Հոկտեմբեր 24-էն սկսած է գործել Ստեփանակերտ-Երեւան նոր երթուղին:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրէս»-ի, ըսած է երթեւեկութեան վարչութեան պետ՝ Ալֆրետ Պօղոսեան եւ աւելցուցած, որ նոր երթուղին սկզբնական շրջանին պիտի ըլլայ երկու օրը մէկ:
Անոր խօսքով` նոր երթուղին պիտի ըլլայ Վարդենիս-Մարտակերտ նոր մայրուղով, որ պիտի կրճատէ ոչ միայն ժամանակն ու տարածութիւնը, այլեւ պիտի թեթեւցնէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին եւ հնարաւորութիւն պիտի տայ վարորդներուն երթեւեկելու աւելի հանգիստ:
Ան աւելցուցած է, որ սակը նոյնը պիտի մնայ: Առայժմ պիտի գործէ միայն մէկ ուղեւորափոխադրող մեքենայ:
Նշենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ջանքերով կառուցուած՝ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը, բացուած է Սեպտեմբեր մէկին: