*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Երեւանը հայ ժողովուրդի եռանդի եւ արիութեան իսկական դրսեւորման քաղաքն է:
Ես իմ կեանքիս մէջ չեմ տեսած ո՛չ մէկ այնպիսի քաղաք, որ նման ըլլար Երեւանին, ուր բնակչութիւնը պատմական այդքան կարճ ժամանակահատուածին մէջ, այդքան արագ աճէր»:
Ժան Փոլ (Ֆրանսացի փիլիսոփայ)
Երեւան… աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը, որ հիմնադրուած է երեք հազար տարի առաջ, hայկական քաղաքակրթութեան բնօրրանին՝ Արարատեան դաշտավայրին վրայ… Անիկա աշխարհասփիւռ հայութեան յոյսերու եւ վերածնունդի քաղաքն է, ուր իրենց երազները վարդագոյն տուֆի միջոցով մարմնաւորած են հայ հանճարեղ ճարտարապետներ եւ յատկապէս` Ալեքսանդր Թամանեան:
Այս շաբաթ «Զարթօնք»-ը այցելեց Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան, հաշուի առնելով էրեբունի-Երեւան 2799-ամեակը:
Մեր զրուցակիցն էր թանգարանի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արմինէ Սարգիսեան:
«Զ.» – Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնադրուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանը:
«Ա. Ս.» – Երեւանի պատմութեան թանգարանը հիմնադրուած է 1931-ին, երբ արդէն կար Հայաստանի պատմութեան թանգարանը։ Ժամանակի քաղաքային խորհուրդը որոշում կը կայացնէ, որ Երեւան քաղաքը պէտք է ունենայ իր առանձին պատմութեան թանգարանը: Քաղաքային խորհուրդի որոշումէն ետք՝ կատարուած են տարբեր նուիրատուութիւններ եւ հաւաքուած է մօտ՝ 400, այնուհետեւ 800 ցուցանմոյշ: Այդ ցուցանմոյշները՝ սկզբնական շրջանին՝ տեղաւորուած են Հրշէջ կամաւոր ընկերութեան շէնքին երկու սենեակներուն մէջ, բայց նուիրատուութիւնները անընդհատ շարունակուած են, եւ այդ երկու սենեակները բաւարար չեն եղած, որպէսզի բոլոր ցուցանմոյշները տեղաւորուին այնտեղ: Քաղաքային խորհուրդը որոշում ընդունած է ստեղծել Երեւան քաղաքի պատմութեան առանձին թանգարան, թանգարանին կից ստեղծուեցաւ գիտական խորհուրդ, որուն անդամները եղած են ժամանակի խոշորագոյն մտաւորականներն ու արուեստագէտները, ճարտարապետներ՝ Ալեքսանդր Թամանեան, Թորոս Թորոմանեան, Նիկողայոս Բունիաթեան, Միքայէլ Մազմանեան, նկարիչներ՝ Մարտիրոս Սարեան, Գաբրիէլ Գիւրջեան, Տարագրոս, քանդակագործ՝ Արա Սարգիսեան, գիտնականներ՝ Ստեփան Լիսիցեան, Երուանդ Շահազիզ եւ ուրիշներ: Նկարիչ Մարտիրոս Սարեան՝ թանգարանի հաւաքածուն հարստացնելու համար՝ նուիրած է իր կտաւներէն, Ալեքսանդր Թամանեան իր ստորագրութեամբ Երեւանի յատակագիծը նուիրած է եւ այսպէս, աստիճանաբար, կայացած է թանգարանը եւ 1936-ին՝ արդէն բազմաթիւ պրպտումներու իբրեւ արդիւնք՝ թանգարանը որոշած են տեղակայել 17-րդ դարու կառոյց՝ Կապոյտ Մզկիթին մէջ կամ ինչպէս յաճախ ճանապարհորդները զայն անուանած են՝ «Երկնքի Մզկիթ»-ին մէջ։ Ատիկա ժամանակաւոր որոշում եղած է եւ ընթացքին, քաղաքային խորհուրդը մտածած է, որ պիտի գտնէ թանգարանի համապատասխան շէնք։ Անցած են տարիներ եւ 56 տարի շարունակ՝ թանգարանը գործած է Կապոյտ Մզկիթին մէջ: 1982-ին, Քաղաքային խորհուրդը որոշում կայացուցած է, որ 19-րդ դարու յայտնի ճարտարապետական կառոյցներէն մէկը՝ Հռիփսիմեան օրիորդաց ուսումնարանը՝ պէտք է վերանորոգուի եւ համապատասխանեցուի թանգարանային շէնքի պահանջներուն եւ շէնքը տրուի թանգարանին: Վերակառուցումը տեւած է շատ երկար, եւ ցաւօք 1992-ին, երբ շէնքը արդէն տրուեցաւ թանգարանին, անիկա ամբողջովին աւարտած չէր: 1992-1995 թուականներուն թանգարանը տեղափոխուեցաւ Մաշտոցի 33 հասցէին վրայ գտնուող Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի մասնաշէնք, որ ցաւօք թանգարանային ո՛չ մէկ պահանջմունքի կը բաւարարէր: Թանգարանը հազիւ գոյատեւեց այնտեղ մինչեւ 2005 թուականը, որմէ ետք անիկա հաստատուեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի նորակառոյց շէնքին մէջ` քաղաքապետարանին հետ կազմելով միասնական ճարտարապետական համալիր:
«Զ.» – Ե՞րբ բացուած է թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը: Քանի՞ սրահ ունի այսօր թանգարանը եւ ի՞նչ ներկայացուած է այնտեղ:
«Ա. Ս.» – Թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը բացուած է՝ 2007 Ապրիլ 3-ին, այն ժամանակուայ Հանրապետութեան նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանի օրով: Թանգարանը ունի երեք մշտական ցուցասրահ, ուր ներկայացուած է Երեւանի պատմութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը եւ երկու ցուցարահ, ուր տարուան ընթացին կը կազմակերպուին տարբեր ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ:
Առաջին սրահը կը կոչուի Երեւանը հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ եւ Միջնադարուն: Սրահի հիմնական հայեցակարգը այն է, որ մենք այնտեղ կը փորձենք ներկայացնել Երեւանը ո՛չ միայն իբրեւ աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաքներէն մէկը, այլ՝ նաեւ աշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն մէկը: Երեւանի պատմութիւնը կը սկսինք երեւանեան քարայրով, որ կը թուագրուի Ք․Ա․ մօտ 120 հազար տարուան պատմութեամբ, այսինքն 120 հազար տարի առաջ Երեւանի տարածքը եղած է նախնադարեան մարդու բնակավայր եւ պահպանուած են 80 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող քարէ հատիչներ, այնուհետեւ 40 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող բնակիչի գանկ, որուն կարելի է խորհրդանշօրէն անուանել նախամարդ երեւանցի։ Այդ գանկը վերականգնած է փրոֆէսոր Անդրանիկ Ջաղարեան, որ վերականգնած է նաեւ Պետրոս Դուրեանի գանկը:
Երկորդ սրահը նուիրուած է 19-րդ դարու Երեւանին, ուր կը ներկայացուին Ռուս-պարսկական պատերազմները, որոնց իբրեւ արդիւնք ազատագրուելով Պարսկական տիրապետութենէ՝ Երեւանը կը դառնայ Արեւելեան Հայաստանի կեդրոնը: Կը ցուցադրուին այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող գրաւոր արժէքներ, փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ գեղանկարներ, գծանկարներ, որոնց հեղինակը յայտնի ռուս նկարիչ՝ Մաշքովն է: Կը ցուցադրուին նաեւ Երեւանի գրաւման հետ կապուած մետալներ, բանալիներ, արձաններ, Երեւանի բերդի յատակագիծեր, Երեւանի ժամանակաւոր կառավարութեան ստեղծման փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացուի 19-րդ դարու Երեւանի կենցաղը, ապրելակերպը եւ քաղաքային ինքնակառավարման մարմինները: Կ՝ուզեմ յատկապէս շեշտել Երեւանի քաղաքագլուխի պաշտօնական հագուստը, որ կը ներկայացնէ կովկասեան տիպի կարմիր չերքեզկա (Կովկասեան լեռնականներու մօտ` տղամարդու վրայի երկար, մէջքի վրայ փոթեր ունեցող զգեստ), որ քաղաքագլուխը կը հագնէր տօնական օրերուն:
Մշտական ցուցադրութեան վերջին երրորդ սրահը կը ներկայացնէ Երեւանի կրթութիւնը, տնտեսութիւնը, մշակոյթը, մարմնակրթութիւնը: Ցուցադրութեան մէջ առանձնակի ուշադրութեան արժանի է Երեւանի մանրակերտը, որ այցելուներուն համար շատ ուսուցաղական դեր կը կատարէ, եւ նաեւ կը ներկայացուի 3d տարբերակով: Մեր հաւաքածուները կը համալրուին նուիրատուութիւններու միջոցով, երբեմն նաեւ գնման միջոցով:
«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ: Ո՞վ են թանգարանի բարեկամները Սփիւռքի մէջ:
«Ա. Ս.» – Մենք շատ լաւ կը համագործակցինք Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ Սփիւռքի մաշակոյթի գործիչներու։ Ցուցահանդէսներ շատ յաճախ տեղի կ՝ունենան մեր թանգարանին մէջ: Այս ամառ, մեր թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանցի չորս սերունդներու ցուցահանդէսը: Քանի մը տարի առաջ ալ այստեղ կազմակերպուած էր լիբանանցի նկարիչ՝ Զաւէն Խըտըշեանի աշխատանքներուն ցուցահանդէսը, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանը:
Սփիւռքի հետ կապը շարունակելով՝ վերջերս մեր թանգարանի եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ՝ թանգարանին մէջ կազմակերպուեցաւ գանատահայ նկարիչներու ցուցահանդէսը: Միւս տարի, երբ արդէն կը լրանայ Երեւանի 2800-ամեակը, մենք, Սփիւռքի նախարաութեան հետ համատեղ, ունինք բազմաթիւ համաձայնութիւններ, որ Պէյրութի մէջ պէտք է կազմակերպուի Երեւանը երեք հանրապետութիւններու մայրաքաղաք խորագիրով ցուցահանդէս, որ նուիրուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն Երեւանի 2800-ամեակին, այլ նաեւ Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին: Պիտի ներկայացնենք 100 լուսանկար նուիրուած Երեւանի 2800-ամեակին:
«Զ.» – Վերջերս նշեցինք Էրեբունի – Երեւան 2799 ամեակը: Ի՞նչ ձեռնարկներ կազմակերուած էին թանգարանին մէջ՝ տօնակատարութեան ծիրէն ներս:
«Ա. Ս.» – Այս տարի մեր թանգարանը էրեբունի-Երեւան 2799 տօնակատարութեան մասնակցած է մեծ աշխուժութեամբ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ, Հոկտեմբեր 14-ին բացուեցաւ Երեւանը գեղանկարներու մէջ խորագիրով ցուցահանդէս, ուր ներկայացուեցան թագարանի գեղարուեստի հարուստ ֆոնտէն այնպիսի գործեր, որոնք առաջին անգամ կը ցուցադրուէին: Ներկայացուցած ենք հին Երեւանը, Խորհրդային Երեւանը եւ նոր Երեւանը, որուն լուսանկարները մեր պահոցէն չէին, այլ մենք կապ հաստատած էին ժամանակակից ստեղծագործողներու հետ, որոնք ունէին Երեւանին վերաբերող աշխատանքներ եւ մօտ 20 հեղինակի 40 աշխատանք կազմեցին ցուցահանդէսին երկրորդ բաժինը: Երկրորդ ցուցահանդէսը, տեղի ունեցաւ Խաչքարերու պուրակին մէջ էր։ Այնտեղ ներկայացուեցաւ Երեւան քաղաքը՝ 19-րդ դարէն մինչեւ այսօր:
«Զ.» – Հրատարակչական ի՞նչ աշխատանքներով կը զբաղի թանգարանը եւ ի՞նչ կրթական ծրագիրներ կ՝իրականացնէ:
«Ա. Ս.» – Թանգարանի գործունէութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը՝ նաեւ գիտական աշխատանքն է եւ տարիներու ընթացքին թանգարանը, այսինքն 2007 թուականէն, ունեցած է աւելի քան քսան հրատարակութիւն։ Երբ լրացաւ Երեւանի 2790-ամեակը, մենք հրատարակեցինք 11 գրքոյկ, որոնք կը ներկայացնեն մեր հաւաքածուները՝ կահոյքի, զէնքերու, գորգերու, տարազի, զարդերու, լուսանկարներու, քարտէզներու: Հրատարակած ենք նաեւ Երեւանի տարեգրութիւն աշխատութիւնը, Երեւանի նշանաւոր ընտանիքները աշխատութիւնը եւ չորս անգամ ունեցած ենք չորս գիտական նստաշրջան, որուն իբրեւ արդիւնք հրատարակած ենք չորս գիտական յօդուած-ժողովածու։ Միւս տարի արդէն պիտի աշխատինք հինգերորդ ժողովածուին վրայ, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Երեւանի 2800-ամեակին:
2005-էն սկսեալ` թանգարանին մէջ մշակուած եւ իրականացուած են նաեւ ժամանակի պահանջներուն համահունչ տարաբնոյթ կրթական ծրագիրներ, որոնց նպատակն է փոքրիկները հաղորդակից դարձնել մեր քաղաքի մշակութային ժառանգութեան, անոնց մէջ ձեւաւորել գեղագիտական ճաշակ, սերմանել թանգարան յաճախելու մշակոյթ եւ, ի հարկէ, դաստիարակել արժանի քաղաքացիներ: Մենք ունինք «Ճանաչիր Երեւանը» խաղ-պտոյտը, որ նախատեսուած է միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներու, ինչպէս նաեւ առաջին եւ երկրորդ լսարանի ուսանողներու համար: Մեր մշտական ծրագիրներէն են նաեւ «Գիտունիկը» եւ «Երեւանի բերդի առում» կրթական ծրագիրները:
«Զ.» – Յիշեցնենք, որ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի Արգիշտի փող., 1/1 հասցէին վրայ: Հեռ. +374-10-568185 – Կայքէջ՝ www.yhm.am