Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի Այցելութիւնը Արեւմտեան Թեմի Հաւատացեալներուն Արեւմտեան Թեմի 90 Ամեակի Փառաշուք Նշում

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

«Բարեխօսութեամբ Վերին քո զօրացդ
Միշտ անշարժ պահեայ զԱթոռն Հայկազեան»:

 (Շարական)

            Հայ Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի հիմնադրման 90 ամեակի պանծալի տարեդարձին առիթով, բարեջան եւ մեծագործ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ղեկավարութեամբ՝ բազմաթիւ, բազմաբնոյթ եւ բազմամակարդակ ձեռնարկներով պիտի նշեն թեմի պատմական այս տարեդարձը:

            Այս օրերուն, թեմի բոլոր պատասխանատուները՝ հոգեւոր, աշխարհիկ, երիտասարդական, աշակերտական, բարերարներ, թեմի 51 ծուխերու եւ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ՝ Արեւմտեան թեմէն ներս գործող 40-է աւելի մարմիններն ու յանձնախումբերը, միասնականութեան գեղեցկագոյն մթնոլորտի մէջ եւ ժամացոյցի ճշդապահութեամբ լծուած են տենդագին աշխատանքի մը, թեմի 90 ամեակի տօնակատարութիւնը անմոռանալի օրերու վերածելով:

            Հոկտեմբեր 24-Նոյեմբեր 5-ի օրերը, Արեւմտեան Նահանգներու հայութեան համար պատմական բացառիկ օրեր պիտի ըլլան: Այդ օրերուն թեմի 90 ամեակի տօնակատարութեան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները պիտի վայելեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետին նախագահութիւնը եւ որոշ ձեռնարկներ ալ՝ օրհնաբեր ներկայութիւնը:

            Արդէն մեր գաղութը, ամիսէ մը ի վեր մեծ սիրով եւ ակնածանքով, անհամբեր կը սպասէ անգամ մը եւս տեսնելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Անոր Աջը համբուրելով, արժանանալու Հայոց Շնորհազարդ Հայրապետի օրհնութիւններուն:

* * *

            Նոյեմբեր 28, 1927-ին, լուսոյ խորան Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետ, երջանկայիշատակ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի կոնդակով հիմը դրուեցաւ Քալիֆորնիոյ թեմին, որ յետագային անոր քանի մը նահանգներ միանալով վերանուանուեցաւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմ:

            Այդ օրերու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն ջանքերով կառուցուած էին հինգ եկեղեցիներ՝ Ֆրեզնոյի եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն մէջ: Այս հինգ եկեղեցիները օծուած էին եւ ենթակայ էին Արեւելեան թեմի առաջնորդին, որ իր հերթին ենթակայ էր Ս. Էջմիածնի Աթոռին:

            Այդ հինգ եկեղեցիները կորիզը կազմեցին Արեւմտեան թեմին:

            Ամենայն հպարտութեամբ կու գանք յիշելու, թէ Արեւմտեան թեմի գոյառման, հաստատման եւ ձեւաւորման մէջ, իր անփոխարինելի դերը կատարած են ՌԱԿի մեր շարքայինները եւ «Նոր Օր» պաշտօնաթերթը, խորունկ հաւատքով եւ մեծ նուիրումով  անոնք եկեղեցաշինութեան եւ եկեղեցական մարմիններուն մէջ ծառայեցին, այն վստահ հաւատքով որ հայուն համար՝

                        «Եկեղեցին հայկական մէն մի քարին տակ գետնի,

                        Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի…»։

 

            Եւ այսպէս ալ գործեցին մեր սքանչելի նախորդ սերունդները, որոնք այս ափերուն վրայ կրցան պահել իրենց ինքնութիւնը եւ հաւատքը հարիւր տարիէ ի վեր, շնորհիւ կառուցուած Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներու:

            Այդ հինգ եկեղեցիներով սկսած,  այսօր 51 ծուխէ եւ եկեղեցիներէ կազմուած հոգեւոր հոյակապ հաստատութիւն մըն է՝ Արեւմտեան Թեմը, որ կը շարունակէ գործել ընդ հովանեաւ մեր Վեհափառին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։

            Արեւմտեան թեմը իր գոյութեան 90 տարիներուն, ունեցած է ութ առաջնորդներ, որոնք իրենց Աստուածատուր շնորհքներով մեր Եկեղեցւոյ պարծանքն են: Թեմիս առաջին Առաջնորդն է Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեան (Տրապիզոնցի), որ Առաջնորդ եղաւ Մայիս 26, 1928-ին, յետագային Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուեցաւ, իսկ Մայիս 3, 2003-ին Արեւմտեան Թեմի պատգամաւորական ընդհանուր ժողովը ընտրեց ութերորդ Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ 14 տարիներէ ի վեր արտակարգ ձեռնհասութեամբ կը ղեկավարէ մեր թեմը, անոր ՈՍԿԵԴԱՐԸ ԿԵՐՏԵԼՈՎ:

            Արդարեւ, մեր սիրելի Առաջնորդին կատարած ծառայութիւնները, նոյնիսկ արագ եւ ամփոփ թւումը բազմաթիւ էջերու կը կարօտի:

* * *

            Մեր թեմի կազմակերպումը, ձեւաւորումը եւ ամուր ու անսասան հիմերու վրայ դնողը եղաւ, թեմի 7-րդ շինարար Առաջնորդը՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, որ արտակարգ նուիրումով 32 տարի՝ 1971-2003 ծառայեց եւ եկեղեցիներուն թիւը 5-էն հասցուց 17-ի, բազմաթիւ եւ բազմաբեղուն ծառայութիւններ կատարելով:

            Նախորդ Առաջնորդներն էին՝

                        Գերշ. Տ. Եղիշէ Եպս. Սիմոնեան:

                        Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան, որ յետագային Երուսաղէմի Պատրիարք ընտրուեցաւ:

                        Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Վարժապետեան:

                        Գերշ. Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեան, որ յետագային Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուեցաւ:

                        Գերշ. Տ. Մամբրէ Եպս. Գալֆայեան:

* * *

            18 տարի առաջ, Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային ընդհ. պատգամաւորական ժողովը, ընտրելու համար վախճանեալ Գարեգին Ա. Վեհափառի յաջորդ կաթողիկոսը:

            27 Հոկտեմբեր 1999-ին 132-րդ Ամենայն Հայոց Հայրապետ ընտրուեցաւ Արարատեան թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Ներսիսեան, որուն օծումը տեղի ունեցաւ 4 Նոյեմբեր 1999-ին, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ մեծ թիւով կղերականներու եւ աշխարհականներու:

            Վեհափառ Գարեգին Բ. Հայրապետը ծնած է Էջմիածնի Ոսկեհատ գիւղին մէջ 1951-ին: Աշխարհականի անունն է՝ Կտրիճ: 1972-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով վերանուանուեցաւ Գարեգին, իսկ Ամենայն Հայոց վեհափառ ընտրուելէ ետք կոչուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս: Վեհափառը ուսանած է Գէորգեան ճեմարան եւ Վիեննայի համալսարանը, ուսանած եւ ծառայած է Գերմանիոյ Պոնն քաղաքի Աստուածաբանական քոլէճի մէջ, անցած է Զոկորսք, Ռուսաստան, ուսանելու համար: Վերադարձած՝  Ս. Էջմիածին եւ նշանակուած է Արարատեան թեմի փոխանորդի պաշտօնին, ծառայելով Գէորգեան ճեմարանէն ներս: 1989-ին հիմնած է Վազգէնեան դպրեվանքը Սեւանայ լիճի կղզիին վրայ: 1993-ին ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, նոյն տարին ալ ձեռնադրուած է Արքեպիսկոպոս, անշուշտ միշտ հոգելոյս Վազգէն Ա. Վեհափառի ձեռամբ:

            Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը փոքր տարիքին եղած է շատ ուշիմ աշակերտ մը, բացառիկ ընդունակութիւններու տէր պատանի մը: 48 տարեկանին Գարեգին Արք. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի պաշտօնին ընտրուեցաւ եւ այդ օրուընէ ի վեր մեր հայրապետը կը գործէ մեծագոյն նուիրումով եւ վճռականութեամբ: Կազմակերպեց Ս. Էջմիածնի վանքը, Գէորգեան ճեմարանը հոգեւոր եւ կրթական աննախընթաց բարձունքի մը հասցնելով: Կրօնականներու հսկայ բանակ մը պատրաստեց ծառայելու համար աշխարհասփիւռ հայութեան, բազմաթիւ եկեղեցիներ նորոգուեցան եւ հիմնուեցան նորեր Գարեգին Բ. շինարար հայրապետի օրերուն, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը զարկ առաւ, հոգեւոր եւ գրական բազմաթիւ հրատարակութիւններ լոյս տեսան Էջմիածնի կամ աշխարհատարած թեմերու մէջ։ Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան համար բազմատեսակ օժանդակութիւններ ծրագրած է յատկապէս՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ հայութեան նիւթական եւ բարոյական նպաստներ հասցնելով:

            Կրօնական պետերու, նախագահներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ ունեցած շփումներուն ատեն վեհափառը միշտ ալ արծարծած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: ՄԱԿի ղեկավարներուն, մարդասիրական եւ բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ ունեցած շփումներով, կրցած է այս կազմակերպութիւնները հետաքրքրել եւ քաջալերել, որ Հայաստանին եւ հայութեան օգտակար ըլլան:

            Մեր մաղթանքն է, որ բոլոր կենաց եւ տաղանդներու աղբիւր՝ Աստուած միշտ ծաղկած եւ կանգուն պահէ մեր մայրենի եկեղեցին եւ Առաքելական մեր Աթոռը: Մեր սիրելի Վեհափառին հովուապետական եւ կաթողիկոսական Գաւազանը ջահաւորէ եւ հանդարտեցնէ բազմախռով եւ բազմատանջ, բայց իր եկեղեցիով եւ հայրենիքով հպարտ հայութեան կեանքը՝ խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ միասնականութիւն պարգեւելով մեր ժողովուրդին:

            Վեհափառ Տէր, մեր սրտի խորքէն Ձեր Վեհափառութեան բարի եկաք կ՚ըսենք, մաղթելով մեր Շնորհաշատ Հայրապետին կենսառողջ կեանք եւ հովուապետական բազում տարիներ, ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն մեր դարաւոր եկեղեցիին, հայրենիքին եւ ժողովուրդին:

            Մեր թեմի աշխարհիկ եւ հոգեւոր բոլոր պատասխանատուները, հին եւ նոր հոգեւորականները, դպրաց դասի անդամները, վարչական պատասխանատուները, գլխաւորութեամբ մեր սիրեցեալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, սրտանց կը շնորհաւորենք թեմի 90 ամեակին առիթով, մաղթելով նորանոր տարեդարձներ՝ մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի հարստացման համար:

 

«Ամէն հայի սրտից բխած
Լսիր այս ձայն, ով Աստուած,
Երկար կեանք տուր հայրապետին,
Երկար օրեր հայոց հօր:
Տէր, անսասա՛ն պահիր դու միշտ
Քո իսկ հիմնած Մայր Աթոռ»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին