Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Առաջին Գրախանութները Բացած են Հայերը

Պոլսոյ Պապը ալի պողոտայի առաջին գրավաճառը եղած է՝ հայ Առաքել Թոզլուեան: Այս մասին՝ ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ կը գրէ թրքական «Birgün» թերթի կայքի սիւնակագիր՝ Ռէֆիք Տուրպաշ «Պապը ալիի առաջին գրավաճառը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ:

            Առաքել Թոզլուեան էֆենտին Պապը ալիի մէջ իր գրախանութը հիմնած է 1875-ին եւ ժամանակի հետ սկսած է զբաղիլ նաեւ հրատարակչութեամբ: 1884-ին հրատարակուած է «Առաքելի գրադարան»-ի գրացուցակը, որ առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Գրքոյկի նպատակն էր` ընթարցասէր հասարակութեան համար հեշտացնել իրեն անհրաժեշտ գիրքերու որոնումը:

            Աղբիւրին համաձայն` Պապը ալիի մէջ ընդհանրապէս սկզբնական շրջանի բոլոր գրավաճառները եղած են հայերը: Հայերու շնորհիւ է, որ գիրքը դարձած է առուծախի առարկայ, վաճառուած սրճարաններու, խանութներու եւ այլ մարդաշատ վայրերու մէջ:

            Առաքել էֆենտին հրատարակած է օսմանեան շրջանի գրողներէն՝ Ահմէթ Ռասիմի, Հալիթ Զիայի շարք մը ստեղծագործութիւնները: Աւելի ուշ Մուալլիմ Նաճիի հետ ձեռնամուխ եղած է դասագիրքերու հրատարակման, որոնք տպագրուած են 100-աւոր օրինակներով: 1891-94 թուականներուն Առաքել Թոզլուեան «Գրպանի գիրք» ձեւաչափով շարք մը վէպեր հրատարակած է:

            Որոշ աղբիւրներու համաձայն, դեռ Առաքել Թոզլուեանէն առաջ Թորոս անունով մարդ մը Պապը ալիի մէջ գրախանութ բացած է, սակայն գործերը այնքան ալ յաջող չեն ընթացած, ան ստիպուած եղած է գիրքերը պարկերը լեցնելով վաճառել ու հեռանալ: Այնուամենայնիւ, որպէս Պապը ալիի առաջին գրավաճառ յայտնի է Առաքել Թոզլուեան: Վերջինիս մասին կենսագրական տուեալները քիչ են: Յայտնի է, որ Առաքել էֆնտին ծագումով Կեսարիայէն եղած է:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին