Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեան, այսօր Գանձասարի վանքին մէջ մասնակցած է Արցախի եկեղեցիներուն հայկական ոճով գորգերու նուիրաբերման հանդիսաւոր արարողութեան:
Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք ներգրաւուած են ատոր իրականացման գործին մէջ` նշելով, որ անիկա ունի մշակութային, ազգագրական, ինչպէս նաեւ կարեւոր հասարակական նշանակութիւն:
Այս մասին կը հաղորդէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը։