Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Հրապարակի Վրայ Է Երաժշտութիւն Կոչուած Աղբի Մէկ Տեսակ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երէկ գիշեր խմբագրատան մէջ նստած, մինչ մեր թերթին էջերուն փորձերը կը սպասէի ստուգելու, համակարգիչին դիմաց ժամանակս կ՛անցնէի դիտելով Յարութ Փամպուքճեանի նուիրուած` մէկ բարձրորակ համերգը, որ տեղի ունեցած է՝ ԱՄՆ Տոլպի շքեղ համերգասրահին մէջ: Սրահը բերնէ բերան լեցուն, երաժիշտները գեր-արհեստավարժ, իրենց երէց վարպետը՝ Յարութ Փամպուքճեանը պատուող ժամանակակից երգիչները՝ լաւ ընտրուած, մթնոլորտը՝ աւելի քան գեղեցիկ ու բարձրորակ: Մակարդակը՝ այնքան նուրբ եւ զգացական, որուն պարգեւած վայրկեանները կարելի չէ շուտ մտահան ընել: Երգեր… անմահ երգեր: Երգերու բառեր՝ բանաստեղծութիւններ անզուգական:

Չես գիտեր, սիրելի ընթերցող՝ ուրկէ՜ – ուր համեմատական մը ստեղծուեցաւ մտքիս մէջ նորաբոյս Super Sako-ի ձաբռտուքներուն հետ, որոնց ոմանք երգ անունը կու տան: Զարմանալիօրէն սիրելիս այսօր հրապարակի վրայ է երաժշտութիւն կոչուած աղբի մէկ տեսակ, որուն նոյնիսկ անուն կարելի չէ տալ: Այս երեւոյթը ինչ որ նորութիւն մըն է, որուն իմ «յետամնաց» խելքը չի հասնիր:

Նկարագրով պահպանողական մը չեմ: Ընդհակառակը: Սակայն  երաժշտութիւն կոչուող այս աժան բաները, որ կը լսեմ նորութիւն մըն է, որ մենք կարծեմ չենք գիտեր ի՞նչ է: Նոր կենդանի մը երեւի, որ ունենալով ինչ, որ ֆինասաւորում ստեղծած է այնպիսի վիճակ, որ կարելի չէ բացատրել: Երգեր, որոնք ամէն մեղքիս շատ տարածուած են մրցանիշեր կտրելու աստիճան…:

Սակայն աղբը կը մնայ աղբ, որովհետեւ աղբը շատ արտադրուող բան մըն է, անկէ շատ կարելի է տեսնել ամէն կողմ ի հակասութիւն ադամանդին, որ յատուկ է ու ոչ միշտ գտանելի:

Կարդա՛ սիրելի ընթերցող, թէ այսօր միջազգային մրցանիշեր կտրած եւ տասնեակ լեզուներով երգուող «Մի գնա՛» երգին բառերը ի՞նչ կը հոլովեն.

Մենակ եմ աշխարհում

Առանց քեզ

Տենչում է իմ սիրտը միայն քեզ

Լուռ տանջւում է հոգիս

Արի տես

Արի տես

Արր տես

Ու կը կրկնէ հա կը կրկնէ…:

Հետաքրքրական է, ո՞վ այս բառերը քով քովի դրած է…:

Փոխարէնը կարդայ Փամպուքճեանի երգի բառերը: Ան կ՛երգէ Սիլվա Կապուտիկեանի՝ «Կարօտի Պահին».

Արի՜, արի՜, արի՜,

Թէկուզ վերջի՛ն անգամ,

Թէկուզ քայլով դժկամ,

Միայն արի՜, արի՛։

Թէկուզ բերես դու ինձ

Նոր բաժանման թախիծ,

Անդարձ գնաս նորից

Միայն արի՜, արի՛..

Թէկուզ անսէ՜ր, անսի՜րտ,

Թէկուզ հեգնող ու խիստ,

Թէկուզ խայթող ու բիրտ,

Միայն արի՜, արի՛։

Թէկուզ բերես դու ինձ

Մի նո՛ր դաւի կսկիծ,

Թէկուզ ուրի՜շ գրկից,

Միայն արի՜, արի՛…

 

Սուփըր «Մի գնա»ն  կը շարունակէ եւ ուրիշներ կը կրկնեն.

Քեզ խնդրում եմ մի գնա՛

մի գնա՛ գնա՛ գնա՛

Մնա՛ իմ գրկում մնա՛,

Իմ գրկում մնա՛, մնա՛

Սրտիս սէրը կտամ քեզ

Մենակ կողքիս դու լինես,

Սրտիս սէրը կտամ քեզ

Մենակ կողքիս դու լինես։

 

Մինչ Փամպուքճեան, կ՛երգէ Վահան Տէրեանի «Տարիներ»ը.

Մի խաղաղ երեկոյ է հիմա

Մեղմալոյս, ե՛ւ տխուր, ե՛ւ անուշ.

Քեզ երբեք սիրտըս չի մոռանայ,

Իմ մաքո՛ւր, առաջին իմ անուրջ…

Տարիներ, տարիներ կը սահեն,

Կը մեռնեն երազները բոլոր

Քո պատկե՛րը անեղծ կը պահեմ

Օրերում անհաստատ ու մոլոր։

Ե՛ւ տանջանք, ե՛ւ բեկում, ե՛ւ թախիծ

Սև օրեր ես դեռ շա՜տ կը տեսնեմ.

Անունըդ փարոս թող լինի ինծ

Սուտ կեանքի և դառը մահու դէմ…

 

Ու կը շարունակէ Յարութ Փամպուքճեան Պարոյր Սեւակի «Եռեքնուկ»ը: Կը շարունակէ երգել Կապուտիկեանի «Թէ աչերս քեզ որոնեն»…

Թէ աչերս քեզ որոնեն,

Ես կփակեմ մութ կոպերով,

Որ աշխարհում քեզ չտեսնեն:

Թէ խենթ լեզու՛ս անունդ տա՛,

Ես կսեղմեմ ատամներով,

Որ հնչիւն իսկ չշշնջայ:

Բայց երբ սիրտս, սիրտս է ուզում

Ձայնել ու քեզ տեսնել իր դէմ

Ինչո՞վ փակեմ սրտիս լեզուն,»

Սրտիս աչքերն ինչո՞վ փակեմ:

Հիմա թերեւս ըսես սիրելի ընթերցող, որ լա՛ւ․ ի՞նչ է գաղտնիքը վատորակին տարածումին: Ես իմ կարգիս կրնամ հաստատել, որ ո՛չ այն ամէն ինչը, որ արագ եւ շատ կը տարածուի լաւ է ու պիտանի: Պոռնկագրական ժապաւէն մըն ալ կայծակի արագութեամբ կը տարածուի ու կրնայ շատ դիտող կամ փնտռող ունենալ, սակայն այս մէկը չափանի՞շ է անոր պիտանելիութեան կամ լաւ հանգամանքին…:

Վատորակ երաժշտութեան երեւոյթի տարածումին համար կարելի չէ՛ միշտ քննադատել ունկնդրողը: Զայն տարածողն է մեղաւորը: Հեռուստացոյցը, համացանցը, ձայնասփիւռը շատ արագ ու լայն կերպով կը տարածեն զայն: Տնտեսագիտութեան մէջ կայ այն կանոնը, որ կը հաստատէ, թէ իրապէս կրնաս լաւ դրամ շահիլ, եթէ զանգուածային լրատուութեան միջոցաւ արտադրութեանդ գովազդը տարածես: Սակայն նման բան ընելու համար կայ նաեւ պատասխանատուութիւն, որովհետեւ վատորակ բանի մը գովազդը պիտի խախտէ բարոյական նաեւ մշակութային արժէքներ:

Այն երեւոյթը, թէ ինչո՞ւ վատորակ երաժշտութիւն կը տարածուի ոմանք կ՛արդարանան կամ կ՛արդարացնեն ըսելով, որ պահանջք կայ: Բայց չէ՞ որ պահանջը ծանուցումն է, որ կը ստեղծէ: Եթէ տուեալ կայանը, մենք կամ ուրիշներ վատորակը շրջանառութեան մէջ չդնենք, ժողովուրդը չի լսեր, հետեւաբար չի պահանջեր:

Տարածենք լաւագոյնը սիրելիս: Ես կը հաւատամ, որ եթէ տարածուածը լաւագոյնն է, ժողովուրդը պիտի սիրէ զայն, մինչ անոր ճաշակն ու ականջը պիտի ազնուանան ու փնտռէ լաւը: Պիտի գնահատէ որակը:

Մինչ այդ կարելի է մխիթարուիլ մէկ բանով: Յարութ Փամպուքճեանի երգերը լսած են մեր հայրերը, կը լսենք մենք ու պիտի լսեն մեր զաւակներն ու թոռները: Մի՞ւսը… երեւի քանի մը ամիս եւս հոլովուի… ու մոռցուի…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին