Պաշտօնական Պաքուն ամերիկեան CNN հեռուստաընկերութեան հաղորդավար, ամերիկացի շէֆ-խոհարար՝ Էնթընի Պուրտէյն Արցախ այցելելու պատճառով կը ներառէ «սեւ ցուցակ»-ի մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական Haqqin.az-ը, այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ:
Պուրտէյն վերջերս այցելած է Հայաստան եւ Արցախ` իր «Էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ տեղանքներ» հեռուստահաղորդման համար ֆիլմ պատրաստելու համար: Պուրտէյն՝ հարցազրոյցներ ունեցած է արցախեան Շուշի քաղաքին մէջ, մասնաւորապէս` Ճտրտուզի կիրճը, ուր ան ճաշակած է ժենգեալով հաց, շիլայ, խորոված, տնական մածուն, թութի եւ հոնի օղի: