համաժողովի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ ԵՈՒՆՍՔՕ-ի ղեկավար մարմիններու ընտրութիւնները: