Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան 96-ամեակին առթիւ – Անձինք Նուիրեալք – Ա. Միհրան, Զապէլ, Լէյլա Գարակէօզեաններ՝ Բարեգործութիւնը Կու գայ Իրենց Արմատներէն

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

         Երբեմն կը զարմանանք, թէ ինչպէս մարդկային միտքը, մարդկային երեւակայութեան թռիչքը, ընդունակ է հասնելու մարդոց հոգիին խորքը, տեսնելու հոն  պահուած ու նստուածք տուած մարդկային այնպիսի հոգեր, ցաւեր ու յոյզեր, որ խլած է իրենց կենսունակութիւնը։ Բնատուր յատկութիւն մը, որով օժտուած են մարդասէրի իտէալներով ու սկզբունքներով առաջնորդուող, անձնուրաց նուիրումով համակուած մեծ հոգիները։

            Անոնք, որոնք մարդկային հոգիի անսահմանութեան մէջ կրնան գտնել ուրիշներու համար աննշմարելի գեղեցկութիւններ, որ մարդոց կ՝առաջնորդէ դէպի բարին ու գեղեցիկը, արմատական փոփոխութիւն մը ներմուծելով իրենց զգացումներուն եւ հոգեբանութեան մէջ։

                Այդ մարդիկը կ՝ըլլան խոնարհ ու համեստ, փառք ու պատիւ չեն փնտռեր, հեռու կը մնան ձեւականութենէն։

            Նոյնիսկ անոնք, երբ հեռանան այս աշխարհէն, իրենց փառաւոր անցեալն ու նուիրական աշխատանքը չի մոռցուիր երբեք։ Պատմութիւնն է, որ կը յիշեցնէ իրենց կատարած գործին ու վաստակին ճիշդ արժեւորումը։

            Եթէ հայ ժողովուրդը ընդունակ է ծնելու հայրենիքի պաշտպան ազգային հերոսներ, նոյնպէս կարող է ծնունդ տալ մարդկային վեհ սկզբունքներով եւ վսեմ յատկութիւններով օժտուած, մեծահոգի հայորդիներու։ Անոնք, որոնք հայ ժողովուրդի եղերական օրերուն հիմնեցին բարեսիրական հաստատութիւններ, անոնք նախախնամական դեր կատարեցին հայ կեանքէն ներս։

            Այն օրերուն, երբ գոյապայքար մղող հայ ժողովուրդին համար ամենէն կենսական հարցն էր՝ պահպանել իր ֆիզիքական գոյութիւնն ու հաստատել իր ինքնութիւնը։

            Ազգային սրբազան այս առաքելութիւնը կատարելու ճիգ չխնայեցին Պօղոս Նուպարներ, Կիւլպէնկեաններ ու Միհրան Գարակէօզեաններ, որոնք թուրքի եաթաղանէն եւ անապատի սարսափէն վերապրած հողմացրիւ հայ բեկորներուն, շուարած ու ահաբեկ բազմութիւններուն, ցնցոտապատ որբերուն ու կիսաքաղց գաղթական հայ զանգուածներուն, լուսաւոր կեանքի, կամքի ու տեսիլքի տարրեր հայթայթեցին։

            Մեծահոգի ազնուական հայեր, որոնք ակնածանքի եւ հիացմունքի մշտական աղբիւր դարձան իրերայաջորդ սերունդնեուն համար։

            Միհրան Գարակէօզեան Կ. Պոլսոյ ազնուատոհմ ընտանիքի շառաւիղներէն՝ նախահայրերը 1854-56 թուականներուն առեւտրական փոխյարաբերութիւններ մշակած էին Արեւմտեան Եւրոպայի անգլիական եւ ֆրանսական ընկերութիւններու հետ։ Հազիւ վեց ամսական երախայ, կը կորսնցնէ հայրը։ Միհրան եւ չորս տարեկան եղբայրը՝ Արշակ (յետագային ՀԲԸՄ-ի նախագահ) հասակ կ՝առնեն բարեպաշտ մօր ներշնչումներով։ Մայրը իր զաւակներուն մէջ կրցաւ սերմանել Քրիստոնէական հաւատքի սէրը, իրենց մէջ արթնցնելով մարդասիրութեան ու ազգասիրութեան վեհ զգացումներ։

            Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ ազնուահոգի մօր զաւակը։ Ամէն Կիրակի փոքրիկ Միհրանը, երբ մօրը հետ եկեղեցի կ՝երթար, դուրս ելած ատեն իր օրապահիկը կը բաժնէր շրջափակին մէջ նստած աղքատներուն։ Մանուկը մօրմէն ժառանգած էր գթասիրտ ու բարեգութ ոգին։ Իր  մտաւոր ունակութիւններն ու կարողութիւնները կը զարգանային Կ. Պոլսոյ Ռոպերթ գոլէճնոյ մէջ։

            Յետագային, Միհրան Գարակէօզեանի ժառանգած մարդկային վսեմ յատկութիւնը կը դրսեւորուէր իր կատարած բարեգործութեամբ։ Երբ 1921-ին,  կեանքի կը կոչուէր Հաուըրտ Գարակէօզեան Բարեսիրական Հաստատութիւնը ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ զաւկին՝ Հաուըրտի։

            Ազնիւ ու տխրամած ծնողներուն՝ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններու հոգիներուն համար մշտանորոգ այս  ուխտը դարձաւ ցաւի ու մորմոքի սպեղանի։ Անոնք իրենց զաւկի ցաւէն զօրութիւն առնելով, կ՝ուխտեն մարդոց սրտերուն մէջ զօրացնել բարիին յաւերժացման հաւատքը։

            Որդեկորոյս ծնողներուն ցաւին ընդմէջէն ծնունդ առած այս Հիմնարկը, իր գործունէութեան դաշտը կը սկսի Կ. Պոլիսէն, հիմնելով որբանոց Տուն մը, խնամելու անտուն ու անապաստան մնացած հայ մանուկները։ Ապա գործունէութիւնը կը   շարունակէ Փարիզի մօտ դղեակի մը մէջ, ուր Գարակէօզեան ամոլը մեծ հոգատարութեամբ կը խնամէ հայ որբերը մինչեւ 1936թ.։ Այնուհետեւ կ՝անցնի Աթենք։

            Իսկ երբ 1939-ին Ալեքսանտրէթի Սանճաքը կը յանձնուի թուրքերուն, հայ գաղթականներու նոր հոսքը կը հասնի Հալէպ եւ Պէյրութ։ Միհրան Գարակէօզեան անմիջապէս օգնութեան կը փութայ հայ ընտանիքնեուն։

            Հալէպի մէջ սկզբնական շրջանին 1940-ին, հաստատութեան գործունէութիւնը կը սահմանուի Սանճաքէն բռնագաղթուած հայ ընտանիքներուն ու սննդակարօտ դպրոցական աշակերտնեուն ճաշի մատակարարումով։ Այդպիսոի ծրագրի մը դիմումը կատարած էր այդ օրերուն Ալթունեան հիւանդանոցի հիմնադիր մեծահամբաւ անուանի բժիշկ՝ Ասատուր Ալթունեանի անգլիացի Տիկինը։ 1948-ին ընդառաջելով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Զարեհ Եպս. Փայասլեանի առաջարկին, Հաստատութիւնը կը հիմնէ մանկախնամ կեդրոն մը ստանձնելու հայ մանուկներուն առողջապահական հոգատարութիւնը, հայեցի դաստիարակութեամբ առողջ սերունդներ պատրաստելու համար։

Յետագայ տարիներուն հաստատութիւնը լայն գործունէութիւն կը ծաւալէ Սուրիոյ տարածքին հայահոծ շրջաններու մէջ՝ Հալէպէն, Գամիշլի, Տերիք Հասաքէ, Ռաս Ալայն, Լաթաքիա եւ Քեսապ։

Հաստատութեան ազգանուէր ծառայութիւնը նպատակաուղղուած էր բարելաւելու բռնագաղթուած հայերուն կեանքի պայմանները, օգտակար հանդիսանալով կարօտեալ ընտանիքներուն։

Հիանալի էր մարդասիրութեան սկզբունքներով առաջնորդուող հայուն՝ Միհրան Գարակէօզեանի ազգապահպանման, հայութեան վերականգնումի գործին ցուցաբերած հիանալի նուիրումն ու անխոնջ կորովը։ Ազգային բարերարը լաւ ըմբռնած էր հայութեան իրավիճակը։ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բարօրութեան իր ընծայած նախանձախնդրութիւնը, հաւասար է ջերմ ու խոր ազգասիրութեան։

Այդ օրերուն, Հաստատութեան գործունէութիւնը տնօրինելու կոչուած էին բարերարին մերձաւոր հարազատներէն՝ Նուպար եւ Անահիտ Դաւիթեաններ։ Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Նուպար Դաւիթեան գնահատելի նախաձեռնութիւնը ունեցաւ գրի առնելու Գարակէօզեանի գործունէութեան առաջին յիսուն տարիներու համապարփակ պատմութիւնը, երկու անտիպ հատորներու մէջ։  The Story of  The Howard  Karagheusian Philanthropic Venture, 1921 –  1971 the first 50 years by Noubar K. Tavitian, (Director 1922 – 1974).   «If the grain dies, it bringeth forth much fruit.» (St. John 12.24):

Յիշատակներու վաւերական արժէք ներկայացնող երկարաշունչ այս ժողովածուները, պարզ ու բովանդակալից ոճով կը ներկայացնեն Գարակէօզեան ընտանիքի պատմութիւնը, հաստատութեան գործունէութիւնը՝ Պոլիսէն Ֆրանսա Աթենք, մինչեւ Սուրիա Լիբանան, ուր կը գտնենք հայ կեանքի մասին մանրամասն տեղեկութիւններ՝  վաւերական փաստերով ու թուականներով։

Հոն ամփոփուած է ամբողջ ժամանակաշրջանի մը պատմութիւնը, իր բազմակողմանի երանգներով։ Ծաւալուն աշխատանք մը, գրի առնուած է հաւատարմօրէն, պատմական իրադարձութիւններու արժէքաւոր ժառանգութեամբ, որ կը մնայ որպէս ժամանակի պատմահասարակական ճշմարիտ վաւերաթուղթ, Սփիւռքի պատմութեան բերելով իր իւրայատուկ շեշտը։

Գրողին շօշափած նիւթերը եղած են Գարակէօզեան հաստատութեան հետաքրքրութիւններուն ու մտահոգութիւններուն գլխաւոր առանցքը, եւ միաժամանակ կը բացայայտեն հայութեան այդ օրերու հասարակական կեանքին ծալքերն ու տիրող իրավիճակը։

Նուպար Դաւիթեան վաւերագրական աշխատութիւնը կը նկարագրէ իրականութիւն մը, որ հարազատ պատկերն է յետ եղեռնեան սերունդին։ Սերունդ մը, որ կը ձգտէր հաստատել իր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը հիւրընկալ երկիրներու մէջ։ Հեղինակը ստոյգ փաստերու եւ դէպքերու հմուտ շարադրանքով, կրցած է նրբօրէն իմաստաւորել ժամանակաշրջանի դէպքերն ու եղելութիւնները։

Ամէն դարաշրջան ունի իր իւրայատկութիւնը։ Մեր դարու բնորոշ յատկութիւնը շտապելն է, չի սիրեր խորանալ հարցերու մէջ։ Ոչ ոքի միտքէն կ՝անցնի քրքրել արխիւները՝ անցնող տասնամեակներու պատմութիւնը, անյայտ նիւթեր յայտնաբերելու համար։ Որովհետեւ յայտնաբերուած ու շրջանառութեան մէջ դրուած նիւթերը ընդհանրացնելը աւելի դիւրին է, եւ աւելի ձեռնտու։

Սակայն չմոռնանք, որ անցեալը ժամանակի հասարակական կեանքի անցքերուն եւ անձերուն վրայ լոյս սփռող թանկագին վաւերագիրներու ճոխ մթերանոց մըն է։

Այդ արխիւներուն մէջ յիշուած դէպքերն ու իրողութիւնները կ՝ատայայտեն արտաքնապէս աննկատ թուացող բնաւորութեան այնպիսի ազնիւ գիծեր ու յատկութիւններ, որ կ՝ամբողջացնեն պատմական անձնաւորութիւններու դիմագիծերը։

Հոն կը տեսնենք, ազգանուէր բարերարը որքան հաւատք, սէր ու գուրգուրանք իր հոգիէն բաշխած է հայ մանուկներուն։ Երբ կը կարդանք Լէյլայի յղած հեռագիրը Նուպար Դաւիթեանին՝ Հայրս մահամերձ է, Հալէպի եւ Պէյրութի երախաները թող աղօթեն իրեն համար։«Father is dying» ask children Aleppo and Beirut pray for him» (page 438).

Ազնուական հայորդին՝ Միհրան Գարակէօզեան 1948-ի Հոկտեմբերին, երբ կը հեռանար կեանքէն, իր ետին կը թողուր կարեւոր աւանդ մը քաջ հաւատալով, որ իր ցանած սերմերը պիտի ուռճանային իր արժանաւոր դստեր՝ Լէյլայի ջանքերով ու բեղուն գործունէութեամբ։

                                                                             Հալէպ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին