Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Պատիւ Արժանաւորին. «ԱՅԳ» Առցանց Ձայնասփիւռի Հիմնադիր-Ղեկավարը Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» Մետալով

Սփիւռքի նախարար՝ Հրանոյշ Յակոբեան բարձր կը գնահատէ մամուլի դերը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին նախարարը խօսեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող հայկական «Այգ» առցանց ձայնասփիւռի հիմնադիր-ղեկավար՝ Շաքէ Մանկասարեանին, շնորհած «Մայրենիի դեսպան» մետալի յանձնման արարողութեան ժամանակ: Մետալը շնորհուած էր դեռեւս ՀՀ սփիւռքի նախարարի 14.09.2016-ի հրամանով, սակայն այսօր Հոկտեմբեր 26-ին նախարարը անձամբ շնորհեց մետալը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով, Շաքէ Մանկասարեանին կատարած մեծածաւալ հայապահպան աշխատանքին համար` նախարար Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ այդ աշխատանքը շարունակական կ’ըլլայ եւ նոր շունչ կը հաղորդէ հայապահանութեան, ոչ միայն ԱՄԷ-ի մէջ, այլեւ բոլոր այն հայկական համայնքներուն մէջ, ուր կը հնչէ «Այգ»-ը: 

«Արդէն ութ տարի է Շաքէ Մանկասարեան նուիրումով ու սիրով կը ներկայացնէ  ազգային արժէքները: Ոլորտի մասնագէտները կը հաստատեն, որ 24-ժամեայ անընդմէջ եթեր ապահովելը հեշտ գործ չէ, իսկ Շաքէն կրնայ իրականացնել իր առաքելութիւնը  միայնակ, անշահախնդիր», – նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Հանդիպման ընթացքին,  Շաքէ Մանկասարեանի մասնագիտական վարպետութեան, բազմակողմանի գիտելիքներու, լրագրողական հմտութիւններու մասին խօսեցաւ լրագրող` Արփէն Մովսիսեան:

Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի հասարակական հաղորդումներու ղեկավար` Ռուզան Առաքէլեան, բարձր գնահատելով Շաքէ Մանկասարեանի  մարդկային բարձր որակները, նշեց, որ երկու կայանները արդէն հինգ տարի է կը համագործակցին եւ ամէն ուրբաթ, Շաքէին ազդեցիկ խօսքն ու ուղերձները կը տարածուին Հանրային ձայնասփիւռի եթերով:

Շաքէ Մանկասարեանի գործունէութեան ու անհատականութեան անդրադարձան  թաւջութակահար` Մետէա Աբրահամեան, լեզուաբան` Յակոբ Չոլաքեան եւ արուեստագէտ` Հրազդան Թոքմաջեան:

Շաքէ Մանկասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին համար, նշեց, որ Ռատիօ «Այգ»-ի եթերները կ’ընդգրկեն սփիւռքեան եւ հայաստանեան լրատուութիւն, քաղաքական, հոգեւոր  թեմաներով հաղորդումներ` Աւետարանի մեկնութիւն, Սուրբ Պատարագի հեռարձակում, մշակութային հաղորդումներ, հարցազրոյցներ, իսկ երաժշտական կատարումներէն մեծ տեղ կը յատկացուի ազգային երգարուեստին` ժողովրդական, աշուղական, գուսանական երգերուն, կը հեռարձակուի նաեւ դասական երաժշտութիւն:

«Այգ»-ի հաղորդումները կը հեռարձակեն նաեւ «Երկիր Մետիա», «Արմէնիա» (ԱՄՆ-ի մէջ), «Կիլիկիա» հեռուստատեսութիւնները (Անթիլիաս Լիբանան), ինչպէս նաեւ  «Ասպարէզ», «Հորիզոն» թերթերու կայքերը:

Շաքէ Մանկասարեան իր խօսքին մէջ հետեւեալը յայտնեց. «Մեր դիմատետրի էջերուն մէջ , լուսարձակի տակ կը դնենք Միջին Արեւելքի յատկապէս Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ միջազգային լուրերը շնորհիւ մեր հաստատած կապերու յատկապէս Արեւմտահայերէնով Լրատուական դաշտերու հետ որոնք կը ստանանք յատուկ մեր ել-նամակի կապով ելեկտրոնային պարբերաթերթերը՝ ինչպէս «Նոր Յառաջ»-ը Ֆրանսայէն, «Ժամանակ»-ը Պոլիսէն, «Հայ Կեանք»-ը Յունաստանէն եւ «Պայքար»-ը Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն: Լուսարձակի տակ կը դնենք նաեւ նոյնպէս Արեւմտահայերէնով օգտուելով մամուլի կայքերէն Հալէպի «Գանձասար» , Լիբանանի «Ազդակ» , «Զարթօնք» եւ «Երեբունի- Անկախ Հայկական Լրատու» : Հայաստանէն «Եռագոյն»-ը, Յունաստանէն՝ «Ազատ օր» -ը, Միացեալ Նահանգներէն՝ «Ասպարէզ» , « Հորիզոն» եւ «Հայրենիք»: Արեւելահայերէնով հրատարակուած մամուլը նոյնպէս յատուկ տեղ ունի մեր դիմատետրի մէջ ինչպէս Իրանի «Ալիք» մամուլը եւ «Դեպի Արարատ» (Մոսկվա Ռուսաստանի Դաշնություն) թերթ եւ Հայաստանի առաջնակարգ մամուլի էջերը:

Ան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ չափազանց կարեւոր է հայրենի կառավարութեան եւ, մասնաւորապէս Սփիւռքի նախարարին կողմէ գնահատուած ու արժեւորուած ըլլալը, շնորհակալութիւն յայտնեց սերտ համագործակցութեան եւ այն անկեղծ ու հարազատ վերաբերմունքին համար, որ կը ցուցաբերեն նախարարը եւ նախարարութեան աշխատակիցները իւրաքանչիւր սփիւռքահայու հանդէպ:

Այս առիթով «Զարթօնք» ի սրտէ կը շնորհաւորէ իր գործընկերը, մեր սիրելի պաշտօնակից Շաքէին մաղթելով յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն իր ազգանուէր գործունէութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին