Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Կաթողիկոսը Ամերիկաբնակ Հայորդիներուն Յորդորած է` Ապրիլ Աստուածահաճոյ Կեանքով

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմ հայրապետական այցելութեան ծիրէն ներս՝ Հոկտեմբեր 26-ին,  այցելած է  «Վաչէ Մանուկեան» դպրոց եւ հանդիպած աշակէտութեան հետ:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ, նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը այցելած է «Արարատ տուն», ուր կը խնամուին հայ տարեցներ: Ան իր գնահատանքնը յայտնած է հաստատութեան Խնամակալ մարմնին, աշխատակիցներուն, Հայրապետական օրհնութիւն ու բարեմաղթանքներ փոխանցած է տարեցներուն:

Հայոց Հայրապետը խնամատար հաստատութեան նուիրած է՝ Գէորգ Սուրէնեանցի «Տիրամօր» սրբապատկերի կրկնօրինակը: Այնուհետ Նորին Սրբութեան ձեռամբ կատարուած է  «Արարատ տան» նոր մասնաշէնքի յուշաքարի օրհնութեան արարողութիւնը:

Երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Հրաշափառ»ի արարողութիւն: Հաւատաւոր ժողովուրդին ուղղուած խօսքին մէջ, ան իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները յայտնած է թեմի հաստատման 90-ամեակի առիթով` գնահատելով ամերիկահայութեան ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ:

Վեհափառ Հայրապետը ամերիկաբնակ հայորդիներուն մաղթած է Աստուծոյ ամենառատ շնորհներն ու օրհնութիւնները` յորդորելով, որ աստուածահաճոյ կեանքով, անսպառ եռանդով, ազգային ու հոգեւոր կեանքի բարօրութեան ու պայծառութեան տեսլականով շարունակեն եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ գործերը:  «Հրաշափառ»-ի արարողութենէն ետք հաւատացեալները մօտեցած են Հայրապետի Աջը համբուրելու եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին