Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2017-ին մեկնարկեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արուեստի եւ մարզանքի խմբակներուն աշխատանքները: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն 20 խումբեր՝ արուեստներու եւ մարմնամարզի տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս՝ պասքեթպոլ, ֆութպոլ, քունկ ֆու, ճատրակ, պարախումբեր (փոքրեր եւ մեծեր), թատրոն, գեղանկարչութիւն, bande dessinée, տուտուկ, տհոլ, գեղամարմնամարզ (Gymnastique) եւ պարի երեք տեսակներ՝ մանկական զումպա, պալէ եւ լատինական:
Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը սոյն ծրագիրը կը գործադրէ հաւատալով, որ արտադասարանային խումբերու աշխատանքները մեծապէս կը նպաստեն աշակերտներու հետաքրքրութիւններու կազմաւորման, բազմակողմանի զարգացման, ինչպէս նաեւ կրթական յառաջադիմութեան: Ինչպէս միշտ, մարզամշակութային խումբերը հանրութեան համար պիտի ներկայացնեն եզրափակիչ հանդիսութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան կիսուն:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի