Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 18-ին Պրիւքսելի մէջ այցելած է Ֆլամանտական խորհրդարան, հանդիպած պատգամաւորներու հետ եւ ներկայ գտնուած է Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ստեղծման հանդիսաւոր արարողութեան:
Նախագահ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ հնարաւոր եղաւ ձեւաւորել այս խումբը, նշելով, որ անիկա` որպէս Ֆլամատըրի ու Արցախի միջեւ անկեղծ բարեկամութեան խորհրդանիշ, կը հաւաստէ երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը համընդհանուր արժէքներու:
Ան ընդգծած է, որ ներկայիս Պելճիքայի մէջ Ֆլանտերի հայկական սփիւռքի ամենահին օճախն է, ուր հայ համայնքը դարեր շարունակ իւրօրինակ կամուրջ կը հանդիսանայ արեւմուտքի ու արեւելքի, պատմական հայրենիքի եւ գեղեցիկ այս երկրի միջեւ, աւելցնելով, որ յարաբերութիւններու նման հարուստ պատմութիւնը, բնական է, պէտք է իր դրական ազդեցութիւն ունենայ ներկայ ժամանակահատուածի վրայ: