Ռուսիոյ վարչապետ՝ Տիմիթրի Մետվետեւի օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան:
Մետվետեւը դիմաւորուեցաւ ՀՀ վարչապետ՝ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան ղեկավարը ուղեւորուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Այնուհետեւ՝ ՀՀ կառավարութեան մէջ պիտի կայանայ երկու երկիրներու վարչապետներուն հանդիպումը, որմէ ետք կը նախատեսուի միջկառավարական, միչգերատեսչական եւ միջտարածաշրջանային համագործակցութեան առնչուող փաստաթուղթերու ստորագրում:
Հայաստան պաշտօնական այցի ընթացքին, կը նախատեսուի նաեւ ՌԴ վարչապետին հանդիպումը, ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի հետ:
Յայտնի է, որ Հոկտեմբեր 25-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ՝ Եւրասիական միջակառավարական խորհուրդի նիստը: