ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Հոկտեմբեր 19-ին, ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինգինը: Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու ընթացիկ օրակարգին:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Կարէն Կարապետեան եւ Իվան Վոլինգինը կարեւոր համարած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան յետագայ զարգացումն ու ընդլայնումը, եւ այդ ծիրէն ներս՝ քննարկած առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացման առնչուող հարցեր:
Քննարկուած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի` յառաջիկային Հայաստանի Հանրապետութիւն նախատեսուող պաշտօնական այցին, ինչպէս եւ ՀՀ-ի մէջ իրականացուելիք Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին վերաբերող հարցեր: