Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ հայութիւնը իր վերջին յարգանքը տուած է օրեր առաջ մահացած հայազգի բարերար Լեւոն Հայրապետեանին: Արդարեւ Շաբաթ առաւօտ Հայրապետեանի դիակը Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցիէն փոխադրուած է Նովոդեւիչեան հայկական գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցած է յուղարկաւորութիւն եւ թաղման արարողութիւն ըստ հանգուցեալին կտակին:
Արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան:
Նշենք, որ թաղման եւ աւելի կանուխ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեանց ներկայ եղած ու հանդիսապետած է Մոսկուայի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Եզրաս եպս. Ներսիսեան:
Գանձասարի Մէջ Լեւոն Հայրապետեանի նուիրուած հոգեհանգիստեան կարգին մասին այսպէս կը գրէ «Զարթօնք»ի Արցախի աշխատակից՝ Նորայր Յովսէփեանը.
Գիւղը, որտեղ ամէնէն շատ տեսանելի էր Լևոն Հայրապետեանի ներկայութիւնը, այսուհետ աւելի կը զգացուի անոր բացակայութիւնը:
Հոկտեմբեր 21-ին Արցախի Վանք գիւղի մէջ հրաժեշտ տուած են գիւղի մեծանուն զաւակներէն մէկուն՝ Լեւոն Հայրապետեանին: Անոր շնորհիւ գիւղը նոր շունչ առաւ եւ աւելի համարձակ կը նայի ժամանակի մարտահրաւէրներուն: Գանձասարի մէջ հոգեհանգիստի կարգ կատարուած է՝ Արցախի թեմի առաջնորդի ձեռամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ: Ներկայ էին նաեւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, բազմաթիւ հիւրեր:
Արցախեան հեքիաթ. շատերը այսպէս կը բնութագրեն Վանք գիւղը, որ իր բարերար զաւակի օժանդակութեամբ կերպարանափոխուած է: Հեքիաթի տէրերը վանքեցի փոքրիկներն են. արդէն հերթական սերունդը հնարաւորութիւն ունի կրթութիւն ստանալու նախանձելի պայմաններու մէջ: «Նախկին դպրոցը, կարելի է ըսել, անմխիթար վիճակի մէջ էր: Նոր դպրոցը իտէալական է, բոլոր պայմաններով»,- կը համեմատէ Վանքի Գուրգէն Հայրապետեանի անուան դպրոցի տնօրէն Սէյրան Բաղդասարեան:
Նորակառոյց մանկապարտէզ ու դպրոց, հիւանդանոց, անգամ՝ դրամատան մասնաճիւղ: Հայրենի գիւղի բարերարի առաջին նախաձեռնութիւններու շարքին էին անոնք: Վանքի մէջ փայտի ու քարի վերամշակման արտադրամասեր բացուեցան, հիւրանոցներ: «Այդ բոլոր տնտեսութիւնները միասին մօտ 370 մարդ կ՛աշխատէր»,- հաշուի առնելով թիւերը ի յայտ կը բերէ Վանքի համայնքի ղեկավար Անտրէյ Սարգիսեանը:
Մեծ վանքեցիի նախաձեռնութիւնները միայն հայրենի գիւղով չսահմանափակուեցան: Արցախի շատ բնակավայրերու ծրագիրներ էիրականացուցած է: Իսկ Արցախեան Մեծ հարսանիքը փոքրիկ Արցախի համար աննախադէպ էր, ոչ միայն անոր համար, որ միաժամանակ 700 զոյգ ամուսնացաւ, այլեւ՝ անով, որ գաղափարի շուրջ աննախադէպ թիւով բարերարներ հաւաքուեցան՝ սկսելով Արցախի հետ համագործակցութիւնը: «Որ նոր ծրագիր կը սկսէր, կ՛ըսէր՝ կ՛ընէ իր հաճոյքի համար: Իրականութեան մէջ միայն մեծ մարդը կրնայ բարեգործութիւն ընելէ հաճոյք զգալ»,- կը պատմէ ԱՀ ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեան, ան Արցախ գալու առաջին օրերէն ճանչցած է Լեւոն Հայրապետեանին: «Լեւոն Հայրապետեան ոչ միայն ինքը բարեգործութիւն կ՛ընէր, այլեւ իր օրինակով կը վարակէ, Արցախ կը բերէ շատերուն: Այդ առումով՝ ան Արցախի դեսպանն էր»,- կ՛ընդգծէ ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Արդէն երկու օր՝ Վանքի յուշահամալիրի մէջ մարդկանց հոսքը չի պակասիր: Վանքեցիներն ու հիւրերը Լեւոն Հայրապետեանին հրաժեշտ կու տան: Եւ՝ դէպի Գանձասարի բարձունք: Այստեղ հոգեհանգիստի կարգ կատարուած է՝ Արցախի թեմի առաջնորդի ձեռամբ եւ հոգեւոր դասի մասնակցութեամբ: Արցախի թեմի առաջնորդը մահէն ժամեր առաջ խօսած էր Լեւոն Հայրապետեանի հետ: Միտքը նորէն հայրենիքն էր: «Ըսաւ, կ՛ուզէ ազատուելէն ետք գալ, հաստատուիլ Արցախ, աւարտին հասցնել սկսած ծրագիրները, սկսիլ նորերը»,- կը պատմէ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:
Այն, ինչ չհասցուց՝ կը խոստանայ կեանքի կոչել նոր սերունդը՝ կրթուած ոչ միայն անոր կառուցած դպրոցի, այլեւ՝ անոր օրինակով: « Կը խոստանամ, որ իր գործի շարունակողը կ՛ըլլամ: Իրմէ մենք սովորեցանք, որ հայրենիքը միայն խօսքով չեն սիրեր, այլ՝ գործով: Այդ սէրը պէտք է սրտէն գայ»,- նաեւ ընկերներու անունով կը խոստանամ Վանքի Գուրգէն Հայրապետեանի անուան դպրոցի աշակերտ Մարիամ Ղազարեան:
Հոգեհանգիստին յաջորդած կիրակնօրեայ Յարութեան պատարագէն ետք Արցախի բոլոր եկեղեցիները Լեւոն Հայրապետեանի յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած են:






