*Դոկտ․ԱՐԱՔՍ ՓԱՇԱՅԵԱՆ*
Արեւելագիտութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող
Երեւանի պետական համալսարանէն կոչում ստացած, արաբագէտ։
Արաբերէն և անգլերէն լեզուներով լոյս տեսած է «Իրպիտի և Հիւսիսային Յորդանանի հայերը» մենագրութիւնը, որուն հեղինակը Յորդանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ, հետազոտող և հասարակական գործիչ՝ Գէորգ Մսրլեանն է, ով 1979-1985 թթ․ ուսանած է Հայաստանի մէջ։ 2016 թ․ Գ․Մսրլեան մասնակցած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Յորդանանի հայերը» գիտաժողովին՝ հանդէս գալով նոյնանուն թեմայով։ Մենագրութեան հիմքը թէև կապուած է Գ․Մսրլեանի ընտանիքի պատմութեան, բայց կան հետաքրքիր փաստեր նաև Իրպիտի այլ հայ ընտանիքներու (Թամինեան, Ճեհիդեան, Շէքէրդեմեան, Գարագաշեան, Քէլէնճեան, Մոմճեան և այլն) մասին։ Նշուած է, որ առաջին հայը, որ հաստատուած է Իրպիտի մէջ, եղած է Գ․ Մսրլեանի պապը՝ Կարապետ Մսրլեան։
Ըստ հեղինակի ներկայացուցած փաստերուն՝ առաջին հայերը Իրպիտ (մեծութեամբ Յորդանանի երկրորդ քաղաքն է) և մերձակայքը հաստատուած են Հայոց ցեղասպանութենէն ետք և արդէն 1920-ականներու կէսերէն՝ կրցած են ամրապնդել իրենց դիրքերը։ Հայ գաղթականները հիմնական Մարաշէն էին, Այնթապէն, Հաճընէն, Կեսարիայէն, Քիլիսէն, Տիգրանակերտէն, Կ․Պոլսէն և այլն։ Տեղի արաբական ընտանքիներու օգնութեան շնորհիւ, յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, հայերուն յաջողուած է ձեւաւորել տեղի հայ համայնքի առանցքը։ Նշենք, որ Իրպիտ հաստատուած հայերը հիմնական արհեստաւորներ էին, ձեռքի աշխատանքի վարպետներ, առևտրականներ, լուսանկարիչներ և այլն։ Երկրորդ սերունդը արդէն կրցած է շարունակել ուսումը։ Հայերուն յաջողուած է որոշակի դեր խաղալ Իրպիտի մէջ և մերձակայքը՝ տնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան, գիւղատնտեսութեան և այլն։
Ամէն պարագայի Իրպիտէն որոշ հայ երիտասարդներ, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են Հայաստանի մէջ, ինչը մեծապէս նպաստած է յորդանանահայերու շրջանի հայկական ինքնութեան ամրապնդմանը։ Չնայած Իրպիտ և շրջակայքը հայկական կազմակերպութիւններ ու կրօնական կառոյցներ չեն եղած՝ հայերուն, այնուամենայնիւ, յաջողուած է կազմակերպել իրենց ազգային և ժողովրդական կեանքը։ Կրօնական տօներու, ամուսնութիւններու, կնունքներու ու թաղումներու ժամանակ Ամմանէն ժամանած է հայ հոգևորական։ Հայ համայնքը օգտագործած է տեղի յոյն ուղղափառ եկեղեցին։ Կին կամաւորները կազմակերպած են հայերէնի դասընթացներ։
Ժամանակի ընթացքին հայերը սկսած են աստիճանաբար հեռանալ Իրպիտէն դէպի Ամման, որտեղ հայ համայնքը ազգային ու եկեղեցական կառոյցներ ունի, կամ ալ արտագաղթած են ԱՄՆ, Եւրոպա, Աւստրալիա։ Ներկայիս Իրպիտի մէջ կ՛ապրի ոչ աւել, քան քսան հայկական ընտանիք։
Գիրքի մէջ տեղ գտած են բազմաթիւ արժէքաւոր լուսանկարներ, որոնք կարեւոր փաստական ապացոյցներ են Իրպիտի մէջ հաստատուած հայերու մասին։ կը փաստուի, որ հայերը Յորդանանի մէջ յարգուած և սիրուած են, որպէս արժանաւոր քաղաքացիներ, որոնք յարմարուած են յորդանանեան իրականութեան։ Միւս կողմէն, Իրպիտ հաստատուած հայերը փորձած են ամէն կերպ հարազատ մնալ իրենց ազգային աւանդոյթներուն։
Նշենք, որ Գէորգ Մսրլեանի «Իրպիտի և Հիւսիսային Յորդանանի հայերը» աշխատութիւնը կարևոր ներդրում է Յորդանանի հայ համայնքի պատմութեան ուսումնասիրութեան շրջաններուն։ Բացի այդ, այն կարևոր է Իրպիտ քաղաքի, Յորդանան փոքրամասնութիւններու պատմութեան, մուսուլման և ոչ մուսուլման համայնքներու միջև յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան ոլորտին։ Գիրքը շահեկան է նաև հայ-արաբական փոխառնչութիւններու պատմութեան և հայ-արաբական արդի համագործակցութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն։