*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Պրայն Արտունիի Ելոյթը
Փասատինայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Մարդկանց Ասուլիսի (Men’s Forum) հրաւէրով՝ Հայկական Համագումարի Վարիչ Տնօրէն` Պրայն Արտունի, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, եկեղեցւոյ Կիրակոս սրահին մէջ։
Պրն. Արտունին ներկայացուց Հայկական Համագումարի Արեւմտեան Ափի Վարիչ Տնօրէն` Միհրան Թումայեանին։ Ելոյթին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Հիւպատոս՝ Արմելա Շաքարեան, Հայկական Համագումարի խնամակալ մարմնի անդամներ եւ Հայկական Համագումարի աշխատանքներով հետաքրքրուող անհատներ։
Պրն. Արտունի, 1998-էն ի վեր կը գործէ Հայկական Համագումարէն ներս, նախ` որպէս խորհրդատու կառավարական հարցերու եւ ապա` Վարիչ Տնօրէն։ Ան մօտէն ծանօթ է Ուաշինկթընի մէջ գործող Ներկայացուցիչներու եւ Ծերակուտականներու գրասենեակներու աշխատակազմի գործելակերպին: Առ այդ դիտել տուաւ, որ հարց մը լուծելու համար պէտք է յարատեւ հետապնդում։
Պրն. Արտունի մանրամասն կերպով մեզի ներկայացուց Հայկական Համագումարի ծրագիրները, առաջնահերթութեան շարքով։
- Բարձրացնել Armenian Caucus-ի անդամներուն թիւը 150-ի, որ այժմ կը հաշուէ միայն 89։
- Նուազեցնել Turkish Caucus-ի անդամներուն թիւը։
- Հրապարակել Թիւրքերու եւ Ազերիներու դրամական զեղծարարութիւնները եւ նենգամիտ գործունէութիւնները։
- Ապահովել տարեկան նիւթական օժանդակութիւն Հայաստանի եւ Արցախի։
Պրն. Արտունի՝ գնահատելով հանդերձ Ապրիլ 24-ի օրուան առթիւ եղած բազմամարդ ցոյցերը Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ, դիտել տուաւ որ նոնքան եւ աւելի կարեւոր է նման բազմութեամբ հանդէս գալ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուշադրութիւնը գրաւելու Ներկայացուցիչներուն եւ Ծերակուտականներուն։
Հետեւաբար, աւելցուց ան․- կը հրաւիրեմ ձեր բոլորը եւ նաեւ բոլոր հայերը, ի տարածքիս Ամերիկայի, որ Ուաշինկթըն գան յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն եւ մեծ թիւով մասնակցին 23-25-ին միջեւ կայանալիք Հայկական Համագումարի կազմակերպած «Հայկական Պաշտպանութեան Համագումարին»։ (Armenian Advocacy Conference.)
Ներկայացման աւարտին, առիթը տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենց հարցերը ուղղեն Պրն. Արտունիին եւ անոնք ստացան գոհացուցիչ պատասխաններ։
Խաչատուրեան Եռանուագի Ելոյթը
Ջութակ – թաւջութակ եւ դաշնամուր եռանուագի ելոյթը, կազմակերպութեամբ ՝ Հայ – Եմ հաստատութեան, տեղի ունեցաւ՝ Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կլէնտէյլի Salem Lutheran եկեղեցւոյ մէջ։
Հայ – Եմ հաստատութիւնը բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հիմնուած 2001-ին, Նշան Աճեմեանի կողմէ։ Անոր նպատակն է զարկ տալ մշակութային ձեռնարկներու եւ հասնիլ գաղութիս, ինչպէս նաեւ՝ Հայրենիքի կարիքաւոր երեխաներու օգնութեան։
Խաչատուրեան Եռանուագը հիմնուած է՝ 1999-ին «Arsika» անուան տակ, սակայն 2008-ին որդեգրած է «Խաչատուրեան» անունը։ Խաչատուրեան Trio-ին մաս կը կազմեն դաշնակահար՝ Արմինէ Գրիգորեան, ջութակահար՝ Կարէն Շաղալդեանն ու թաւջութակահար՝ Կարէն Քոչարեան։ Արմինէ Գրիգորեան Տնօրէնն է՝ Երեւանի Խաչատուրեան թանգարանին։
Յայտագիրը կը բաղկանար պարեղանակէ մը՝ Խաչատուրեանի “Masquerade” տրամայէն, հատուածներ՝ Խաչատուրեանի «Կայանէ», «Սփարթակոս» պալեներէն եւ դաշնամուրային եռանուագներէ՝ Ռախմանինոֆէն ու Պապաճանեանէն։
Բարձր որակի կատարողական արուեստը ակնյայտ էր յայտագրի տեւողութեան, որը մեծապէս գնահատուեցաւ հանտիսատի կողմէ։ Վերոյիշեալ արուեստագէտները նմանօրինակ ելոյթներ պիտի ունենան նախ՝ Թորոնթոյի մէջ եւ ապա՝ մեկնին Մոսկուայ, շարունակելու իրենց ելոյթները։