Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Աւելի Սարսափելի Քան Մարմնայինը՝ Հոգիի Սով

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Եկուր սիրելի ընթերցող այսօր խօսինք արժէքներու մասին: Ի՞նչ  են արժէքները։ Անոնք բարոյական սկզբունքներ եւ չգրուած հասկացողութիւններ են, որոնք տուեալ հաւաքականութիւն մը կը համարէ ճիշդ և կարևոր։ Անոնց մէջ կարելի է ընդգրկել ներողամտութիւնը, ազնուութիւնը, ազատութիւնը, աշխատասիրութիւնը, հիւրասիրութիւնը, սէրը, կեանքի հանդէպ յարգանքը և ինքնատիրապետումը։

Մեր արժէքները կ՛ազդեն մեր վարքին, առաջնահերթութիւններուն և փոխյարաբերութիւններուն վրայ, ինչպէս նաև այն բանին, թէ բարոյական ի՞նչ չափանիշեր կը փոխանցենք մեր զաւակներուն։

Բարոյական արժէքները ամէնակարեւոր բանն են ազգի մը համար սիրելիս: Սարսափելին այն է այսօր, որ շատ մը արժէքներ նուազած են մեր մօտ կամ նուազագոյնը ըսելու համար նախկին առաջնահերթութիւնը կամ կարեւորութիւնը չունին այսօր:

Վերջերս վերահասու եղայ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքներուն: Հետազօտողները բարոյական արժէքներու վերաբերեալ հարցեր ուղղած են  հարիւրաւոր երիտասարդներու: Հիմնուելով ստացուած արդիւնքներուն վրայ «Նիւ Եորք Թայմս» գրած. «Որքա՜ն ցաւալի է, որ անոնք (երիտասարդութիւնը) շատ քիչ կը մտածեն և կը խօսին բարոյական հարցերու մասին»։

Ըստ ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն, հետազօտութեան ենթակայ երիտասարդներուն մեծ մասը կ՛ընդունի, որ բռնաբարութիւնը և սպանութիւնը սխալ արարքներ են, սակայն « Բացառութեամբ այս ծայրահեղ արարքներուն, անոնք չեն մտածեր բարոյականութեան հետ կապուած այլ հարցերու մասին, նոյնիսկ երբ խօսքը կը վերաբերի գինով վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելուն, դասերու ժամանակ խաբելուն եւ կողակցին կամ ընկերոջ դաւաճանելուն»։ Երիտասարդուհի մը նշած է. «Ինծի այդքան ալ չի հետաքրքրէր՝  ինչն է ճիշդ, և ինչը՝ սխալ»։ Շատերն ալ այսպիսի տեսակէտ յայտնած են. «Եթէ կը կարծես, որ այդ ճիշդ է, այդպէս ալ վարուիր։ Հետևիր սրտիդ ձայնին»…։

Արդեօք որքա՞ն ապահով է այդպէս մտածել։ Մարդու սիրտը կամ միտքը անշուշտ, ընդունակ է սիրելու և գթութիւն դրսևորելու, բայց այն կրնայ նաև նենգաւոր եւ չարամիտ ըլլալ…:   

Կ՛ապրինք վտանգաւոր օրեր սիրելիս: Մեր մօտ արդեօ՞ք տարբեր է պատկերը, թէ նոյնն է ինչ որ չափով:

Վերջապէս եւ հաշուի առնելով հանդերձ, որ  մշակոյթն ու արժէքը կարելի չէ նոյնացնել, սակայն պէտք է շեշտել սիրելի ընթերցող, որ տուեալ մշակոյթի մը ստեղծած լաւագոյն յատկանիշը արժէքն է: Այն անհատներն ու ազգերը, որոնք կ՛ապրին արժէքներու գերակայութեամբ, ոգեղէն բարձր յատկանիշերով ապրող ազգեր եւ մշակոյթներ են: Մինչ երբ տուեալ ազգի մը բաղկացուցիչ տարրերուն մօտ կը նուազի արժէքներու գերակայութիւնը ապա այդ իրավիճակը կործանիչ է տուեալ ազգին համար:

Ոգեղենականութիւնը պէտք է յատուկ ըլլայ իւրաքանչիւր անձի մօտ սիրելիս, ի մասնաւորի ազգի մը ղեկավարութեան ու յատկապէս անոր մտաւորականութեան մօտ, որ ազգի մը խիղճը կը համարուի: Անոնց մօտ ալ եթէ արժէքները անկում արձանագրեն, ապա կը տիրէ հոգիի սով, որ աւելի սարսափելի է քան մարմնական սովը…: Արդեօ՞ք մեր ղեկավարութիւնը նաեւ մտաւորականութիւնը այսօր կ՛արդարացնէ իրմէ ակնկալուածը, թէ զբաղած է իրար խծբծելով, որ արժէքներու անկումի յստակ չափանիշ է: Ահաւասիկ հոս է հարցումը սիրելի ընթերցող:

Արդեօ՞ք թեւակոխած ենք արդէն այդ սարսափելի՝ հոգիի սովի սահմանները: Ահա այս է իմ մտահոգութիւնը այսօր սիրելիս:

Վաղը կը տեսնուինք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին