Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Ստեղծուած է «Սասունցի Դաւիթ» Դիւցազնավէպի Թեմայով Հայկական Առաջին Ելեկտրոնային Յաւելուածը

«Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպի (էպոս) պահպանման եւ հանրահռչակման նպատակով` էպոսի թեմայով հայկական առաջին ելեկտրոնային յաւելուածը ստեղծուած է:

Անիկա իրականացուցած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Սասնայ տուն» հասարակութեան զարգացման, աջակցման կենտրոն հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ` «Սասնայ ծռեր» կամ «Սասունցի Դաւիթ» աւանդական հանրապետական փառատօնի ծրագիրի ծիրէն ներս:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, յաւելուածը կարելի է ներբեռնել` օգտուելով Android բջիջային համակարգի Play market բաժինէն` գրելով«Սասունցի Դաւիթ»` հայերէն կամ անգլերէն:

Յաւելուածի հիմնական բաժիններն են` ասմունք, զարգացման խաղեր (հարցեր էպոսի մասին եւ հարցեր էպոսէն), հանելուկ եւ ուիքիփետիայի «Սասունցի Դաւիթ», «Սասնայ ծռեր» շարժապատկերներու եւ Ժան Էլոյեանի ասմունքի յղումները: էպոսէն հարցումներուն ճիշդ պատասխանելու նպատակով յաւելուածին մէջ առկայ է նաեւ՝ ելեկտրոնային գիրք, ուր կը ներկայացուին էպոսի` պատասխաններուն առնչուող հատուածները:

Իսկ iOS բջջիջային համակարգին համար յաւելուածը հասանելի պիտի ըլլայ քանի մը ամիսէն:

Յաւելուածի ստեղծումը կարեւոր է, որպէսզի նոր սերունդը տեղեակ ըլլայ՝ ազգային, աւանդական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն եւ հայրենասիրական ոգիով մեծնայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին