Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Մեսրոպեանի Մէջ Սկսան Գործել Արուեստի Եւ Մարզանքի 20 Խմբակներ

Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2017-ին մեկնարկեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արուեստի եւ մարզանքի խմբակներուն աշխատանքները: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն 20 խումբեր՝ արուեստներու եւ մարմնամարզի տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս՝ պասքեթպոլ, ֆութպոլ, քունկ ֆու, ճատրակ, պարախումբեր       (փոքրեր եւ մեծեր),  թատրոն, գեղանկարչութիւն, bande dessinée, տուտուկ, տհոլ, գեղամարմնամարզ (Gymnastique) եւ պարի երեք տեսակներ՝ մանկական զումպա, պալէ եւ լատինական:

          Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը սոյն ծրագիրը կը գործադրէ հաւատալով, որ արտադասարանային խումբերու աշխատանքները մեծապէս կը նպաստեն աշակերտներու հետաքրքրութիւններու կազմաւորման, բազմակողմանի զարգացման, ինչպէս նաեւ կրթական յառաջադիմութեան: Ինչպէս միշտ, մարզամշակութային խումբերը հանրութեան համար պիտի ներկայացնեն եզրափակիչ հանդիսութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան կիսուն:

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին