*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
1990-ականներու սկիզբը հայաթափուած, ատրպէյճանցիներուն կողմէ հիմնայատակ աւերուած, եւ յետոյ` գերութենէ ազատագրուած Քարագլուխի վերականգնման ծրագիրները սկսած են քանի մը տարի առաջ՝ արմատներով քարագլուխցի, ներկայիս Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ բնակող Մաքսիմ Աթայեանցիի նախաձեռնութեամբ ու նիւթական աջակցութեամբ: Նոր եկեղեցւոյ կառուցումէն ետք, հինը վերանորոգուեցաւ: Զուգահեռ` առանձնատուներու, աւելի ուշ սկսաւ պտուղի վերամշակման արտադրամասի շինարարութիւնը: Առանձնատուները կը կառուցուին աւանդական նախագիծով, աւանդական տեսքով, բայց՝ ժամանակակից ճարտարագիտութեամբ: Կաղնեփայտէ դուռ-պատուհան, մեր օրերու համար անսովոր հաստ ու ամուր պատեր` անտաշ քարով, փայտէ պատշգամ ու բազրիք, տանիքը` կղմինտր. ամէն ինչ` ինչպէս աւանդական հայկական տուներու մէջ: Աշխատանքները ժամանակացոյցէն չեն շեղիր, կը վստահեցնէ հիմնադրամի տնօրէնը: «Այս փուլին արդէն առանձնատուներէն երկուքին շինարարութիւնը աարտած է: Երրորդը շուտով պիտի աւարտի, իսկ չորրորդ առանձնատան շինարարութիւնը արդէն սկսած է,- կը թուարկէ «Քարագլուխ» հիմնադրամի տնօրէն Մանուշակ Տիտանեան:- Աւելի ուշ սկսանք շատ կարեւոր ձեռնարկ մը. Քարագլուխ գիւղը պտուղի վերամշակման կէտ պիտի ունենայ: Արտադրամասի շինարարութեան կարեւոր մէկ փուլը աւարտած ենք»:
Այս տարուայ ամենամեծ ձեռքբերումը, սակայն, այն է, որ Քարագլուխը արդէն առաջին բնակիչները ունի: Բիդեաններու ընտանիքը հարեւան գիւղէն եկած ու հաստատուած է: Իսկ Գազանճեաններուն ընտանիքը՝ երկար դեգերումներէ ետք՝ Լիբանանէն հասած է Քարագլուխ: Մինչ այդ՝ հասցուցած են մասնակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն ու նախաձեռնութիւններուն: Ընտանիքի դուստրը՝ Մարիան, ամենաշատը կը գնահատէ «Դուն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» ծրագիրին մասնակցելու համար ստացած շնորհակալագիրը: Զրոյցը կը սկսի նոյն այդ շնորհակալագիրը ցոյց տալով. «Այս շնորհակալագիրը Սփիւռքի նախարարութիւնը տուած է Գազանճեան ընտանիքին՝
«Դուն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» շարժման մասնակցելու եւ երեք որդիները Արցախի բանակին մէջ ծառայութեան ուղարկելու համար»,- կը պատմէ Մարիա Գազանճեանը: Տղոց երկուքը դեռ կը ծառայեն Պաշտպանութեան Բանակին մէջ: Քոյրը կ՝անկեղծանայ՝ անոնք իրենց կապեցին Արցախի հետ, ստիպեցին սիրել հարազատ, բայց դեռ անծանօթ հողը: Քարագլուխը վերականգնող խումբի եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ Գազանճեաններու ընտանիքը հաստատուեցաւ Քարագլխու նորակառոյց առանձնատուներէն մէկուն մէջ: «Սկիզբը եկանք, տեսանք, հաւնեցանք: Յետոյ ընտանիքով տեղափոխուեցանք ու հաստատուեցանք այստեղ»,- երկար պատմութիւնը քանի մը բառով կ՝ամփոփէ Մարիան: Նոր առանձնատան պայմանները լիովին կը բաւարարեն: Շուրջօրեայ ջուր, լուացարաններ, ջեռուցման համակարգ: Այսքանը կար` ըստ նախագիծի: Ի սկզբանէ կահոյքի հետ կապուած խնդիր կար: «Անկեղծ ըլլալու համար, կահոյք չունէինք: Այդ մասին ըսինք տիկին Մանուշին, ինքն ալ դիմեց Արցախի նախագահին»: Շարունակութիւնը կը պատմէ «Քարագլուխ» հիմնադրամի տնօրէնը: «Դիմեցի Բակօ Սահակեանին՝ այդ ընտանիքին գոնէ նուազագոյն կահոյքով ապահովելու հարցով. համապատասխան նախարարութեան յանձնարարեց՝ տունը ամբողջովին կահաւորել եւ կենցաղային իրեր ալ տրամադրել»,- կը մանրամասնէ Մանուշակ Տիտանեանը:
Պայմաններէն նորաթուխ քարագլխեցիները գոհ են: Եղբայրները դեռ կը ծառայեն: Իսկ ինքը արդէն հաստատ որոշած է Քարագուլխ մնալ: Համացանցին միանալէ ետք ալ` ծրագրաւորողի մասնագիտութիւն ստացած Մարիային վստահութիւնը մեծցած է. աշխատանք ալ կը գտնէ: «Անկեղծ ըսեմ, այստեղ համացանցի կարիքը աւելի շատ կը զգացուի: Համացանցի միջոցով շատ հանգիստ կրնամ համագործակցիլ անգամ արտասահմանի մէջ աշխատաղ կազմակերպութիւններու հետ: Իսկ բուն Քարագլխու մէջ իմ միակ աշխատատեղը, հաւանաբար, դպրոցը պիտի ըլլայ,- արդէն ապագայի ծրագիրներ ունի Մարիան: Իսկ Քարագլխու բնակիչներուն զբաղուածութեան հարցը աւելի ամբողջական լուծելու ծրագիր կայ: Պտուղի վերամշակման արտադրամասը, որուն կառուցումը շուտով պիտի աւարտի, գիւղի բնակիչներու զբաղուածութեան ու եկամուտի հարցով պէտք է լուրջ բաժին ապահովէ: Վերջնական տեսքի բերուելէ ետք, անիկա նաեւ պիտի ունենայ զբօսաշրջիկներ ընդունելու հնարաւորութիւն` իր ճաշարանով ու համտեսի սրահով, կը մանրամասնէ Մանուշակ Տիտանեանը: Իսկ ոչ հեռու ապագային՝ նաեւ հիւրատուն պիտի ունենան:
Ատիկա միակ նորոյթը պիտի չըլլայ: Աւանդական արժէքներուն հաւատարիմ են, բայց ժամանակակից լուծումներէն ալ չեն խուսափիր, յատկապէս, եթէ անիկա գիւղի բնակիչներուն հոգերը կարենայ թեթեւցնել: Կենցաղի մէջ օգտագործուող տաք ջուրին համար քարագլխեցիները գումար չեն ծախսեր: «Արեւային մէկ ջրատաքացուցիչ արդէն տեղադրած ենք, միւսն ալ շուտով պիտի տեղադրենք: Ատիկա թոյլ պիտի տայ կենցաղի մէջ օգտագոծուող տաք ջուրին համար կա՛մ ընդհանրապէս չվճարելու, կա՛մ շատ քիչ վճարելու»,- կ՝ընդգծէ «Քարագլուխ» հիմնադրամի տնօրէնը:
Շարունակութիւնը աւելի յաւակնոտ ծրագիր է: Քարագլուխը կրնայ Արցախի առաջին արեւային գիւղը դառնալ: «Արեւային սարքեր պիտի տեղադրենք: Հաշուի առնելով, որ արեւոտ օրերը այստեղ բաւական շատ են, կը կարծենք, որ արտադրուած հոսանքը ո՛չ միայն գիւղին պիտի բաւարարէ, այլեւ՝ աւելցուկ պիտի մնայ, որ կրնանք վաճառել ցանցին,- յետագայ ծրագիրները կը պատմէ Մանուշակ Տիտանեանը: -Ատիկա նաեւ նախադէպ պիտի դառնայ՝ փորձը Արցախի այլ գիւղերու մէջ եւս կիրառելու հեռանկարով»: Մինչ այդ՝ կը պատրաստուին եւս երկու ընտանիք ընդունիլ Քարագլխու մէջ: Հերթական առանձնատուներու շինարարութիւնը աւարտին կը մօտենայ:
Ստեփանակերտ