Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Միջեւ Բեռներու Միջպետական Փոխադրումները Առանց Արտօնութիւններու Պիտի Իրականացուին

Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ միջազգային ճանապարհային հաղորդակցութեան մասին համաձայնագիրի կնքման առաջարկին:

ՀՀ փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան նշեց, որ ըստ համաձայնագիրին, երկու երկիրներուն միջեւ եւ իրենց տարածքներով տարանցումով, ինչպէս նաեւ դէպի երրորդ երկիր եւ երրորդ երկրէն բեռներու միջպետական փոխադրումները պիտի իրականացուին առանց արտօնութիւններու: Արտօնութիւն պիտի պահանջուի միայն Եւրասիական տնտեսական միութեան ոչ անդամ-պետութիւններու հետ երրորդ երկրի փոխադրումներ իրականացնելու համար: «Միջպետական կանոնաւոր եւ ոչ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումները պիտի իրականացուին արտօնութիւններու առկայութեան պարագային: Երկու երկիրներու լիազօր մարմինները համաձայնագրեր պիտի փոխանակեն իւրաքանչիւր տարի: Բացառութիւն պիտի ըլլան միայն անսարք հանրակառքերով փոխադրումները»,-ըսաւ նախարարը:

Համաձայնագիրով կը նախատեսուի ծանրաքաշ, մեծ եզրաչափերով եւ վտանգաւոր բեռներ փոխադրող փոխադրամիջոցներով երկու պետութիւններուն միջեւ փոխադրումներու կանոնակարգին մէջ: Այդ փոխադրումները իրականացնելու նպատակով՝ լիազօր մարմինները պիտի տրամադրեն յատուկ արտօնութիւն: Համաձայնագիրը կը ներառէ փոխադրումներու անվտանգութեան, ապահովագրութեան եւ վերահսկողութեան կառուցակազմեր: Միաժամանակ բեռներու եւ ուղեւորներու փոխադրումներ իրականացնող փոխադրողները համաձայնագիրի ծիրէն ներս երկու պետութիւններուն տարածքով փոխադրումներ իրականացնելու ժամանակ՝ փոխադարձաբար կ՝ազատուին միւս պետութեան տարածքէն փոխադրամիջոցներու սեփականութեան եւ անոնց օգտագործման հետ կապուած տուրքերէն, գանձումներէն եւ վճարումներէն` բացառութեամբ այն դէպքերուն, երբ տուեալ պետութեան օրէնսդրութեամբ այլ բան նախատեսուած չէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին