Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Անկարելի է Հայաստանին Արգիլել Վերահաստատել ԼՂ Հարցով Իր Դիրքորոշումը. Պաքուն Խեղճուկ Հնարքներու կը Դիմէ. Նալպանտեան

Մօտ չորս տարուան ընթացքին՝ առաջին անգամ հնարաւոր եղաւ համատեղ յայտարարութիւն ընդունելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ համանախագահներուն մասնակցութեամբ:

Այս մասին, Եւրոպայի հայկական չորրորդ համագումարին ընթացքին իր ունեցած ելոյթին ժամանակ, նշած է Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

Անդրադառնալով Արցախի խնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Հայաստանի ԱԳ նախարարը նշած է.

«Անշուշտ, ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգի ամենամեծ առաջնահերթութիւնն է: Ինչպէս գիտէք, երեք օր առաջ, Ժընեւի մէջ, գագաթաժողով իրականացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ: Ինչ կը վերաբերի բուն հանդիպման, անիկա յստակօրէն արտացոլուած էր արտաքին գործոց նախարարներու եւ համանախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Հանդիպումը անցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Նախագահները համաձայնեցան միջոցներ ձեռնարկելու բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու ուղղութեամբ եւ յաւելեալ քայլեր ձեռնարկելու` նուազեցնելու լարուածութիւնը սահմանագիծին վրայ: Համանախագահները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երկար ընդմիջումէ ետք տեղի ունեցած այս ուղիղ բանակցութիւններուն վերաբերեալ։

Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու կողմերուն հետ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ բանակցային հանգուցալուծման միջնորդութեան ուղղութեամբ: Իբրեւ յաջորդ քայլ, մօտ ապագային համանախագահները աշխատանքային հանդիպումներ պիտի կազմակերպեն ԱԳ նախարարներուն հետ:

Ինչպէս գիտէք, հայկական կողմը երկար ժամանակ է` հանդէս կու գայ խաղաղ բանակցային հանգուցալուծման եւ լարուածութեան նուազեցման օգտին, եւ այս ամէնը արտացոլուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Մօտ չորս տարուան ընթացքին՝ առաջին անգամ՝ հնարաւոր եղաւ համատեղ յայտարարութիւն ընդունելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ համանախագահներու մասնակցութեամբ: Ինչպէս գիտէք, նախապէս Հայաստանը իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր միանալու համանախագահներու յայտարարութիւններուն, սակայն, Ատրպէյճանը մշտապէս կը հրաժարէր հանդէս գալու համատեղ յայտարարութեամբ:

Գագաթաժողովէն ետք Ատրպէյճանը սկսաւ կեղծ պնդումներ տարածել, թէ իբր Հայաստանը ոտնահարած է կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը առ այն, որ անոնք Ժընեւեան հանդիպման ընթացքին յղում կատարելու ժամանակ պէտք է սահմանափակուին միայն համատեղ յայտարարութեան դրոյթներով: Հայկական կողմը ամբողջապէս կը յարգէ համաձայնութիւնը: Անիկա կը վերաբերի յստակ ժընեւեան հանդիպման, այլ ո՛չ թէ ողջ խաղաղութեան գործընթացին: Բայց, անկարելի է Հայաստանին արգիլել վերահաստատել հիմնահարցի հանգուցալուծման վերաբերեալ իր դիրքորոշումը: Առաջին անգամ չէ, որ իր շահարկումներուն համար Ատրպէյճանը նման աժան ու խղճուկ հնարքներ գործի կը դնէ: Ակնյայտօրէն, Պաքուն կը նախընտրէր, որ բոլորը մոռնային ու չխօսէին իր ապակառուցողական մօտեցումներուն մասին:

Առաջին` 2016 Ապրիլին Ատրպէյճանը յարձակում սանձազերծեց Արցախի դէմ, որուն հետեւանքով խաղաղ գործընթացին հասցուած վնասը դեռ չէ յաղթահարուած: Երկրորդ` Պաքուն կը հրաժարի իրականացնելու Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի համաձայնութիւնները:

Երրորդ` Ատրպէյճանը կը հրաժարի վերահաստատելու ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման սկզբունքները, որոնք ներկայացուած են համանախագահ երկիրներու կողմէ իբրեւ կարգաւորման հիմք: Մասնաւորապէս, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառում, ինքնորոշում եւ տարածքային ամբողջականութիւն: Չորրորդ` հակառակ համանախագահներու բազմաթիւ կոչերուն` յարգելու 1994-95-ի համաձայնագրերը, Պաքուն կը շարունակէ խախտել հրադադարը:

Հայաստանը խորապէս համոզուած է, որ եթէ Պաքուն կատարէ համանախագահներուն կոչերը` խստօրէն յարգէ հրադադարը, կեանքի կոչէ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներու կողմէ առաջարկուած հակամարտութեան կարգաւորման երեք սկզբունքներուն եւ կառուցողական մասնակցութիւն ունենայ բանակցութիւններուն, ուստի հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի խաղաղ գործընթացի առաջմղման համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին