ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Վերջերս հանդիպեցայ Հայաստանի մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքներուն, որ ինծի յիշեցուց Երուանդ Օտեանի «Ընտանիք, Պատիւ, Բարոյական» վէպը:
Վերոյիշեալ վէպին հերոսը սիրելի ընթերցող, որ իր ամէն խօսքին մէջ, տեղի անտեղի, կը շեշտէր «Ընտանիք, Պատիւ, Բարոյական» հասկացողութեան կարեւորութիւնը իրականութեան մէջ անբարոյական էակ մըն էր իր վարք ու բարքով ինչպէս ցոյց կու տան վէպին դէպքերը:
Վերադառնալով վերը նշուած ուսումնասիրութեան, ան կը վերաբերի Pew Research Center հետազօտական կեդրոնի կատարած մէկ աշխատանքին ինչպէս Եւրոպական շարք մը երկիրներու, նաեւ Հայաստանի մէջ: Հետազօտութիւնը կատարուած է ուսումնասիրելու «Բարոյականութեան Վերաբերող Ժողովրդական Հայեացքներ»:
Անծանօթ ըլլալով հանդերձ հետազօտութեան հետ կապուած մեթոտաբանութեան եւ օրինակներու ընտրութեան գիտական ճիշդ մօտեցումի կիրարկումին, հետեւեալ տողերուն մէջ կու տամ անոր կարգ մը արդիւնքները.
Ըստ հետազօտութեան սիրելի ընթերցող, Հայաստանի բնակչութեան 96%-ը անբարոյական կը համարէ մարմնավաճառութիւնը…: Նոյնքան տոկոս մըն ալ թմրանիւթերու օգտագործումը անբարոյական արարք կը նկատէ: Դարձեալ ըստ արդիւնքներուն, Հայաստանի բնակչութեան 98 տոկոսը անբարոյական կը նկատէ միասեռական յարաբերութիւնները: 76 առ հարիւրը անբարոյական կը նկատէ նախքան ամուսնութիւն սեռային յարաբերութիւնները…: Հարցաքննուող բնակիչներուն 56 առ հարիւրը անբարոյական կը նկատէ ամուսնալուծումը, 69 առ հարիւրը վիժումը…:
Համամի՞տ ես տուեալներուն սիրելի ընթերցող:
Ինչպէս վերը նշեցի, վերապահութեամբ մօտենալով հանդերձ հետազօտութեան մեթոտաբանութեան, ես կը կարծեմ, որ ո՛չ միայն կարելի է ստացուած արդիւնքները ճիշդ համարել Հայաստանի պարագային, այլ նաեւ նկատի ունենալով Հայ ժողովուրդին այսպէս կոչուած պահպանողականութիւնը կրնամ եւ հաւատալ, որ արդիւնքները կարելի է ընդհանրացնել բովանդակ Հայ ժողովուրդին վրայ եւս:
Սակայն, որքանո՞վ կը համապատասխանեն անոնք Հայ ժողովուրդի զաւակներուն իսկական կենցաղին, հոս է հարցումը..:
Օրինակ մը տալու համար եթէ վերցնենք մէկ չափանիշ, պիտի տեսնենք, որ մինչ ըստ հետազօտութեան Հայաստանի բնակիչ հայերուն 69 տոկոսը դէմ կ՛արտայայտուի յղիութեան արհեստական ընդհատման, ըստ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնարկութեան Հայաստանի մասին տուած տուեալներուն՝ Հայաստանի տարածքին բաւական մեծ թիւ կը կազմէ սեռով պայմանաւորուած (ընտրովի) վիժումները…:
Պատկերացուր սիրելի ընթերցող:
Հիմնուելով ուրեմն հետազօտութեան արդիւնքներուն վրայ մեր ժողովուրդի զաւակները կրնան հարց մը անբարոյական համարել, սակայն կրնան միեւնոյն ժամանակ առնել զայն գործելու քայլը: Այլ խօսքով՝ իրենց խօսքերը ըրած գործերուն հետ կրնայ չհամընկնիլ…:
Կեղծիքի, երկու չափ երկու կշիռի եւ հոգեկան անհաւասարակշռութեան ցաւալի իրավիճակ մը սիրելի ընթերցող, որ կարիքը ունի սրբագրութեան նախ մենք մեր անձերուն հետ հաշտ ըլլալու համար, ապա հասարակութեան հետ արդար…:
Բացառութիւնները միշտ յարգելի են սիրելիս: Սակայն տուեալ եւ բոլոր բնագաւառներու մէջ ալ առողջ իրավիճակի մը համար նման կեղծաւորներն ու մասամբ նորին պէտք է ըլլան բացառութիւնները եւ ո՛չ հակառակը…:
Դուն ի՞նչ կ՛ըսես սիրելի ընթերցող: