Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Թումոն եւ CyArk-ը Կը թուայնացնեն Արենիի Քարանձաւն ու Նորավանքը

Թումոյի հաղորդակցման բաժինը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս կ՛ըսուի.

«Ուրախ ենք յայտնելով, որ Թումոյի մէջ մեկնարկած է թուային պահպանման եւս մէկ նախագիծ, որու շնորհիւ պիտի իրականացուի UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ ընդգրկուած Նորավանքի եւ Արենիի քարանձաւի 3D պարճենահանումը (scanning) եւ մշակումը: Աշխարհի նշանաւոր կէտերու եռաչափ պարճենահանումով զբաղող CyArk միջազգային ընկերութեան մասնագէտները այժմ Հայաստան են, եւ Թումոյի ուսանողներուն ու ոլորտի այլ մասնագէտներու հետ միասին սկսած են 3D նկարահանման գործընթացը:

«Իմ Հայաստան ծրագիրի ծիրէն ներս` ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուող, Սմիթսընեան հիմնարկի եւ Թումոյի կողմէ իրականացուող ծրագիրը մեկնարկած է Հոկտեմբեր 23-ին: LiDAR method-ի հետ ծանօթանալէ ետք մասնակիցները կատարած են նկարելու առաջին փորձերը Թումանեանի այգիին մէջ: Հոկտեմբեր, 25-ին խումբը պիտի ուղեւորուի Նորավանք եւ Արենիի քարանձաւ` իրականացնելու եռաչափ նկարահանումը, իսկ աւելի ուշ պիտի զբաղուի հաւաքուած նիւթերու մշակումով:

«Եռաչափ պարճենահանումը վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ մեծ տարածում ստացած արհեստագիտութիւն է, որուն շնորհիւ աշխարհի կարեւորագոյն պատմական եւ մշակութային կոթողները այժմ կարելի է ընդմիշտ պահպանել թուային տիրոյթի մէջ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին