Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Լեզուի Բարոյական Հիւանդութիւններ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ՝ նստած բժշկագիտական գիրք մը կը թերթատէի սիրելի՛ ընթերցող։ Երբ հասայ լեզուի հիւանդութիւններուն, վերնագիրը զիս տարաւ այլ ուղղութեամբ, երբ անդրադարձայ՝ որ Լեզուի Հիւանդութիւնները ֆիզիքականէն բացի՝ ունին նաեւ բարոյական հարթակ, որ շատ աւելի վտանգաւոր է քան առաջինը:

Լեզուն, հակառակ այն իրողութեան, որ մարմնային փոքրիկ գործարան մըն է, կրնայ մեծ դժբախտութիւններու պատճառ դառնալ։ Ան կրնայ շատ բան այրել ու ոչնչացնել: Կարելի չէ կեանք տալ մեռած անտառին։ Որքա՜ն այդպիսի ընտանիքներ և ճակատագիրներ եղած են, որտեղ լեզուն եղած է այն փոքրիկ կայծը, որ այրած է ամէն բան, և ոչինչ այլևս կարելի չէ եղած վերականգնել։

Եկուր այսօր միասին  դիտարկենք լեզուի բարոյական հիւանդութիւնները՝

 Շատախօսութիւն

Ոմանք շատախօսութիւնը կը համարեն բնական երևոյթ և ոչ թէ հիւանդութիւն։ Սակայն այդպէս չէ։  Այլ խօսքով, եթէ անձ մը կը շատախօսէ, ան կեցած է ինչ-որ սխալ բան մը ըսելու եզրին։ Ուրիշ տարբերակ չկայ։

 

Շատախօսութիւնը նաեւ յիմարութեան արդիւնք է։ Եթէ հանդիպինք շատախօս մարդու, ապա փաստեր պէտք չեն, որ ան յիմար է։ Անոր յիմարութիւնը կը ճանչցուի իր շատախօսութեան մէջ։

 

Ո՞ւր է այս խնդիրի արմատը։ Ես համոզուած եմ, որ արմատը հոգեկան անհանգստութիւնն է։ Մարդիկ, որոնք անդադար կը խօսին, հոգեպէս անհանգիստ են և անզուսպ։ Ժամանակակից մեր հասարակութիւնը լեցուն է անհանգիստ մարդկանցով։ Քեզի երբեք չէ՞ պատահած սիրելի ընթերցող՝ հանդիպիլ այնպիսի մարդկանց, որոնք վրադ բառերու շարան թափած են։ Ո՞ւր է իրենց խնդրին արմատը. Անձին հոգիին անխաղաղութեան մէջն է ան։ Ծայրայեղ շատախօսութիւնը հոգիի անխաղաղութեան ցուցիչնցուցանիշն է։

Դատարկախօսութիւն

Մեր արտայայտած իւրաքանչիւր խօսքի համար օր մը հաշիւ պիտի տանք։ Հաշիւ պիտի տանք դատարկախօսութեան և կեղծաւոր խօսքի համար՝ նոյնպէս, երբ ըսած ենք բան մը` նկատի ունենալով մէկ այլ բան։ Հաշիւ պիտի տանք այն բառերու համար, որոնց համար մենք չենք ուզէր պատասխան տալ։ Հաշիւ պիտի տանք նոյնպէս այն խօսքերուն համար, որոնք չենք իրագործած մեր կեանքի ընթացքին։ Այստեղ ես չեմ խօսիր անդենականին մասին այլ՝ մեր երկնային կեանքի ընթացքին, մենք պատասխանատու ենք մեր ամէն խօսքին, որ ի վերջոյ կրնայ մեզ հարուածել տեղ մը:

Եկուր սիրելիս նկատի ունենանք մէկ պարզ խորհուրդ. Եթէ նկատի ունինք բան մը, ապա չըսէնք մէկ այլ բան։ Եթէ  հետևինք այս կանոնին, ես կը հաւատամ, որ մեր կեանքը կը փոխուի։ Մենք կը դառնաք նոր մարդ։

Բամբասանք եւ Զրպարտութիւն

Ըլլալ խօսք տանող-բերող կը նշանակէ անօգտակար, սուտ լուր, չափազանցութիւն եւ չարախօսութիւն տարածող մարդ։ Այդ բամբասանքն է։ Եթէ մենք կը բամբասենք կամ յօրինուածներ կը պատմենք, ապա մենք չարախօս ենք:

Այս բանը դժբախտաբար յատուկ է մարդկային բնութեան։ Երբ մենք մէկու մը մասին որևէ վատ բան կը լսենք, ապա մարդկային սիրտը ինչ-որ բանի համար կ՛ուրախանայ։ Զրպարտանքի խօսքերը քաղցր պատառներու նման են։ Զգոյշ ըլլանք, երբ մեզի առաջարկեն զրպարտանքի այդ համեղ կտորները, չկլլենք։ Անոնք թունաւոր են։ Հակառակ անոր, որ քաղցր են, բայց կը թունաւորեն մեզի, և անոնք կ՛իյնան մեր սրտին մէջ, մեր կեանքը կը թունաւորուի զրպարտութեան այդ կտորներէն։

Կը տեսնե՞ս սիրելի ընթերցող` ինչ սերտօրէն կապուած են իրար այս տարբեր կարծուող հիւանդութիւնները։ Եթէ մենք բամբասանք կը լսենք, ապա գործակից կը դառնանք այդ բամբասանքին։ Եթէ կ՛ընդունինք գողին և կը վերցնենք գողօնը, ապա իրաւաբանօրէն մենք գործակից կը դառնանք ոճիրին։

Ահա երեք բան, որոնք մենք պէտք չէ ընենք։ Մենք պէտք չէ մեր լեզուով բամբասենք։ Ո՛չ մէկուն մենք վատութիւն պէտք է ընենք։ Պէտք չէ՝ դատապարտենք մէկուն և դատապարտութիւններ ընդունինք մեր ընկերներու հասցէին։ Չդատապարտելը բաւարար չէ, ան նաև պէտք չէ ընդունինք լսել։ Մեր ծանօթներու դէմ ոչինչ պէտք է ունենանք։ Պէտք չէ ուտենք չարախօսութեան քաղցր պտուղը, քանի որ ան թունաւոր է, և շատ յարաբերութիւններ կը թունաւորուին այդ «սնունդէն»։

Իւրաքանչիւր մարդու միտքի և շուրթներու մէջ կայ ուղղակի կապ՝ սիրելի՛ ընթերցող։ Իրականութեան մէջ շրթները ծորակ են, որոնցմէ կը հոսի միտքի  պարունակութիւնը, որ մարդու հոգեբանական վիճակի ճիշտ ցուցանիշն է։ Անառողջ լեզուն ցոյց կու տայ հոգեբանական անառողջ վիճակ։

Ըլլանք ուշադիր:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին