Կառավարութեան նիստէն ետք, ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար` Շաւարշ Քոչարեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը կը գործէ հակառակ պայմանաւորուածութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են հանդիպումներու ժամանակ: «Յայտարարուած էր այն մասին, որ լարուածութիւնը պէտք է նուազի, սակայն կը կատարուի ճիշդ հակառակը, եւ ատիկա արդէն օրինաչափութիւն դարձած է»,- ըսած է ան:
Փոխնախարարին խօսքով` Ատրպէյճան վրդոված է, որովհետեւ յայտարարուած է շատ պարզ բան` հարցի ետեւէ կարգաւորում կ՛ենթադրէ, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: «Ատրպէյճանի մէջ ատոր շուրջ սկսած է վայնասուն: Սակայն, երբ Պաքուն կասկածի տակ կը դնէ ԼՂՀ անկախութիւնը, կը ձեւացնէ, որ մոռցած է` նոյն հիմքով անկախացած են թէ՛ ԼՂՀ-ն, թէ՛ Ատրպէյճանը. ատիկա եղած է դեռ Սովետական Միութեան օրերուն»,- նշած է Քոչարեան, ապա աւելցուցած, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով երկուքն ալ իրաւահաւասար են, իսկ Արցախի մէջ անկախութեան մասին հանրաքուէն աւելի շուտ տեղի ունեցած է, քան Ատրպէյճանի մէջ: Այնպէս որ, ըստ անոր, իր անհեռանկար քայլերով Ատրպէյճան իր անկախութիւնը կասկածի տակ կը դնէ: «Եթէ անոր համար այդքան սուրբ է տարածքային ամբողջականութիւնը, ապա ո՞ւր անկախացած է»,- ընդգծած է ան:
Քոչարեան նշած է, որ բանակցութիւնները խանգարողը Ատրէյճանն է, եւ այնպէս չէ, որ հայկական կողմերը հրաժարած են բանակցութիւններէն: «Հայկական երկու կողմերն ալ հակուած են բանակցութիւններու, բայց եթէ քու հակառակորդը քեզի կը պարտադրէ, կ՛ըսէ․ կա՛մ ամէն ինչ` ինչպէս ես կ՛ուզեմ, կա’մ պատերազմ, ի հարկէ, այստեղ բնական է` տեղի տալ կարելի չէ»,- շեշտած է ան:
Ան միեւնոյն ժամանակ յիշեցուցած է, որ բանակցութիւններու հեռանկարին մասին շատ յստակ խօսած են համանախագահները` իրենց բազմաթիւ յայտարարութիւններուն մէջ, որ բանակցութիւններու յառաջընթացնի համար անհրաժեշտ է փոխադարձ վստահութիւն: «Ատոր համար անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճան կատարէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները: Երբեք հայկական կողմը չէ խախտած ու չի խախտեր ինչ եղած է գաղտնի սեղանի շուրջ: Խախտողը գիտենք` ով է, միշտ Ատրպէյճանն է, որովհետեւ այն, ինչ կը խօսուի բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, ատկէ ետք ան լրիւ այլ բան կ՛ըսէ»,- նշած է Քոչարեան:
Հարցումին` համանախագահներու առջեւ բարձրացուցա՞ծ են այն հարցը, որ Ատրպէյճան կը խախտէ պայմանաւորուածութիւնը, փոխնախարարը պատասխանած է. «Ի՞նչ կը նշանակէ` բարձրացնել բան մը, որ անզէն աչքով կ՛երեւի, առաւել եւս` համանախագահներուն համար»:
Ան նաեւ աւելցուց, որ ապրիլեան պատերազմը լուրջ ազդեցութիւն ձգած է նաեւ միջնորդներու մօտեցումներու վրայ, ինչ որ կ՛երեւի անոնց վերջին յայտարատութիւններուն մէջ: