Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Պէյրութ-Երեւան Օդանաւային Տոմսը` Մօտ 150 Եւրօ

«Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը, Ամանորին ընդառաջ, մշակած է նոր սակագնային քաղաքականութիւն: Ընկերութեան դէպի Հայաստան բոլոր կանոնաւոր չուերթերու տոմսերը պիտի ըլլան մատչելի, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը::

Ամանորի նորամուծութիւնը Պէյրութ-Երեւան եւ հակառակ ուղղութեան համար հաստատուած նոր սակերն են: Յատկանշական է, որ դեռ քանի մը տարի առաջ այս ուղղութեամբ տոմսերու գիները ամրան եւ Ամանորի եղանակին շատ բարձր էին` հասնելով մինչեւ 500 եւրոյին համարժէք դրամի: Դեկտեմբեր 18-էն Պէյրութէն Երեւան չուերթերու տոմսերը հասանելի պիտի ըլլան 140 եւրոյին համարժէք դրամով, իսկ՝ Երեւանէն Պէյրութ տոմսերը` սկսած 148 եւրոյով:

«Այս կերպով մենք կը փորձենք մեր ներդրումը ունենալ զբօսաշրջութեան զարգացման գործին: Կը ցանկանք, որ նշուած երկիրներէն մեր ազգակիցներն ու զբօսաշրջիկները ժամանեն Հայաստան եւ դիմաւորեն Նոր Տարին այստեղ», – նշած է ընկերութեան փոխտնօրէն Գէորգ Խաչատրեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին