Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Լեւոն Հայրապետեանի Անունը Ոսկէ Տառերով Գրուած է Բոլորիս Սրտերուն Մէջ. Ըսած է Արցախի Պետական Նախարար

Մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի մահը մեծ կորուստ է համայն հայութեան համար: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

«Խորին ցաւով տեղեկացայ հայ ազգի մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի մահուան մասին: Անխօս, սա մեծ կորուստ է համայն հայութեան համար: Անգնահատելի է Լեւոն Հայրապետեանի նուիրումն ու աւանդը Արցախի զարգացման եւ պաշտպանութեան ապահովման գործին: Անոր անունը վաղուց ոսկէ տառերով գրուած է հայոց պատմութեան մէջ եւ բոլորիս սրտերուն մէջ: Համոզուած եմ, որ հայ ժողովուրդի մօտ երկար տարիներ վառ կը մնայ անոր պայծառ յիշատակը, որու խօսուն վկաները պիտի ըլլան անոր կողմէ կատարուած բազմաթիւ գործերը հայրենիքի մէջ»,-ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Հոկտեմբեր 18-ին` լուսադէմին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք կեանքէն հեռացած է ռուսաստանաբնակ հայ գործարար, բարերար Լեւոն Հայրապետեան: Ան կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ:

Լեւոն Հայրապետեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած՝ Արցախի  Հանրապետութեան ստեղծման գործին եւ կը համարուի անոր գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը: Կը համարուի ամենամեծ ներդրողը Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Անոր ծրագիրները իրագործուած են Ստեփանակերտի, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ:

Գործարարի միջոցներով 2000-2002 թուականներուն վերակառուցուած է հայկական հռչակաւոր Գանձասարի վանական համալիրը (13-րդ դար ), որ այժմ Ղարաբաղի ամենաբարեկարգուած սրբավայրերէն մէկը կը համարուի: Մեծ միջոցներ ներդրուած է  Վանք գիւղի  վանական  համալիրի  շուրջ տեղակայուած ենթակառուցուածքներու զարգացման համար:

2008-ի Հոկտեմբեր 16-ին Շուշիի եւ Գանձասարի մէջ բարերարը կազմակերպած է նորապսակներու համատեղ պսակադրութիւն: Այդ արարողութիւնը, 700 երիտասարդներու մասնակցութեամբ, իր տեսակով առաջինն էր ոչ միայն Արցախի, այլեւ ողջ Հայաստանի համար: Մեծ հարսանիքի օրը 200 զոյգ պսակադրուած է Գանձասարի մէջ: Քանի մը ժամ անց եւս 500 զոյգ պսակադրուած է Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին