Հոկտեմբեր 24-ի կէսօրէն ետք արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի որոշ հատուածներու մէջ, հակառակորդը կրկին կիրառած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ ականանետեր:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` մասնաւորապէս` Մարտակերտի եւ Մարտունիի պաշտպանական դիրքերուն վրայ ատրպէյճանական զինուժը 60 մմ-ոց ականանետերէ արձակած է 23 արկ: Արկակոծութեան արդիւնքով ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները որեւէ կորուստ չեն կրած:
Երեկոյեան եւ գիշերը իրադրութիւնը հանգիստ եղած է:
Պաշտպանութեան բանակի հերթապահ զօրամասերը առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակեն աչալրջօրէն վերահսկել իրավիճակը եւ ըստ մարտական կարգադրութեան կատարել իրենց առջեւ դրուած խնդիրը: