Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Առաջ Եւ Ապա

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ընդգծելու սովորութիւնը սիրած եմ յատկանշական տողերու:

Ինչպէս գրեթէ ամէն ինչ իր դրական եւ բացասական կողմերը ունի, այս ալ անկէ դուրս չի մնար, քանի որ տուեալ վիճակներու մէջ յատկանշականը ա՛յլ կրնայ ըլլալ տարբեր պարագաներու առթիւ. Հուսկ՝ սիրած եմ գիրքին կրկնօրինակը ունենալ մէկը ընդգծելու, իսկ միւսը՝ թողելու կոյս: Իսկ եթէ չ՛ունենամ կրկնօրինակը, այդ պարագային գործածած՝ գոյնզգոյն մատիտներ զատորոշելու համար:

Ընդգծած տողերէս մին է  հետեւեալն է.

Պօղոս Առաքեալ նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ.- «Լացողներուն հետ լացէք, խնդացողներուն հետ խնդացէք»: Պահ մը մտածեցի եւ զարմացայ, թէ նման պարզ միտք մը ինչպէս Առաքեալը գրած կրնայ ըլլալ, իբրեւ յորդոր իր նամակներով: Այս՝ առաջ էր. շրջան մը ետք, մտածումներուս խորքէն անդրադարձայ, թէ զարմանալու չէի։ Մարդկային հաւաքականութեան հետ շփում ունենալս ալ օգնեց՝ ի հարկէ, որ արժեւորեմ խորքը ըսուածին:

            Մարդկային փոխ – յարաբերութեան մէջ ընդհարումներու գլխաւոր պատճառներէն մէկը՝ նախանձն է. Ինչո՞ւ ինք, եւ ոչ թէ ես. միթէ՞ այդքան առաւելութիւններով օժտուած է՝ ան, քան՝ ես, ու լարուածութիւնը կը սկսի, նախ՝ ներքին, ապա՝ ուռճանալով ու աճելով կը  տանի արտաքին հարթակի վրայ, անկէ՝ երկփեղկումի, անջատումի, ի վնաս միութեան եւ ամբողջականութեան. Եթէ դրացիութիւն՝ ի վնաս բարի դրացիութեան, եթէ միութիւն՝ ի վնաս միութեան եւ շարքը երկար է: Ուրեմն, եթէ յաջողակին հետ ուրախանայինք, պիտի շահէր ընդհանուրը եւ հեռու պիտի մնայինք երկփեղկումէ եւ այլ տհաճ երեւոյթներէ: Հաղորդական պիտի ըլլայինք հակառակ պարագային եւս. Ցաւողին հետ պիտի ցաւակցէինք ու այսպիսով մէկ մարմինի իրականութիւն մը պիտի գոյանար. Ինք, ի հարկէ՝ եկեղեցին նկատի ունի, սակայն եկեղեցին ալ հաւաքականութեան օրինակ կրնայ ըլլալ: Մէկ մարմինի պատկերացումի պարագային:

Սակայն սոյն յորդորը՝ հաւաքականութեան վերաբերեալ, մարդկային բնազդին հետ համաձայն ըլլալով հանդերձ ետ կը մնայ ԱՆՁՆԱԿԱՆԷՆ. Նախանձը չի կրնար ըլլալ առաջնորդող.  Այլապէս Առաքեալը յորդորելու պէտքը պիտի չզգար: Այս՝ իր ժամանակին։ Անցեր է երկու հազար տարի այդ օրէն, իսկ անձնապաշտութիւնը դարձած է գլխաւոր նպատակ: Նայինք մեր շուրջը, եւ ահա ամենուր մրցակցութիւն՝  զինուորական, մարզական, մշակութային եւ այլն, հեռուստատեսիլներու եւ փողոցներու գովազդները ուրիշ բան չեն վկայեր:  Ուրեմն՝ ի զուր են նման գրութիւններ…

            Ինչ – ինչ յորդորներ հազարաւոր տարիներէ կը հնչեն, որոնք եղանակի նման կու գան ու կ՛երթան:            

            Մերթ Գարունով ծաղկաբոյր,

            Մերթ Ամառով հրառկայծ,

            Մերթ Աշունով դեղնաւուն,

            Մերթ Ձմեռով ձիւնածածկ:

            Մարդը կը մնայ՝ ՆՈՅՆԸ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին