Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Տնտեսագէտ Մկրտիչ Պուլտուքեան Մակագրեց Իր Նոր Գիրքը

Հինգշաբթի,  12 Հոկտեմբեր  2017-ի երեկոյեան, մայրաքաղաք՝  Պէյրութի  ամենահռչակաւոր գրախանութներէն՝  «Լիպրերի Անթուան»ի մէջ, ի ներկայութիւն   Լիբանանի մէջ  օտար պետութիւններու դեսպաններու, դիւանագէտներու, պետական անձնաւորութիւններու, դրամատուներու տնօրէններու, դասախօսներու, մտաւորականներու եւ  բարեկամներու, լիբանանահայ   ծանօթ  տնտեսագէտ՝  Մկրտիչ Պուլտուքեան  ընթերցասէր  հասարակութեան մակագրեց  իր   նոր  գիրքը՝ «Armenian Bankers  In The Ottoman Empire»:  

            Արխիւային նիւթերով հարուստ, բծախնդրութեամբ պատրաստուած  այս ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ՝  Թուրքիոյ տնտեսական բարգաւաճման մէջ   հայ   սեղանաւորներու դերակատարութիւնը, անոնց  նախաձեռնութիւնները, մուծած նորարարութիւնները եւ ներդրումները,  հայ  ժողովուրդին հանդէպ թուրք իշխանութիւններու անմարդկային  արարքները, ֆիզիքական  հաշուեյարդարին  զուգահեռ, յափշտակուած  դրամագլուխը:

            Գիրքին  նախաբանին մէջ  Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան  հայ  երիտասարդութեան կը թելադրէ՝ խոր  գիտակցութեամբ  ուսումնասիրել   թուրքերու կողմէ  հայ ժողովուրդէն  յափշտակուած  դրամագլուխը եւ  աննահանջ շարունակել պահանջատիրական  պայքարը:

            Անգլերէն  հրատարակութիւնը,  լիբանանահայ  ծանօթ տնտեսագէտ,  տնտեսական հարցերու  մեկնաբան, տնտեսական    բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, դասախօս՝ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանի՝ «Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին,  Պոլիսէն մինչեւ  Պէյրութ» ( 2012)  արժէքաւոր ուսումնասիրութեան անգլերէն  տարբերակն է,  որոշակի  փոփոխութիւններով եւ լրացումներով: Գիրքին արաբերէն լեզուով հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ 2015-ին, որուն յաջորդեց փայլուն  շնորհանդէս մը «Biel»ի մէջ:

            Արդէն իսկ պատրաստութեան վրայ  է՝  սոյն աշխատութեան  թրքերէն տարբերակը: 

            Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան՝  ծանօթ  հեղինակութիւն մըն է  միջազգային տնտեսագիտութեան  մէջ: Ան  երկար տարիներ  վարած է  Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան  փոխկառավարիչի  պաշտօնը (1985-1990): Բազմիցս  Լիբանանը ներկայացուցած է  Միջազգային  Ելեւմտական Հիմնարկին (IMF ) եւ  տնտեսական միջազգային այլ կառոյցներու  մէջ: Ան, մինչեւ օրս կը մասնակցի  տնտեսական   միջազգային խորհրդաժողովներու, իբրեւ դրամատուներու խորհրդատու եւ  հմուտ տնտեսագէտ: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին