Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Անհրաժեշտ Է Միջին Արեւելքի Կրօնական Ու Մշակութային Բազմազանութիւնը Պահել»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յունաստանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած Աթէնքի երկրորդ միջազգային համագումարին իր արտասանած խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական ու մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը։ Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.-

  1. Կեանքը աստուածատուր իրականութիւն մըն է։ Մարդը կոչուած է պահելու ու պաշտպանելու կեանքը. հետեւաբար, ոեւէ մէկ արարք կեանքը ապականելու ձգտող մեղանչում մըն է Աստուծոյ նկատմամբ։ Այս է ուսուցումը միաստուածեան երեք կրօններուն։
  2. Բազմազանութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկն է. ան հարստացուցիչ երեւոյթ է։ Հետեւաբար Միջին Արեւելքի կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութիւնը պահելն ու զարգացնելը բոլորին հիմնական մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ։
  3. Ծայրայեղութիւնը մերժելի երեւոյթ մըն է բոլոր կրօններուն կողմէ։ Ոեւէ կրօնք իրաւունք չունի իր արժէքներն ու ուսուցումները պարտադրելու։ Արժէքներու ու աւանդութիւններու գոյակցութիւնը հիմքն է ազգերու համակեցութեան։
  4. Խաղաղութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, սակայն ճշմարիտ ու մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած է արդարութեան վրայ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ յիշեց, որ կրօնական ծայրայեղութիւնը, արտաքին ոյժերու միջամտութիւնը, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւանց անտեսումը այլազան տագնապներ յառաջացուցած է շրջանէն ներս՝ հարցականի տակ առնելով մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը։ Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու կրնայ ենթարկուիլ, երբ իր ինքնութեան անբաժան մասը կազմող բազմազանութիւնը վտանգուի՝ յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը եւ կոչ ուղղեց, որ երեք միաստուածեան կրօններու առաջնորդները քաղաքական ղեկավարներու հետ միասնաբար դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնցմով կարելի ըլլայ պահպանել Միջին Արեւելքի բազմազանութիւնը։

Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողքին համագումարին ներկայ եղան Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեան։ Համագումարին նաեւ կը մասնակցէր որպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան պատուիրակութեան անդամ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան։

Համագումարին բացումը կատարեց Յունաստանի Նախագահը, ապա ժողովին ատենապետութիւնը ստանձնեց Արտաքին Գործոց նախարարը։ Ներկայ էին աւելի քան 200 ներկայացուցիչներ՝ պետական, դիւանագիտական, կրօնական եւ միաստուածեան երեք կրօնները ներկայացնող հոգեւոր ղեկավարներ։

Յիշեցնենք, որ Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Աթէնք եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Ֆատէյ Չարչողլեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեան, պետութեան ներկայացուցիչը, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, քահանայ հայրեր եւ ազգայիններ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպանին ու իր աշխատակազմին հետ։ Դեսպանը բարի գալուստ մաղթելով Նորին Սրբութեան՝ անդրադարձաւ իր կատարած կարեւոր դերին ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման ու ազգային իրաւունքներու հետապնդման։ Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի հայկական հողի վրայ։ Ան շեշտեց Հայաստանի կողքին ըլլալու Սփիւռքին պարտաւորութիւնը եւ ողջունեց դեսպանատան եւ Յունաստանի հայութեան գործակցութիւնը ու զայն աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

Նոյն օրը երեկոյեան, Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Վարչութեան հետ՝ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու նորընտիր Ազգային Վարչութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ թեմը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Ապա, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՀՅԴ-ի Կեդրոնական Կոմիտէն։ Հանդիպումի ընթացքին ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս պետութեան ու քաղաքական շրջանակներէն ներս գաղութին ունեցած յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ դատի գծով կատարուող աշխատանքներուն։

Ապա Հայրապետին այցելեց Յունաստանի ընդդիմադիր կուսակցութեան պետը եւ առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային Վարչութեան ատենապետին ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Քննարկումները ընդհանրապէս կեդրոնացան Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի դիմագրաւող հարցերուն շուրջ։ Իսկ աւելի ուշ, Ազգային Վարչութիւնը ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։

Դարձեալ յիշեցնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Յունաստան իր կեցութեան ընթացքին, Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ին, Աթէնքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, պատգամ մը ուղղեց ժողովուրդին՝ յատկապէս շեշտելով եկեղեցին ժողովրդանուէր ծառայութեան վերածելու հրամայականը։

Իր հայրապետական պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Յունաստանի Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին ընտրութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ սրբազանը իր ունեցած փորձառութիւնը, ուսումը ու հոգեմտաւոր կազմաւորումը ի սպաս պիտի դնէ ծառայութեան ճամբով Յունաստանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց նորընտիր Ազգային Վարչութիւնը եւ թելադրեց, որ առաջնորդ սրբազանին ու թեմի այլ կառոյցներուն հետ գործակցաբար աշխատին թեմին առաւել բարգաւաճման համար։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Քրիստոսի առաքելութեան ըսաւ, որ Քրիստոս ինքզինք ըմբռնեց որպէս ծառայ եւ իր առաքելութիւնը՝ որպէս ծառայութիւն։ Այս յանձնառութեամբ Աստուծոյ Որդին իր երկրաւոր առաքելութիւնը իրագործեց Նազարէթէն սկսեալ մինչեւ Գողգոթա։ Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին Քրիստոս թելադրեց իր աշակերտներուն ծառայելու մարդոց։ Այս է եկեղեցւոյ գոյութեան նպատակը ու առաքելութեան իմաստը։ Այլ խօսքով, եկեղեցին իր հարազատ էութիւնը կը ստանայ ծառայելո՛վ։ Ծառայութիւնն է նաեւ եկեղեցւոյ հեղինակութեան աղբիւրը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը

Խօսելով Հայ Եկեղեցւոյ մասին, Հայրապետը ըսաւ, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդին, հոգալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, բաժնելու մեր ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու ցաւերը, գործնապէս դառնալով ժողովուրդի՛ն եկեղեցին. հետեւաբար, Հայ Եկեղեցին իր հեղինակութիւնը կը կերտէ ծառայութեամբ՝ ինչպէս Քրիստոս ըրաւ։ Ինչպէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս, Յունաստանի մէջ եւս, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ մեր ժողովուրդին նուիրումով ծառայելու կոչուած հոգեւորականներ կը պատրաստուին Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ։ Հոն կը լեցուին մեր պատմութեան շունչով ու ոգիով, մեր աւանդութիւններով, արժէքներով, հայրենիքին ու ազգին համար պայքարելու ու նոյնիսկ զոհուելու գիտակցութեամբ. ուր որ մեր միաբանները կը ծառայեն միայն պատիւ կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որովհետեւ անոնք կը ծառայեն նուիրումով, հաւատարմութեամբ, մեր ժողովուրդի ծառայութիւնը միայն նկատելով իրենց կեանքին ճանապարհը։ Հոս, ձեր թեմէն ներս, առաջնորդ սրբազանին շուրջ ունիք միաբաններ, որոնք ծառայական նոյն ոգիով իրենց կարելին կ՚ընեն օգտական հանդիսանալու թեմի բազմազան ու այլազան կարիքներուն, նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց թեմէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, մարմինները եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, եւ կոչ ուղղեց միասնական ոգիով Հայաստանին ու Արցախին գործնապէս զօրակցելու յանձնառութեամբ ապրիլ ու գործել։

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ապա Ազգային Վարչութիւնը պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին ներկայացուցիչները, Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էին նաեւ ազգային մարմիններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ Աթէնքէն, Սելանիկէ եւ այլ շրջաններէն։

Յաջորդաբար խօսք առին Ազգային Վարութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեանը, հայ աւետարանական համայնքի վերապետուելի՝ Վիգէն Չոլաքեան, Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ՝ Քերոբ Էքիզեան, Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ աւարտին Վեհափառ Հայրապետը։ Բոլոր խօսք առնողները շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած ծառայութիւնը Յունաստանի գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ հայ ու յոյն եկեղեցիներու դարաւոր պատմութիւնը։

Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր փակման խօսքին մէջ նախ ողջունեց յոյն եկեղեցւոյ պատրիարքին ներկայացուցիչները՝ յիշելով, որ մեր երկու եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը անհրաժեշտ է աւելի ամրացնել։ Խօսելով յունահայ թեմին մասին, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ներդաշնակ գործակցութեան կարեւորութեան համայնքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն միջեւ։

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին