Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Կիպրոսի ազգային առաջնորդարան այցելեց իր պատուիրակութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան: Առաջնորդարանի մուտքին տիկին նախարարը դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ, որոնք ուղղուեցան դահլիճ, ուր ներկայ էին թեմի կրօնական դասն ու փրեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, կառոյցներու, կուսակցութեանց, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, Կրթական հաստատութեան պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ եւ հրաւիրեալներ։

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ համայնքին անունով ըսաւ, որ կիպրահայ գաղութը մօտէն կը հետեւի Սփիըռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն հեռատեսիլի եւ լրատուական միջոցներէն: Ապա, Սրբազան հայրը ըսաւ.-« Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է Ձեզ ընդունիլ մեր յարկէն ներս։ Ձեր յարկէն ներս։ Մենք գիտենք թէ դուք որքան հարազատութեամբ կապուած էք կիպրահայ համայնքին։ Ուստի անգամ մը եւս ձեզի կը մաղթենք բարի գալուստ ձեր ընտանեկան յարկը։ Կիպրահայ համայնքը իր հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցչիներով մասնակցեցաւ ձեր կողմէ կազմակերպուած Հայրենիք Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին։ Կ՛ուզենք անգամ մը եւս շեշտել, թէ ուրախութեամբ նկատեցինք, որ հետզհետէ դէպի հայրենիք կազմակերպուող միջոցառումներուն կ՛աճի Սփիւռքէն մասնակիցներու թիւը։ Կը գիտկացինք նաեւ որ բոլորս միասին կը բաժնենք, բոլորս միասին կը տագնապինք թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի դիմագրաւած խնդիրները, դժուարութիւնները եւ որոնց յաղթահարման համար կ՛աշխատինք միասին։ Ինչպէս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բանաձեւեց հայրենիքի ժողովրդական տագնապը եւ Սփիւռքի մաշումը բոլորիս խնդիրն է եւ մենք համոզուած ենք, որ հայրենիք Սփիւռք համատեղ եւ միասնական աշխատանքներով մենք պիտի յաջողինք յաղթահարել նաեւ այս բարդ հարցերը։

«Օրեր առաջ Դուք ներկայ եղաք Եւրոպայի Հայ Դատի համագումարին։ Կիպրոսը եւս ներկայացուած էր իբրեւ Եւրոմիութեան անդամ։ Հայ Դատը պահանջատիրութիւն է ամէն բանէ առաջ. եւ պահանջատիրութիւնը այլեւս ամրագուած է Համահայկական Հռչակագիրով։ Մեր պահանջներուն եւ մեր իրաւունքներուն վերականգնման համար մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանի հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը կարեւոր երաշխիքներ են մեր համազգային երթի յաջողութեան համար։

«Կ՛ողջունենք նաեւ որ Կիպրոսը, Յունաստանն ու Հայաստանը միասին կը համակարգեն իրենց Սփիւռքի խնդիրները։ Մենք արդէն Սփիւռքի հետ աշխատելու մեր փորձառութիւնը կը միջազգայնացնենք այս ձեւով։ Եւ պատահական չէ որ այս երեք երկիրները իրար քով եկած են եւ իրար հետ կը համադրեն այս աշխատանքները, անոնք պատմականօրէն ունին շատ ընդհանրութիւներ եւ յայտարարներ։ Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի ուժ եւ կորով պարգեւէ առաւել եւս նպատակուղղուած թափով դէպի հայրենիք ուղղելու աշխարհատարած հայութիւնը»։

Տիկին Նախարարը խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հայրենիքի հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան եւ կապուածութեան եւ շեշտեց սփիւռքի ներդրումի կարեւորութեան հայրենիքի բարգաւաճման, զարգացման եւ հզօրացման ոլորտներէն ներս: Ապա, լայն կերպով անդրադարձաւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքներուն: Պետական ներկայացուցիչը իր սրտի խօսքը ըսելէ ետք, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան Տիկին Նախարարին կողմէ: Անկէ ետք յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան:

Արժէ յիշել թէ տիկին նախարարն ու պատուիրակութիւնը, սրբազան հայրն ու պետական ներկայացուցիչը կէսօրին ճաշի պաշտօնական հիւրն էին Կիպրոսի փոքրամասնութեանց նախարար Ֆօթիս Ֆօթիուի:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին