Երէկ առաւօտեան, մահացած է հայ գործարար եւ բարերար Լեւոն Հայրապետեան:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին Մոսկուայէն տեղեկացուցած է լրագրող Վահէ Աւանեսեանը, նշելով, որ Հայրապետեան մահացած է 68 տարեկանին: «Անոր վերջին ցանկութիւնն էր, որ զինք յուղարկաւորեն ծնողներու մօտ»,- նշած է Վ. Աւանեսեանը:
Յիշեցնենք, որ Լ. Հայրապետեանը դատապարտուած էր չորս տարուան ազատազրկման: 2016-ին տեղափոխուած էր Մորտովայի բանտ, որ կը համարուի Ռուսիոյ ամենասարսափելի բանտերէն մէկը:
Լեւոն Հայրապետեան կը մեղադրուէր իրաւաբան՝ Սերգէյ Անթոնովի հետ Պաշգիրիան ներկայացնող նախկին ծերակուտական Իգոր Իզմեստեւի մօրմէն` իր որդիի դատավճիռը մեղմելու նպատակով՝ 700,000 տոլար վերցնելու մէջ: Ըստ քննութեան, Հայրապետեան գումարը վերցնելէ ետք էապէս չէ կրցած ազդել դատավճիռի մեղմանալուն վրայ, որուն իբրեւ արդիւնք Իզմեստեւը դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման` շարք մը ծանր յանցագործութիւններու իրականացման համար:
Հայրապետեան ձերբակալուած է 2014 Յուլիսին` Իզմեստեւի խոստովանական ցուցմունքներէ յետոյ: