Միացեալ Նահանգներ բնակող սփիւռքահայ բանաստեղծուհի՝ Սոնա Վան, Երեւանի մէջ լրագրողներուն պատմած է, թէ ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած իր գիրքը, ինչպէս առգրաւած են Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Sputnik արմենիան:
Բանաստեղծուհիին խօսքով` անցած տարի թրքական կառավարութիւնը առգրաւած է իր գիրքերը, որ տպագրած է հրատարակիչ՝ Ռագըփ Զարաքօլուն: Այսօր ան իր գործունէութեան համար հետապնդումներու կ՛ենթարկուի Թուրքիոյ մէջ:
«Բանաստողծութիւններս հաւնեցաւ տաղանդաւոր թարգմանիչ, թրքագէտ՝ Յակոբ Չաքրեան, եւ ան որոշեց զանոնք թարգմանել թրքերէն: Ստեղծագործութիւնները ուղարկեց «Պելկէ» հրատարակչութիւն, որու ղեկավարը՝ Ռագըփ Զարաքօլուն է»,- ըսած է Վանը:
Ըստ անոր` Զարաքօլուն համարձակեցաւ յայտարարելու, որ անձամբ պիտի խմբագրէ ու պիտի հրատարակէ Ցեղասպանութեան մասին գիրքը:
«Եւ ան ստանձնեց այդ գործը: Շատ լաւ նախաբան գրեց, եւ գիրքը հրատարակուեցաւ 1500 տպաքանակով, այն պարագային, որ իմ միւս գիրքերը տպագրուած էին 1000 օրինակով: Թուրքիոյ մէջ հայերը շատ են, բայց ես ոչ միայն կեդրոնացած էի հայ ընթերցողի, այլեւ թուրք մտաւորականութեան վրայ»,-նշած է ան։
Գիրքի հրատարակումէն ետք բանաստեղծուհին, պէտք է մեկնէր Սթամպուլ` տեղի մտաւորականութեան հետ հանդիպելու համար: Զարաքօլուն կազմակերպած էր ձեռնարկը, սակայն հանդիպումը այդպէս ալ չկայացաւ…
«Որոշակի վախ ունէի, բայց ես կը սպասէի այդ հանդիպման, կ՛ուզէի որոշ հարցեր բարձրացնել այդ մարդոց ներկայութեան: Սակայն իմացայ, որ Էրտողանի հրամանով երեք հրատարակչատուն փակած են, որոնցմէ մէկն ալ «Պելկէ»ն էր, իսկ իմ գիրքերն ալ առգրաւուած էին»,- ըսած է Վան:
Անոր խօսքով, առգրաւումէն առաջ գիրքի 100 օրինակ ուղարկուած էր Երեւան, սակայն 1400 օրինակ մնացած էր հրատարակչատան մէջ: