Զրուցեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Ակցիա առողջութիւն՝ Հայաստան – ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՀ սփիւռքի և առողջապահութեան նախարարութիւններու աջակցութեամբ, Երևանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սրտաբանութեան եւրակովկասեան 6-րդ համագումարը», որուն ընթացքին աշխարհի տարբեր ծայրերէն Հայաստան եկած՝ հայ և օտար սրտաբաններ հետաքրքիր ելոյթներ ունեցան, կարծիքներ փոխանցեցին, հանդէս եկան միասին ծրագիրներ իրականացնելու նախաձեռնութեամբ: Ահա, թէ ինչ նիւթով ընթացաւ «Հայերն այսօր»–ի համար կատարուած իմ հարցազրոյցը սրտաբան Ճորճ Բարսեղեանի հետ.
– Տոքթ. Բարսեղեան, ամէն համագումար նոր ծրագիրներու, նոր մտայղացումներու միջոց կը դառնայ. համամի՞տ էք:
-Անշու՛շտ, այդպէս է. նման համաժողովներ ինքնանպատակ չեն կրնար ըլլալ, անոնք լուրջ, գիտական հաւաքներ են, որոնց ընթացքին շատ նշանաւոր սրտաբաններ հանդէս կու գան կարեւոր նիւթերով, առաջարկութիւններով, յայտարարութիւններով, որոնք ի յայտ կը բերուին՝ սրտաբանութեան ոլորտի յետագայի ընելիքներուն, որոշակի քայլեր ձեռնարկելու համար: Ըսեմ, որ ներկայիս բժշկութեան համար շատ մեծ դեր կը խաղայ համացանցը, տեղեկատուական միջոցները։ Այսօր շատ դիւրին ու հասկանալի են այդ ոլորտի նորութիւններուն ծանօթանալը, խնդիր չէ: Սակայն նման համագումարներ լաւ են այն առումով, որ ընդհանուր ծանօթութիւն, կենդանի շփում կ՛ըլլայ տարբեր երկիրներէն մէկ տեղ հաւաքուած սրտաբաններու միջև, համագործակցութեան հիմքեր կը դրուին, մէկը միւսին կը ծանօթացնէ տեղեկատուական նոր միջոցներ: Համագումարը լայն տեսադաշտ է այս առումով:
– Տոքթ.Բարսեղեան, հայ սրտաբանները շա՞տ բան ունին սորվելու օտարազգի սրտաբաններէ:
-Անկեղծօրէն պէտք է ըսեմ, որ հայ սրտաբանները լա՛ւ սրտաբաններ են: Հայ սրտաբաններու համբաւը բաւականին բարձր է տարածաշրջանի մէջ, սակայն Ռուսաստանի, եւրոպական այլ երկիրներու սրտաբաններէ ունինք ոչ թէ սորվելու, այլ՝ նորութիւններ ձեռք բերելու՝ կապուած զարգացման (թեքնինի) հետ, մանաւանդ՝ վիճակագրութեան: Այսօր բոլոր գիտութիւնները վիճակագրութեան վրայ հիմնուած են: Առնենք մեր՝ շուրջ 2.5-3 միլիոն բնակչութեան վիճակագրական ցուցանիշները. այդ տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանի մէջ այսօր ունինք 240 հազար սրտանոթային հիւանդներ. բնականաբար, այնքան ալ դժուար չէ ունենալ այդքան հիւանդներու տուեալները, անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն քան՝ եւրոպական որեւէ երկրի մէջ:
– Որո՞նք կը դիմեն աւելի շատ սրտաբաններու՝ յարակից հիւանդութիւններով տառապողնե՞րը, օրինակ՝ շաքարախտով, բնածին արատներ ունեցողնե՞րը, թէ՞ սրտային փոքր անհանգստութիւն ունեցողները…
– Սրտաբաններուն շատ կը դիմեն ե՛ւ յարակից հիւանդութիւններ ունեցողներ, ե՛ւ բնածին ու ձեռքբերովի թերութիւններով, սրտի կափարիչներու հետ կապուած խնդիրներ ունեցող հիւանդները: Կը դիմեն մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն գիտնալ, թէ սրտի անհանգիստ աշխատանքը ինչո՞վ պայմանաւորուած է. ընդհանրապէս սրտաբանը կը յայտնաբերէ բուն հիւանդութիւնը, որու պատճառով սրտի անհանգստութիւն կ՛ունենան: Սրտաբաններու շատ կը դիմեն նաև էնդոկրին ախտանիշերով հիւանդներ:
– Տարիքային ո՞ր խումբերը աւելի շատ կը դիմեն սրտաբանին, և որո՞նք կը գերակշռեն դիմողներու շարքը՝ տիկնա՞յք, տղամարդի՞կ…
– Սրտաբանին կը դիմեն տարբեր տարիքի, աւելի շատ՝ 50-ը անց մարդիկ, սակայն աւելի՝ տիկնայք, որովհետև անոնք աւելի հետևողական են, աւելի՝ զգոյշ: Տարիքային փոփոխութիւններով պայմանաւորուած՝ աւելի մեծ տարիքի մարդիկ խնդիրներ կ՛ունենան, ըսենք՝ կլիմակտերիկ շրջանին զարկերակային ճնշման տատանումները:
– Տոքթ. Բարսեղեան, մեր օրերուն քիչ չեն ծնիր սրտի զանազան արատներով երեխաներ. ըսէք, խնդրեմ, արդեօք կա՞յ անոնց լիարժէք և կեանքի բնական ընթացք ապահովող բուժում:
– Սրտի զանազան արատներ կան՝ ծանր, միջին ծանրութեան, թեթև. անոնք բոլորն ալ ունին բուժման իրենց որոշակի ընթացքը, պէտք եղած դէպքին՝ վիրահատական միջամտութիւնը: Կան արատներ, որոնք տարիքի հետ աւելի անվտանգ կը դառնան: Եթէ կարիքը կա՞յ, որոշակի արատով նոր ծնած երեխային ալ կը վիրահատեն, և ան կ՛ապրի լիարժէք կեանքով: Սրտաբանութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ շատ զարգացած է, աննախադէպ յաջողութիւններ կը գրանցուին այդ բնագաւառէն, նորարարական արհեստագիտութիւնը մեծապէս կը նպաստէ այդ ոլորտի կատարելագործման:
– Բժի՛շկ, ի՞նչ անհրաժեշտ է սրտին՝ լաւ զգալու համար:
– Սէր ու բարութիւն, հնարաւոր չափով՝ քիչ ճնշումներ, մաքուր օդ, առողջ ապրելակերպ:
– Ինչպէ՞ս կը բաբախէ սրտաբանի սիրտը:
– Չե՛մ բողոքէր, շնորհակա՛լ եմ սրտիս, սակայն պէտք է խոստովանիմ, որ երբեմն անփոյթ կը գտնուիմ անոր հանդէպ:
– Շնորհակալութի՛ւն, բժիշկ. յուսանք, որ սրտաբաններու համահայկական յաջորդ համաժողովին կը խօսուի ողջ աշխարհի սրտային հիւանդութիւններու նուազեցման ուրախալի ցուցանիշերու, վիճակագրական առաւել յուսադրող տուեալներու մասին:






